կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-18 10:58
Հասարակություն

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ըստ Արժանւոյն Նշումէն Ետք Դէպի Նոր 100-ամեակ Անցում Կատարեցինք Ուրախալի Եւ Հպարտալի Նորութիւններով. Գառնիկ Մկրտիչեան

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ըստ Արժանւոյն Նշումէն Ետք Դէպի Նոր 100-ամեակ Անցում Կատարեցինք Ուրախալի Եւ Հպարտալի Նորութիւններով. Գառնիկ Մկրտիչեան

2018 թուականը յատկանշական եղաւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար, որովհետեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի ողջ տարածքին փառաշուք կերպով նշուեցաւ միութեան մէկ դար թեւակոխումը` իր հիմնադիրներուն առաքելութիւնը լաւապէս կատարածի գոհունակութեամբ, նաեւ` հաստատակամ քայլերով, պատանիներու ու երիտասարդներու կուռ շարքերով, միութենականներու հաւատարիմ ծառայութեամբ դէպի նոր դար ուղղուիլը: 2019 թուականը եւս նուազ կարեւոր չեղաւ, որովհետեւ միութիւնը Արցախի մէջ հիմը դրաւ իր մասնաճիւղին, երիտասարդական բաժանմունք հաստատելու ծրագիրներ մշակեց, Փարիզի, Ալմելոյի եւ Սթոքհոլմի մէջ հողաշերտեր տրամադրուեցան ՀՄԸՄ-ին, որպէսզի անոնց վրայ հիմնէ իր կեդրոնները, իսկ Այնճարի մէջ ՀՄԸՄ-ը ունեցաւ իր սեփական բանակավայրը: Գործունէութեան եւ երթի շարունակութիւնը ակնյայտ է ու յուսադրող:

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն ընդհանուր արժեւորումը կատարելու, ներկայ ծրագիրներուն մասին խօսելու, ինչպէս նաեւ ապագայ տեսլականին ծանօթանալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Բոլորս ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս ՀՄԸՄ-ը իր հարիւրամեակը նշեց փառաշուք կերպով ամբողջ աշխարհի տարածքին, հոն, ուր ՀՄԸՄ-ական մը գոյութիւն ունի: Այսօր մէկ դարու պատմութիւնը արդէն անցեալին յանձնուեցաւ, վստահաբար, առանց իր արժէքէն բան մը զիջելու, թեւակոխեցինք նոր հարիւրամեակ: Նախ անդրադառնանք տօնակատարութիւններուն ձգած արձագանգին, ապա խօսինք ամիսներ առաջ գումարուած ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան լիագումար նիստին մասին, որ առաջինն էր 100-ամեակի փուլէն ետք: Ի՞նչ էին հիմնական ուղղութիւնները, արժեւորումները եւ հեռանկարները: Նաեւ լիագումարին զուգահեռ հետաքրքրական էր երիտասարդական համագումարը, ի՞նչ արդիւնքով  եզրափակուեցաւ:

ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Նախ ընդհանուր ակնարկով մը ըսենք, որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը աշխարհի տարածքին նշուեցաւ փառաշուք կերպով: Ճիշդ է, որ նախորդ տարուան յուլիսին տեղի ունեցան կեդրոնական ձեռնարկները Հայաստանի մէջ, բայց եւ այնպէս նոյեմբերէն մինչեւ մարտ ամիսները արդէն իսկ 26 երկիրներու մէջ միութեան 100-ամեակը նշուեցաւ ըստ արժանւոյն: Վերջինը Միւնիխի մէջ էր, 28 մայիսի ծիրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով:

Առիթը կ’ուզեմ օգտագործել մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին` Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ ո՛չ միայն իր հովանաւորութիւնը տուաւ, այլ կոնդակ շնորհեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով, եւ, ինչպէս գիտէք, Լիբանանի եզրափակիչ ձեռնարկին միութեան շնորհեց «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանը, որ յատկանշական է միութեան պատմութեան մէջ: Դարձեալ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք վեհափառ հօր, որ իր հայրական մօտեցումով միշտ ալ այս միութեան զօրավիգ կանգնած է:

Մեր վերջին լիագումարը, որ տեղի ունեցաւ մայիսին, որոշեցինք կապել Երիտասարդական առաջին համագումարին: Երկու օր ունեցանք մեր քառամեակի վերջընթեր լիագումարը, քննարկեցինք քառամեակի կիսատ մնացած հարցերը, 100-ամեակի բոլոր ձեռնարկները, համագաղութային բանակումը, ինչպէս նաեւ` զանազան հարցեր, որոնց կարգին մեծ տեղ կը գրաւէ միութեան կազմակերպական վիճակը: Որոշուեցաւ թուականն ու վայրը Պատգամաւորական ժողովին:

Անոր յաջորդեց երիտասարդական համագումարը, որուն միտք բանին այն էր, որ 18-30 տարեկան տղաքը հաւաքել եւ անոնց հետ մտքերու փոխանակում կատարել, քով քովի բերել այս տարիքի այն ՀՄԸՄ-ականները, որոնք ներկայիս տարազաւոր չեն, մարզիկ չեն, վարչական աշխատանքներ չեն տանիր, սակայն կը մնան միութենական, կարելի է ըսել` ոչ շատ աշխուժ: Անոնք, մեր աւանդական դրութեամբ, տարեկան իրենց ցենզը կը վճարեն եւ Ընդհանուր ժողովին ներկայ կ՛ըլլան, այլ ճշգրիտ աշխատանք չունին տանելիք: Ըսեմ, որ նախորդ Պատգամաւորական ժողովին որոշումներէն էր երիտասարդական բաժանմունք մը ունենալ: Ասիկա տարիներու վրայ երկարած հարց էր եւ առաջադրանք` սկաուտականին եւ մարզականին կողքին ունենալ երիտասարդական բաժին:

Այս Կեդրոնական վարչութիւնը զանազան առիթներով խօսած էր այս մասին, սակայն նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի աշխատանքներով կլանուած էինք, ստիպուեցանք վերջին տարուան ձգել այս մէկը: Կարելի է ըսել, որ իր ձեւին եւ ընտրուած ժամկէտի իմաստով բաւական յաջող եւ արդիւնաւէտ էր: 18 երկիրներ ներկայացնող ՀՄԸՄ-ական երիտասարդներ հաւաքուեցան Աթէնք` հեռաւոր Աւստրալիայէն, Արժանթինէն, Ամերիկաներէն, Քանատայէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն: Տղաքը եկան քննելու` ՀՄԸՄ-ը ո՛ւր տեսնել 100-ամեակէն անդին, հիմնականին մէջ երկու հիմնական բնագաւառներ նկատի ունենալով` մարզական եւ սկաուտական. տրուեցան երկու շատ գեղեցիկ եւ արժէքաւոր դասախօսութիւններ, որոնք կը վերաբերէին կազմակերպական մեր իրավիճակին եւ գաղութներու հայեցի դիմագիծի պահպանման: Կար դասախօսութիւն մըն ալ, որ կ՛անդրադառնար գաղութներու դժուարութիւններուն, Հայաստանի մէջ հարցերուն, զորս ՀՄԸՄ կը դիմագրաւէ: Երկու օրերու ընթացքին շուրջ 42 երիտասարդներ, որոնք նաեւ ընտրեցին իրենց դիւանը, քննարկեցին միութեան ներկային ու ապագային առնչուած տարբեր հարցեր, Կեդրոնական վարչութիւնը այդ համագումարին դիտորդի կարգավիճակ ունէր պարզապէս: Ժողովականները աւարտին ընտրեցին երեք անձեր, մէկը արեւմտեան շրջանէն, իսկ երկուքն ալ` Լիբանանէն: Այս երեք ՀՄԸՄ-ականները Պատգամաւորական ժողովին պիտի մասնակցին խորհրդակցական ձայնով` ներկայացնելով երիտասարդական համագումարէն բխած առաջարկ-բանաձեւերը, առաջին անգամ ըլլալով երիտասարդութեան ձայնը առանձին լսելի դարձնելով: Ըսեմ, որ մենք ոչ մէկ ատեն երիտասարդութեան ձայնը խափանած էինք, անոնք կրնային իրենց մասնաճիւղերէն իսկ իրենց ըսելիքը հասցնել Պատգամաւորական ժողով, սակայն ասիկա հանգրուան մըն էր, որ երիտասարդական յատուկ բաժանմունքի ստեղծում կատարուի: Ապագային ասիկա պիտի օգտագործուի իբրեւ միջոց` միութիւնը աւելի աշխուժացնելու եւ մեր երիտասարդութիւնը մեր շուրջ պահելու, մանաւանդ` այն երիտասարդութիւնը, որ տարիքի բերումով ընելիք չ՛ունենար, հակառակ անոր որ ինք աշխուժ է, ատակ ու պատրաստ` միութենական աշխատանք ծաւալելու:

«Ա.».- ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկները թէեւ եզրափակուեցան, օրին մեր էջերով լայնօրէն անդրադարձանք բոլորին ալ, սակայն բոլորին մտքերուն մէջ յատկանշական ձեւով փորագրուած մնաց Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը` իբրեւ տարողութիւն, կազմակերպուածութիւն եւ միութենականութեան մարմնաւորում: Կեդրոնական վարչութիւնը ինչպէ՞ս արժեւորեց այս հսկայական աշխատանքը, որ ո՛չ միայն յաջողութեամբ պսակուեցաւ, այլ իր դրական անդրադարձը ունեցաւ նոյնիսկ միութենական կեանքին հետ ուղղակի առնչութիւն չունեցող շրջանակներու ու անհատներու վրայ, հայաստանեան իրականութեան մէջ ալ, ուր ՀՄԸՄ-ը այնքան ծանօթ չէ, որքան` սփիւռքի, դրական արձագանգներ լսուեցան:

Գ. Մ.- Ճիշդ ես, իսկապէս արձագանգը բաւական դրական էր: Թիւը, որ աննախընթաց էր, իր կշիռն ու ազդուութիւնը ունէր այս տարի, անիկա հասաւ 1300-ի` խմբապետական կազմով ու նախկին խմբապետներով: Բազմաթիւ բանակումներ կազմակերպուած են, սակայն այսքան թիւ չէր արձանագրուած: Ըսեմ, որ մեր բանակումներուն ընդհանրապէս լաւ անդրադարձ կատարուած է, սակայն 100-ամեակի ծիրին մէջ ըլլալը մեծ տարողութիւն տուաւ բանակումին: Պէտք է ըսել, որ նշանակուած խմբապետական կազմը, որուն մէջ քոյրերու ներկայութիւնը բաւական լաւ երեւոյթ էր, մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ, թէեւ անոնք բաւական երիտասարդ էին, ոմանք գրեթէ փորձառութիւն չունէին, սակայն Կեդրոնական վարչութեան կողքին մեծ ու յաջող աշխատանք տարին: Այդքան մեծ թիւով բանակողներ ղեկավարելը դիւրին չէ: Պահ մը երեւակայեցէք, որ 26 պաս պէտք է շարժել իւրաքանչիւր աշխատանքի համար, օրական 5000 կտոր պնակ-գաւաթի կարիք կար միայն իւրաքանչիւր նախաճաշի կամ ճաշի: Կար նաեւ այն, որ դաստիարակչական բաւական լաւ ծրագիր մշակուած էր` Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած յատկապէս: Պէտք է խոստովանիլ, որ բաւական դժուարութիւններ ալ ունեցանք, Կեդրոնական վարչութիւնը իր լիագումարին քննեց բոլոր մանրամասնութիւնները եւ պիտի տանի Պատգամաւորական ժողով:

«Ա.».- Վերջերս Հայաստան այցելեցինք, հանդիպում ունեցաք իշխանութեան երկու պետերուն հետ: Յատկանշական է, որ Հայաստանի մէջ թէեւ իշխանութիւն փոխուեցաւ նախորդ տարի, սակայն ՀՄԸՄ-ին հետ գործակցութիւնը շարունակուեցաւ: Ներկայիս ի՞նչ է ՀՄԸՄ-ի պարզած իրավիճակը Հայաստանի մէջ, միութեան աշխատանքները աւելի ընդարձակելու ծրագիրներ կա՞ն:

Գ. Մ.- Այստեղ կ՛ուզեմ երկու բանի անդրադառնալ, թէեւ անոնք անջատ են իրարմէ, սակայն նաեւ կապուած են: Առաջինը այն է, որ պէտք է երթայինք եւ մեր շնորհակալական զգացումները արտայայտէինք երկու պետերուն` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն մէկուն նախագահութեան, միւսին ներկայութեան համար, նաեւ` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որ իր հովանաւորութիւնը տուած էր մեր նախաձեռնութիւններուն` Արամ Ա. կաթողիկոսին կողքին: Ասկէ բացի` մենք խօսեցանք զանազան հարցերու մասին: Ըսեմ, որ իշխանութեան հետ մեր կապը առաջին օրէն ստեղծուեցաւ, ժողովրդային շարժումէն անմիջապէս ետք, երբ Հայաստան տակնուվրայ վիճակի մէջ էր տակաւին, մենք պետական այրերուն հետ հանդիպումներ ունեցանք. երկրին նախագահն ու վարչապետը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին: Սակայն տակաւին ունէինք տարբեր դժուարութիւններ` կապուած այն իրավիճակին, որ մենք ծրագրաւորման աշխատանքները կատարած էինք այլ պատասխանատուներու հետ, իսկ ձեռնարկներու սեմին արդէն նորերու հետ գործելու կացութեան մէջ էինք: Հոս յիշենք պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, որ ոչ մէկ ատեն ՀՄԸՄ-ի որեւէ նախաձեռնութիւն մերժած է, իսկ 100-ամեակին ձեռնարկներուն լրիւ զօրակցած էր մեզի: Մենք խորհրդակցեցանք նաեւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է համագործակցութիւն ստեղծել ՀՄԸՄ-ի տղոց եւ բանակի առաջին դասարանի զինուորներուն միջեւ: Նախարարը բաւական լուրջ ծրագիրներու մասին խօսեցաւ` մեր բանակավայրին մէջ իրագործելի, տարրական դաստիարակութիւնը տալու մեր երիտասարդութեան:

Երկրորդ հարցով մենք հանդիպում ունեցանք գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան կազմին հետ` տեղեկացնելով, որ նախորդ իշխանութեան օրով մենք արտօնութիւն առած էինք դպրոցներուն մէջ աշխատանք տանելու: Նախարարին բացատրեցինք, որ սփիւռքի մէջ գործած ենք առանց կեդրոններու, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու բակերուն մէջ, ուստի հայրենիքի մէջ եւս այդ բակերը արձակուրդի օրերուն կամ շաբաթավերջերուն օգտագործելու նպատակով դիմում կատարեցինք: Մենք այս առնչութեամբ սկզբնական համաձայնութիւն ստացած էինք, սակայն նոր շրջանին համար եւս պէտք էր անիկա ամրապնդուէր: Գիտութեան եւ կրթութեան նախարարը գործակցութեան պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց, քննարկեցինք կարելիութիւնները, նոյնիսկ դասապահերուն «Առողջ միտք, առողջ մարմին» գաղափարախօսութեան անդրադառնալու մասին խօսեցանք, սակայն որոշում մը չտրուեցաւ, այլ հարցերն ու առաջարկները  տակաւին քննելի են:

Բայց այստեղ կայ մեր հիմնական դժուարութիւնը: Այսօր Երեւանի մէջ արդէն ունինք 700 սկաուտ. Հայաստան գտնուած օրերուս ներկայ եղայ միջվարչական ժողովի մը. կարելի է հաստատ ըսել, որ արդէն բաւական բան փոխուած է, թէեւ հիմնական աշխատանքը կը տանին սփիւռքահայ ծնողները, սակայն հայաստանցի ծնողներուն մտայնութեան մէջ ալ փոփոխութիւն կայ, անոնք արդէն սկսած են վստահիլ միութեան, 10 տարի առաջ նման բան շատ քիչ էր: Ասիկա շատ լաւ եւ ողջունելի է: Պէտք է ըսել նաեւ, որ սփիւռքահայու եւ հայաստանցիի տարբերութիւն չկայ արդէն միութեան մէջ, անոնք կ՛աշխատին կողք կողքի: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան մէջ կան երեք հայաստանցիներ, իսկ մնացեալը սփիւռքահայեր են` սուրիահայ, լիբանանահայ, իրաքահայ ու պարսկահայ: ՀՄԸՄ-ի դրօշին տակ մենք կը փորձենք բոլորը համախմբել, որպէսզի չըլլայ խտրականութիւն եւ երկուութիւն: Դժբախտաբար Հայաստանի մարզերուն մէջ դժուարութիւնը տակաւին կը յամենայ, բայց մենք սկսած ենք նաեւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքի, եւ կը կարծեմ, որ մօտիկ ապագային կազմակերպական շատ աւելի արագ գործունէութեան պիտի սկսինք, որովհետեւ սկաուտութիւնը այսօր այն չէ, ինչ որ էր անցեալին. այսօր դարձած ենք կազմակերպական մեքենայ, որ կը գործէ վարչութիւններով ու յանձնախումբերով, ինչպէս` սփիւռքի մէջ: Այս փոփոխութիւնը կրցանք ընել Հայաստանի մէջ, ինչ որ իսկական յաջողութիւն կը նկատուի: Տայ Աստուած, որ այս պետութենէն ստանանք անհրաժեշտ օժանդակութիւնն ու դիւրութիւնը, որովհետեւ եթէ կարենանք հաւաքավայրեր ունենալ, յառաջիկայ չորս տարիներուն Հայաստանի մէջ մեր թիւը ոչ թէ կը կրկնապատկուի, այլ կարելի է ըսել, կը քառապատկուի:

«Ա.».- Դժբախտաբար անհերքելի իրականութիւն դարձած է այն, որ երիտասարդական կառոյցները սկսած են իրենց դռները փակել կամ անոնց անդամներուն թիւը կը նօսրանայ, երիտասարդները քիչ-քիչ կը հեռանան: Բայց պարագան նոյնը չէ ՀՄԸՄ-ին, միութիւնը նոր դռներ կը բանայ, Երիտասարդական բաժանմունքի ստեղծման կը նախաձեռնէ, զանազան ձեւերով կը շարունակէ իր երդիքին տակ երիտասարդներ համախմբել: Ի՞նչ է ասոր գաղտնիքը:

Գ. Մ.- Հաւատքը իր մեծ դերը ունի, կայ նաեւ այն գաղտնիքը, որ միութեան շարքերուն մաս կազմողը գրեթէ դուրս չի գար անկէ, թէկուզ դառնայ ոչ գործօն: Այս գաղտնիքը ես հետեւեալ ձեւով վերլուծած եմ. հաւանաբար իրարու քոյր-եղբայր բառով դիմելը ընտանեկան գաղափարը կը դրոշմէ, իսկ ընտանիքը միշտ տարբեր է: Կայ նաեւ պատմական անցեալը այս միութեան, որ իր աշխատանքներուն սկսած է որբախնամ առաքելութեամբ, իրարու քով բերած է որբերը, որոնք քոյր-եղբօր նման ապրած են, իսկ ժամանակի ընթացքին միութիւնը տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ: Մենք` անոնց յաջորդները, կը շարունակենք քոյր եւ եղբայրներ ըլլալ, միութենականներ երբ քով քովի գան, որքան ալ օտար ըլլան ու անծանօթ, շուտով կը մտերմանան ՀՄԸՄ-ի երդիքին տակ: Ասիկա միութեան գաղտնիքն է, իսկ մենք այդ գաղտնիքով կը յառաջանանք:

Ճիշդ ըսիր` մեր թիւը նուազած չէ, կարգ մը գաղութներու մէջ, պայմաններու, տեղաշարժի բերումով, յատկապէս` Միջին Արեւելքի պարագային, պակսած է թիւը, սակայն այլ գաղութի մէջ աւելցած է` Եւրոպա, Քանատա, Աւստրալիա, Շուէտ եւ Միացեալ Նահանգներ: Այս կը նշանակէ, որ միութեան շարքերուն մէջ եղողը կը շարունակէ մնալ հոն, նոյնիսկ եթէ երկիրը փոխէ: Ասոր հիմնական բացատրութիւնը այն է, որ կրցած ենք ՀՄԸՄ-ի շունչն ու ոգին փոխանցել իրերայաջորդ սերունդներու, ինչ որ մեզի համար հպարտութիւն է: ՀՄԸՄ-ը մասնաճիւղ չի պակսեցներ, այլ կ’աւելցնէ, շատ հազուադէպօրէն մասնաճիւղեր փակուած են, սակայն անոնց փոխարէն` այլ տեղ ծաղկած ենք անպայման:

Հոս շեշտեմ, որ Սուրիոյ մէջ, հակառակ պատերազմական կացութեան, ՀՄԸՄ-ի հինգ մասնաճիւղերը կը շարունակեն գործել, ոչ մէկ մասնաճիւղ դռները փակեց: Ճիշդ է` թիւերը նօսրացան, սակայն ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը ոչ մէկ ընկրկում ունեցաւ, ընդհակառակը, ստեղծեց ՍԵՎԱՄ-ի խաղեր (լիբանանեան ԼԵՎԱՄ-ին նման), իր հովանիին տակ հաւաքեց գործող բոլոր հայկական միութիւնները, որոնք միացան միութեան նախաձեռնութեան շուրջ: Այս առիթով անպայման պէտք է մեր գնահատանքի խօսքը արձանագրենք, հակառակ բազում դժուարութեան, տոկացող եւ իրենց գործունէութիւնը շարունակող սուրիահայ մեր ՀՄԸՄ-ականներուն:

«Ա.».- Այս ծիրին մէջ արժէ անդրադառնալ ընթացիկ տարուան ընթացքին նորաստեղծ մասնաճիւղերուն եւ ՀՄԸՄ-ի առնչուող նոր ծրագիրներուն:

Գ. Մ.- Մեր մեծ ուրախութիւնն է Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնումը: Նախորդող ամիսներուն Արցախի մէջ հանդիպում ունեցանք նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ, որ ի՛նք հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ աշխատանքի չենք սկսիր նաեւ Արցախի մէջ, շեշտելով, որ ՀՄԸՄ-ը պէտք է մտնէ Արցախ, որովհետեւ ինք կը հաւատայ այս միութեան առաքելութեան, կը հաւատայ, որ մեր շարքերուն մէջ հայ պատանին ու երիտասարդը աւելի առողջ եւ յոռի երեւոյթներէ հեռու կը մնան, կը կազմաւորուին:  Մենք արդէն նոյն նպատակով ալ Արցախ գացած էինք: Քանի մը օր առաջ արդէն յայտարարութիւն հրապարակեցինք` տեղեկացնելով, որ Արցախի մէջ արդէն հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 111-րդ մասնաճիւղը: 2 յուլիս 2019-ին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեամբ մը ուղղուեցանք Արցախ, ուր գումարուեցաւ անդրանիկ անդամական ժողով, ու ընտրուեցաւ վարչութիւն:

Ուրախութեամբ ըսեմ նաեւ, որ, ինչպէս մայիս 28-ի փառատօնին յայտարարեցի, Փարիզի Իսի Լէ Մուլինօ քաղաքին մէջ քաղաքապետութենէն ստացանք շուրջ 3000 քառակուսի մեթր հողաշերտ մը` 99 տարուան վարձակալութեամբ, իբրեւ նուէր: Շատ սովորական չէ, որ նման քաղաքի մը քաղաքապետական խորհուրդը վստահութիւն ունենայ ՀՄԸՄ-ին եւ նման նախաձեռնութեան մը դիմէ: Հոն պիտի կառուցուի ՀՄԸՄ-ի Փարիզի կեդրոնը, որ երկար տարիներու երազ էր, որուն համար արդէն ապահովուած էր անհրաժեշտ անձեռնմխելի գումար, որուն վրայ եւս հաւանաբար նոյնքան աւելնայ, որպէսզի ՀՄԸՄ-ը Փարիզի մէջ ունենայ շատ գեղեցիկ կեդրոն` մեծ սրահով, սենեակներով, պասքեթպոլի դաշտով եւ այլն: Ասիկա օտարներուն կողմէ վստահութեան լաւագոյն դրսեւորում է. կը հաւատամ, որ այս կեդրոնը նաեւ Փարիզի հայութեան կեանքին մէջ շատ բան պիտի փոխէ, որովհետեւ այդ հայկական գեղեցիկ եւ ամէն յարմարութիւններով օժտուած կեդրոնին մէջ պիտի համախմբուին մեր ապագայ սերունդները, մեր երիտասարդները: Մեր հեռաւոր նպատակն է նաեւ այդ կեդրոնը վերածել Եւրոպայի կեդրոնի, որովհետեւ հոն կեդրոնական դրութեամբ չենք աշխատիր, այլ զատ զատ մեկուսի շրջաններ են:

Նոյնը մօտիկ ապագային պիտի ունենանք Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին, ինչպէս նաեւ Շուէտի Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ` նուազ մեծ տարողութեամբ:

Ուրախ յայտարարութիւններու կարգին չմոռնանք Լիբանանը եւս. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն տեղեկացանք, որ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն եւ քաղաքապետութիւնը ՀՄԸՄ-ին նուիրած են բանակավայրի յատուկ մեծ հողատարածք` կրկին 99 տարուան վարձակալութեամբ: Այս ալ տարիներու երազ էր, որ իրականութիւն կը դառնայ, եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը արդէն իսկ իր սեփական բանակավայրը կ’ունենայ Այնճարի մէջ:

100-ամեակէն անդին` եղած այս նորութիւնները իսկապէս լաւատեսութիւն, ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կը ներշնչեն ամբողջ միութեան:

«Ա.».- Հոկտեմբերին արդէն իսկ կը գումարէք ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ժողովը, որով պիտի արժեւորուի եւ եզրափակուի այս Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութիւնը: Անդրադառնանք այդ ժողովին եւ դէպի ապագայ ՀՄԸՄ-ի տեսլականին, մանաւանդ որ ժողովները անջատման գիծեր չեն, այլ միշտ ալ կամրջումներ եւ գործի շարունակութիւն գոյութիւն ունի:

Գ. Մ.- ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ժողովները իրապէս նաեւ դաստիարակիչ ժողովներ են, միութենական կեանքի մէջ հաճելի դպրոցներ են անոնք, որովհետեւ զանազան մտայնութեամբ 100-120 ՀՄԸՄ-ականներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, տարբեր միջավայրերու մէջ ապրող, կու գան մէկ որոշում տալու: Ասիկա շատ հետաքրքրական է, այդ ժողովներուն շատ ակներեւ կ’ըլլայ այդ տարբերութենէն բխած բախումը, ինչ որ շատ առողջ է ու հաճելի, միշտ եղբայրական ոգիով:

Ներկայիս շրջանները արդէն սկսած են իրենց աշխատանքին եւ արդէն իսկ ամփոփ տեղեկագիրի ընթերցում կը կատարեն, առաջարկներ կը ներկայացնեն եւ պատգամաւորներ կ’ընտրեն: Ժողովին հիւրաբար կը մասնակցին նաեւ Իրանի «Արարատ»-ի  եւ Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, իսկ բոլոր շրջանները գէթ մէկ պատգամաւորով մասնակից կը դառնան, եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը կը համախմբուի հայրենիքի մէջ: Կ’ընտրուի նոր Կեդրոնական վարչութիւն, որ կ’առաջնորդուի Պատգամաւորական ժողովին թելադրանքներով եւ առաջարկներով, կը ստեղծէ իր քառամեայ ծրագիրը եւ կ’ընթանայ յառաջ:

Այս Պատգամաւորական ժողովը ունի երկու-երեք ստորաբաժանումներ, Երիտասարդական բաժանմունքի եւ կանոնագրային կարգ մը կէտերու առնչուող լուրջ որոշումներ տալու առաջադրանք ունի, իսկ մնացեալը մեր սովորական օրակարգն է: Ըստ էութեան քննարկումէն ետք ժողովականները կը բաժնուին 5 ենթայանձնախումբերու, որոնք իրենց վերապահուած մարզին քննարկումները կը կատարեն եւ եզրակացութիւնները կը բերեն ընդհանուրին, ուր բանաձեւերը կը քուէարկուին: Յոյսով եմ, որ լաւ տրամադրութեամբ կը վերադառնանք` միշտ ի շահ ՀՄԸՄ-ին:

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ