ԱՐԱՐ 1
Մօտաւորապէս տարի մը առաջ, կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայոց Աշխարհի արեւելեան դարպասը համարուող Արցախի մէջ: Իրադարձութիւն մը որ պէտք է աղմուկ հանէր, որովհետեւ իր բնոյթով ցնցիչ էր:
Լոս Անճելըսէն արուեստագէտ մը, Հէրի Որբերեան անունով, իրեն նման մօտաւորապէս 20 արուեստագէտներ համախմբեց Շուշիի մէջ՝ «Հող եւ արհեստագիտութիւն» (Land and Technology) ընդհանուր նիւթով «շարժուն» ցուցահանդէս-ծրագրին շուրջ: Գաղափարը գիւտ մըն էր ինքնին: Այսինքն արհեստագիտութիւնը օգտագործելով, կեանքի, ապրող իրականութեան վերածել Հողին (գլխագիր) հետ մեր կապը:
Արհեստագիտութիւնը 21րդ դարու ամէնէն շատ տարածուած եւ ընդգրկուն գաղափարն է, որ ինքնին խարսխուած է գիտական նուաճումներուն վրայ: Մեթոտ մըն է գիտութիւնը, զէնք մը, որուն միջոցով իմաստուն մարդ արարածը կրնայ տոկալ բնութեան ահեղ ուժերու հարուածներուն: Գիտութիւնը առարկայական հասկացութիւն է: Ինչպէս հողը, ջուրը, լեռներն ու դաշտերը: Սակայն ենթակայական է այն զգացումը, որ մեզ կը մղէ սիրելու նոյն այդ հողը, լեռներն ու դաշտերը ու կառչելու անոնց: Այս սէրն ու կառչածութիւնն է, որ տուեալ հողը կը վերածէ Հայրենիքի:
Գիտութեան (առարկայական) եւ հայրենասիրութեան (ենթակայական) այս զարմանալի կապը արուեստի ճամբով արտայայտելու գաղափարին կը միտէր Որբերեանի այս նախաձեռնութիւնը: Տարբեր խօսքով, կը միտէր հարստացնելու մեր պաշտպանական համակարգի զինանոցը՝ արուեստի ու մշակոյթի ճամբով:
Եւ ուրեմն, Շուշիի բարձունքներուն վրայ տեղադրուեցան մարդու հասակով հայելիներ (այնպիսի անկիւնով մը), որոնց նայողը ինքզինք ամբողջ հասակով պիտի տեսնէր ու իբրեւ այդպիսին՝ պիտի տեսնէր… իր իսկ ոտքերը ոչ թէ Լոս Անճելըսի, Թեհրանի, Հալէպի կամ Պուէնոս Այրէսի, այլ… հայրենի հողին վրայ: Այսինքն, հայրենիքի հողին վրայ կանգնելու գաղափարն էր, որ կարտայայտուէր այս ձեւով:
Այլ արուեստագէտ մը, Արցախի բնակիչներու իր լուսանկարած դիմանկարները, մեծ չափերով տպած, զետեղած էր ամայի ու անբնակ շէնքի մը պատուհաններուն մէջ, այս ձեւով կեանք տալով անոր, «բնակեցնելով՚ զայն:
Կային նաեւ լուսանկարները պատանի-պարմանուհիներու (այս անգամ ուրիշ արուեստագէտի մը կողմէ), ձեռքերնին՝ իրենց ծնունդէն կարճ ատեն մը առաջ նահատակուած իրենց ազատամարտիկ հայրերուն լուսանկարը: Լուսանկար, ուր այնքան ակնբախ էին նմանութիւնները հօր եւ զաւակին միջեւ:
Եւ տակաւին կար բուրդ «չպխելու արարողութիւն մը տեղաբնակ կիներու կողմէ, աւանդական «արհեստագիտութեամբ», մեծ վերմակ մը պատրաստելով ու անոր տակ պատսպարելով բոլոր ներկաները: Իսկ այդ վերմակին վրայ ոչ թէ ծաղիկներ կամ նման ձեւեր ու գոյներ պատկերուած էին, այլ՝ Արցախի քարտէսը: Բացատրութեան կարիք չկայ…
Այսինքն, հող-հայրենիքի գաղափարի իրաւ՚ութիւնը, հաւաստիութիւնը արհեստագիտութեան (լուսանկարելով կամ… «չպխելով») ընձեռած միջոցներով ընդգծող նախաձեռնութիւն մըն էր, որ մեր ժողովուրդի հոգեկերտուածքին մէջ ու ազգային դիմագիծին վրայ նոր որակ մը կաւելցնէր, այս անգամ ոչ թէ թնդանօթով-հրթիռով, այլ, արուեստով ու մշակոյթով: Այս բոլորը` թնդանօթ-հրթիռով պաշտպանուած սահմանագիծէն շուրջ 35 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ (այսինքն աւելի մօտ, քան Լոս Անճելըսի բնակարանէս մինչեւ գրասենեակս…), իբրեւ պաշտպանական նոյն այդ ընդհանուր համակարգին մէկ մասը:
Մէկ խօսքով՝ այս արուեստագէտները, իրենց բնագաւառի ու մասնագիտութեան մէջ, ուժի իւրայատուկ զօրահանդէս մը, ցուցադրութիւն մը կազմակերպեցին Շուշիի բարձունքներուն վրայ (*): Սա կատակ չէ:
ԱՐԱՐ 2
Երկու տարբեր առիթներով այցելած եմ Բերձորի (Լաչին) մէջէն դէպի հարաւ հոսող Աղաւնոյ գետին վրայ կառուցուած 3 փոքր ջրելեկտրակայանները (ՀԵԿ): Չորրորդը, աւելի հարաւ, կառուցումի ընթացքի մէջ է, ինչքան տեղեկացայ: Այս ելեկտրակայաններու արտադրած հոսանքը կը միանայ Արցախի ընդհանուր ցանցին, ու այդ ձեւով ալ ուժանիւթ կը հայթայթէ Արցախի բնակարաններուն, դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն, մինչեւ յետին գիւղերուն:
Իսկ ո՞վ չի գիտեր, թէ արհեստագիտութեան այս դարուն, որեւէ տեսակի յառաջխաղացքի բանալին ուժանիւթն է: Ինչ տեսակի ալ ըլլայ ատիկա, հեղուկ, կազային, թէ մետաղեայ լարերով փոխադրուող հոսանքի ձեւով:
Տակաւին երեք տարի առաջ, թերեւս միայն խօսակցութիւններ կային այս ելեկտրակայաններուն մասին:
Իսկ հիմա, գետին ջուրը թափով կիջնէ եւ խողովակներու միջոցով, կը մտնէ ելեկտրակայաններու turbine-ներուն մէջ: Ներսը, այս մեքենաներուն աղմուկը խլացուցիչ է: Իսկ անոնց արտադրած բարիքը՝ գոհացուցիչ: Այսինքն, խօսակցութիւնները անցած են ծրագրումի հանգրուան ու անկէ՝ գործնականին: Արցախի բնակիչներուն՝ ուժանիւթ, իսկ ներդնողներուն՝ եկամուտ, առանց մոռնալու նաեւ քանի մը տասնեակ աշխատատեղերը: Ու այս բոլորը՝ Արցախի մէջ ու Արցախին համար:
Իսկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, ակնբախ է անոր բարեկարգ ու կազմակերպ վիճակը: Բնակարանները բարետես են: Մեծ է թիւը նորակառոյց շէնքերու (թէ՛ բնակարանային եւ թէ գործարարական): Կառուցման ընթացքի մէջ է նաեւ նոր հիւանդանոցը, 15 միլիոն տոլար արժողութեամբ:
Աչքառու է նաեւ զբօսաշրջիկներու աճող թիւը հաշուի առնելու մօտեցումը թէ՛ պետական եւ թէ սեփական մարզի շրջանակներէն ներս: Նորակառոյց պանդոկներ կան (առնուազն չորս) Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ, որոնցմէ մէկը՝ բազմամիլիոն տոլար արժողութեամբ:
Այս բոլորը վկայութիւն են այն հաւատքին, որ ներդնողները ունին: Որովհետեւ ներդրումը կը միտի առաջին հերթին եկամուտ, շահ ապահովել իր տիրոջ: Իսկ ներդրում կատարելու համար անհրաժեշտ է ոչ միայն դրամագլուխ, այլ նաեւ նպաստաւոր պայմաններ, օրինական-առարկայական ըլլան ատոնք, թէ զուտ ենթակայական: Այսինքն հաւատք ու վստահութիւն, որ ներդրումը պիտի արդարացնէ ինքզինք:
Ստեփանակերտէն մինչեւ Վանք գիւղ (Գանձասարի վանքին ստորոտը), Արցախի մէջ, մենք ականատես եղանք այս շօշափելի փոփոխութիւններուն ու զարգացումին, որ իրականութեան մէջ թէ՛ ինքնավստահութեան, թէ՛ վստահութեան եւ թէ մանաւանդ ապագային նկատմամբ հաւատքի արդիւնք է:
ԱՐԱՐ 3
Կիրակի, Սեպտեմբեր 1ի երեկոյեան, Երեւանէն կը հասնինք Ստեփանակերտ եւ պայուսակները «Փարք» պանդոկի մեր սենեակները տեղաւորելէ ետք, կը բարձրանանք Շուշի:
ԼՂՀի անկախութեան տօնին առիթով, Անտրէ Բաբաեւի «Արծուաբերդ» օփերայի առաջին բեմադրութիւնն է՝ Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ընկերակցութեամբ:
Շուշիի Ռէալական դպրոցի շէնքի (կառուցուած 1901-1908 տարիներուն) շրջափակէն ներս բազմութիւն կայ արդէն: Հայաստանի ու Արցախի զոյգ հանրապետութեանց պետական աւագանին ներկայ է՝ վարչապետներով, նախարարներով ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներով: Ակնբախ էր նաեւ ժողովուրդին ներկայութիւնը, մեծ ու պզտիկով: Մարդիկ հոն էին իրենց ճժերով ու պժերով: Նոյնքան ակնբախ էր նաեւ այն, որ օփերայի ամբողջ տեւողութեան, ներկայ մեծ թիւով թիւով երեխաները, պատանիներն ու պարմանուհիները ուշի ուշով հետեւեցան բեմադրութեան:
Գիշեր ատեն, Ռէալական դպրոցի հողէ ընդարձակ բակը լեցուցած աւելի քան հազար հանդիսատեսները, լուսարձակները, նուագախումբը ու մենակատարներու թէ երգչախումբի կատարումները արուեստի ու մշակոյթի սքանչելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Մթնոլորտ մը, որուն յատուկ փայլք տուին թէ՛ մենակատարները եւ թէ բեմադրիչ Դադասեան, որ տուեալ տարածութեան ամբողջական հնարաւորութիւնները օգտագործած էր, բեմական plasticity-ն սքանչելի գիւտերով արտայայտելու համար (**):
Կիսաւեր ու կիսափուլ այդ շէնքը վերստին կեանքով, այլ մանաւանդ հայ արուստագէտի ստեղծագործ մտքի գիւտերով մերթ կը կը թրթռար, մերթ կը թնդար, գերիրապաշտ պատկեր մը ստեղծելով:
Ֆիլհարմոնիքի հնչիւններուն ընդմէջէն, խուլ պէտք էր ըլլալ «չլսելու» համար Բերձորի turbine-ներու համանուագը եւս: Կարծէք 40 քիլոմեթր հեռուն, այդ խուլ ձորին մէջ, իրենց հսկող-չափող վահանակներուն դիմաց նստած ու մրոտ-իւղոտ ափերով մասնագէտ բանուորները իրե՛նք եւս կը մասնակցէին ՙԱրծուաբերդ՚ի յաղթական բեմադրութեան, այս անգամ հեռակայ կարգով:
Չեմ գիտեր, թէ արդեօք պատասխանատուները հրաւիրատոմս ուղարկա՞ծ էին նախագահ Ալիեւին: Բայց իմ անկեղծ փափաքս էր զինք հոն տեսնել այդ գիշեր: Ան վստահաբար այցելած է իր ու մեր բանակի շփման գիծերը ու հեռադիտակով ստուգած մեր թնդանօդներն ու ամրութիւնները: Լաւ կըլլար, որ այս անգամ անձամբ տեսնէր մեր արուեստի՛ զինանոցը նաեւ (ու վերջնականապէս համոզուէր կարգ մը իրականութիւններով):
***
Երկու օր ետք, Երեւան վերադարձի մեր ճամբուն վրայ, դարձեալ Շուշի կը մտնենք, այս անգամ այցելելու համար նորակառոյց թանգարան-պատկերասրահը (որուն ճարտարապետին անունը կը վրիպի յիշողութենէս. ափսոս):
Որո՞ւ մտքէն կրնայ անցնիլ, որ համաշխարհային զբօսաշրջութեան քարտէսին վրայ փոքրիկ կէտ մը միայն հանդիսացող Շուշիի այս պատկերասրահին մէջ կրնան գտնուիլ Ժանսեմի, Գառզուի ու շատ ու շատ մեծերու, մինչեւ իսկ անծանօթ մեքսիքացի ու անյայտ եթովպիացի նկարիչներու կտաւները: Պահ մը եթէ երեւակայութեան ձեր պաստառէն դուրս հանէք ցուցադրուած գործերը, այդ հնամեայ շէնքի արդի ճարտարապետական կառոյցը ինքնին արուեստի գլուխ գործոց մը կարելի է համարել (կրկին ներողութիւն կը խնդրեմ ճարտարապետէն, իր անունը մօտս արձանագրած չըլլալուս համար):
Ճամբան անխուսափելիօրէն կանցնի Բերձորէն, անոր ջրելեկտրակայաններու մօտէն: Այս անգամ անոնց turbine-ներու միօրինակ հռնդիւններուն մէջէն կը լսուին Ֆիլհարմոնիքի ջութակներուն մեղմ մեղեդիները եւ փող ու թմբուկներուն յաղթական կշռոյթը:
Արցախի մէջ, մշակոյթն ու արհեստագիտութիւնը սքանչելի համաչափութեամբ մը համադրուած են մեր պաշտպանական համակարգէն ներս: Սա եւս կատակ չէ:
***
Հող եւ արհեստագիտութիւն: Հէրի Որբերեան գեներալ» -արուեստագէտը իր նախաձեռնութեան համար աւելի ճշմարիտ ու աւելի հզօր թեմա չէր կրնար ընտրել:
(*) Դժբախտաբար, օրին այս արուեստագէտներու «զօրահանդէսը» համապատասխան ու խորքային վերլուծումի չենթարկուեցաւ հայրենի մամուլին կողմէ: Եղած արձագանգն ալ չորուցամաք լրատուութենէն անդին չանցաւ: Այս կէտին վրայ անհրաժեշտ կը նկատենք գէթ անոնց անուններու նշումը մեր կողմէ.- Աշոտ Աւագեան, Գերման Աւագեան, Չարլի Խաչատուրեան, Սամուէլ Սաղաթէլեան, Սահակ Պօղոսեան, Սիւզան Խարտալեան, Կիկի, Սեւ, Մէյրի Մուն, Յարութիւն Զուլումեան, Ազատ Սարգիսեան, Արա Օշական, Վաչակ Տէր Սարգսեան, Ալեքսէյ Մանուկեան, Մհեր Ազատեան, Գագիկ Ղազանչեան, Էվա Յարութ, Համլէթ Յովսէփեան եւ Հէրի Որբերեան:
(**)Մեր նպատակը չէ «Արծուաբերդ» օփերային քննարկումը կատարել հոս: Մեր մասնագիտութենէն շատ հեռու է այդ մէկը: Ատիկա երաժշտագէտներու գործն է: Սակայն Հայաստան կեցութեանս այդ օրերուն, ես նման քննարկումի չհանդիպեցայ մամուլին մէջ, որ ըստ իս, պէտք է յագեցած ըլլար արցախեան այս իւրայատուկ տօնախմբութեան խորքային վերլուծումով: Իսկ եթէ նման յօդուած-քննարկում մը վրիպած է ինձմէ, կապաւինիմ մասնագէտ յօդուածագրի ներողամտութեան:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ