կարևոր
0 դիտում, 10 տարի առաջ - 2014-04-16 10:51
Հասարակություն

Քեսաբահայերին օգնելու համար հաշվեհամար է բացվել. հայտարարություն

Քեսաբահայերին օգնելու համար հաշվեհամար է բացվել. հայտարարություն

 

Սուրիական տագնապի զարգացման հոլովոյթով, սուրիական Քեսապի եւ քեսապահայութեան վիճակուած դժբախտ իրավիճակին, ներխուժման հետեւանք կատարուած տեղահանութեան, զանգուածային գաղթականութեան հետեւանք ստեղծուած ահագնօրէն ծանր կացութեան դիմաց, համայն հայութեան ցուցաբերած սրտակցութեան համար մնալով շնորհակալ, յանուն քեսապահայութեան` համայն հայութեան եւ աշխարհին կը յայտարարենք.

 

- ա.-Քեսապն ու քեսապահայութիւնը սուրիական հայրենիքի ամբողջութեան մաս կազմելով, այսօր ենթարկուած են սուրիական տագնապի ահաւոր հետեւանքներուն:

 

բ.-Սուրիական տագնապին մէջ արտաքին միջամտութիւններու անառարկելի փաստով, հարեւան Թուրքիան աշխարհաքաղաքական նոր ձեւակերպումներով սատար հանդիսացաւ Քեսապի այս իրավիճակի ստեղծման` սեփական հակահայ իր մոլուցքի կոպիտ բացայայտումով, ինչպէս միշտ, այս անգամ օգտագործելով սուրիական տագնապը:

 

գ.-Քեսապահայութիւնը, ինչպէս համայն սուրիահայութիւնը, քաղաքացիական գիտակցութեամբ` հաւատարիմ էր եւ է սուրիական հայրենիքի ամբողջութեան, միասնականութեան եւ առկայ քաղաքական միջոցներով, երկխօսութեամբ, խաղաղութեամբ ու արտաքին միջամտութիւններէ հեռու խնդրի լուծման:

 

դ.-Քեսապի եւ քեսապահայութեան տարաբախտ իրավիճակը մարդասիրական թէ ինչ-ինչ պիտակներու ներքեւ հանրութեան ներկայացնելով, գոյութեան մեր խնդրէն դուրս նպատակներ հետապնդող կողմերը էապէս կը վնասեն այլապէս ծանր իրավիճակի մէջ գտնուող քեսապահայութեան եւ համայն սուրիահայութեան:

 

ե.-Երախտապարտ մնալով մեր ցաւին սրտակից դարձած բոլորին նկատմամբ, կը յայտնենք, որ քեսապահայութիւնը, այժմ Լաթաքիա կեդրոնով, իր ամբողջական կարողականութեամբ արդէն կը գործէ արտակարգ իրավիճակի իր համապատասխան կառոյցներով` «Քեսապահայութեան Վերականգնումի Մարմին» անուան ներքեւ, որ միակ վաւերական իրաւասուն է Քեսապի եւ քեսապահայութեան առնչուած խնդիրներու կարգաւորման եւ յանձանձման:

 

զ.-Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնին հետ համագործակցաբար` «Քեսապահայութեան Վերականգնումի Մարմին»ը ունի օժանդակութիւններ ստանալու իր յատուկ հաշուեհամարը.

 

- Bank: FRANSABANK SAL, Antelias Branch,Lebanon

 

Name of Account: CATHOLICOSSAT ARMEIEN DE CILICIE IBAN:

 

LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501 SWIFT Code: FSAB LB BX է.

 

-Նպատակային է, որ «Քեսապահայութեան Վերականգնումի Մարմին»ին հետ համադրուին Քեսապի առնչուած բոլոր խնդիրները, յանուն ընդհանրական գործի բարեյաջող ընթացքի ապահովման:

 

Վերոնշեալ տրամադրութիւնները հանրութեան ներկայացնելով այժմ գաղթական դարձած քեսապահայութիւնը կ՛ակնկալէ, որ տագնապահար ժողովուրդի գոյութենական խնդիրը չվերածուի անհեռատես քարոզչութեան նիւթի: Քեսապահայութիւնը միահամուռ կառչած է իր դարաւոր հողին, երախտապարտ է համայն հայութեան եւ կը վստահի մեր ժողովուրդի շրջահայեացութեան եւ զօրակցութեան:

 

Յանուն քեսապահայութեան`
Քեսապահայութեան Վերականգնումի Մարմին