Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սեպտեմբերի ընթացքին համայն հայութիւնը ապրեցաւ ուրախ օրեր: Անդրադարձանք, որ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հայկական պետական միաւորներ (մէկը միջազգային քաղաքական ընտանիքին կողմէ ճանչցուած, միւսը` ոչ), կը շարունակէին գոյութիւն ունենալ ամբողջ քսանամեակ մը` առանց ընդհատումի: Տեղի ունեցաւ հպարտութիւն առթող զինուորական տողանցք, Հայաստան-սփիւռք բազմամարդ խորհրդաժողովով տեղի ունեցաւ համահայկական ընդլայնուած հանդիպում, բազմաթիւ գաղութներու մէջ տեղի ունեցան յատուկ հանդիսութիւններ: Հնչեցին շնորհաւորութիւններ, գովասանքներ ու ինքնագովասանքներ, քննադատութիւններ եւ ինքնաքննադատութիւններ. մէկ խօսքով` տեղի ունեցաւ ամէն ինչ, որ տեղի կ՛ունենայ բոլոր ազգերու, ժողովուրդներու եւ պետութիւններու պարագային: Հայութիւնը բնականոն հաւաքականութիւն դառնալու վրայ է: Ասիկա՛ ալ ինքնին ուրախութիւն պատճառող երեւոյթ է. բնականոնացող հաւաքական հոգեվիճակ, որուն համար անկասկած պարտական ենք հայկական անկախ պետութեան գոյութեան: Այս բոլորէն դուրս ակնբախ էր նաեւ հետեւեալ երեւոյթը: Քննադատական երբեմն շատ սուր արտայայտութիւնները կը տեղային քննադատուողներու ներկայութեան, անոնց դիմաց եւ առանց անոնց անմիջական հակազդեցութիւններուն արժանանալու: Կարելի՞ էր այսպիսի կացութիւններ երեւակայել քսանամեակ մը առաջ: Ասիկա կարեւոր նուաճում է հայութեան մէջ հանդուրժողականութեան մթնոլորտ ստեղծելու տեսանկիւնէն: Իսկ դիմացինին կողմէ քննադատութիւններուն հանդէպ հանդուրժողական կեցուածքի որդեգրումը ժողովրդավարութեան մայրն է: Հետեւաբար մեր կացութիւնը այնքան ալ յուսահատական չէ, որքան ալ ներկան խիստ քննադատելի կողմեր ունենայ: Ժողովրդավարութիւնը, անշուշտ, խնդիրներէն մէկն է միայն: Կայ տնտեսութիւնը, կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, ճարտարարուեստը, գիւղատնտեսութիւնը, քաղաքաշինութիւնը, աշխատանքային շուկան, պաշտպանութիւնը. ամփոփ` ամբողջ պետական գործը, որ իր ներկայ արդիւնքով քաղաքացին կը մղէ դէպի արտագաղթ: Մեր երկրի մերօրեայ հիմնական ցաւերը ամփոփուած են այս բառին մէջ. արտագաղթ: Արտագաղթ եւ ծննդաբերութիւններու թիւի անկում: Այսինքն` ժողովրդագրական թիւերու բացասական հոլովոյթ, որ կը սպառնայ պետութեան ապագայ գոյութեան: Ներկայ ընթացքի շարունակութեան պարագային հայութեան հակառակորդներուն ու թշնամիներուն համար համբերութիւնը բաւարար է, որպէսզի վերջաւորութեան անոնք յաղթական դուրս գան հայութեան դէմ իրենց մղած դարաւոր կռիւէն: Հետեւաբար արտագաղթի երեւոյթին վերացումը, ինչ որ կը նշանակէ Հայաստանի բոլոր տեսակի թերութիւններու վերացումը, հրամայական է ապահովելու համար հայկական անզուգական օրրանի ապագայ գոյութիւնը: Տօնական այս օրերուն առիթը ունեցանք բազմաթիւ անգամներ լսելու, թէ հայոց ներկայ պետութիւնը հայութեան բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերման հիմնական մեկնակէտն է: Ասիկա բացարձակ ճշմարտութիւն մըն է: Սակայն այստեղ պէտք չէ ակնկալել, որ հայոց պետութիւնը հայութեան իղձերու ամէնօրեայ հրապարակային արտայայտիչը ըլլայ: Ազգային հաւաքական իղձերը այս կամ այն ձեւով, լրիւ կամ պակասաւոր, արտայայտուած են մէկէ աւելի պաշտօնական թուղթերու մէջ. անկախութեան հռչակագիր, սահմանադրութիւն, ազգային անվտանգութեան հայեցակարգ: Պետութեան համար գոյութիւն ունին սահմանափակումներ, ինչպէս ոչ պետական կառոյցներու առջեւ կան այլ տեսակի արգելքներ: Ինչ որ մէկը չի կրնար ընել, կրնայ ընել միւսը: Դերերու բաժանումը աշխատանքի ամէնէն առողջ դրութիւնն է: Կարեւոր է սակայն նախապէս հասնիլ ազգային հասարակաց նուազագոյն նպատակներու շուրջ համահայկական համաձայնութեան մը: Այս տրամաբանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ հայութեան ուժերը պէտք է կեդրոնանան կարեւոր ենթանպատակի մը վրայ. մեկնակէտի` այսինքն հայկական պետութեան հզօրացումին վրայ` կարելի բոլոր մարզերուն մէջ: Աշխատանքի եւ միջոցներու տրամադրութիւն` նպաստելու համար այդ հզօրացման: Հայաստանի մէջ յոռի երեւոյթներու քննադատութիւն` մեկնելով դրական կիրքէ. քննադատական կիրքին դրական ըլլալը բոլորին կողմէ յստակօրէն տեսանելի պէտք է ըլլայ. այլապէս` բան մը սրբագրելու նպատակով նոյնքան ու աւելի կարեւոր բան մը վտանգելը անիմաստ ժամավաճառութիւն է:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ