Միասին կարող ենք
կարևոր
1306 դիտում, 2 ժամ առաջ - 2026-04-12 20:28
Քաղաքական

«Մենք թոթափելու ենք վերջին 6-8 տարիների հուսախաբությունները․ Սփյուռքի ներուժն ուղղվելու է Հայաստանի պետականության հզորացմանը»․ ՀՅԴ Բյուրոյի անդամը՝ Սփյուռքի ազգային զորաշարժի խորհրդաժողովում

«Մենք թոթափելու ենք վերջին 6-8 տարիների հուսախաբությունները․ Սփյուռքի ներուժն ուղղվելու է Հայաստանի պետականության հզորացմանը»․ ՀՅԴ Բյուրոյի անդամը՝ Սփյուռքի ազգային զորաշարժի խորհրդաժողովում

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Տարոն Տեր-Խաչատուրյանի ելույթը՝ Փարիզում կայացած Սփյուռքի ազգային զորաշարժին նվիրված խորհրդաժողովում։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Տիկնայք եւ պարոնայք,

Երկու օրերու վրայ երկարած լուրջ եւ խորքային քննարկումնու վերջաւորութեան է որ մօտեցած ենք հիմա: Անշուշտ որ այս խորհրդաժողովի աւարտին, մենք չենք կրնար սահմանափակուիլ միայն գնահատանքներով ու բարեմաղթանքներով։ Մենք կը գտնուինք պատմական շրջադարձի մը առջեւ այսօր։ Հայաստանը կը դիմագրաւէ լուրջ անվտանգային, քաղաքական եւ ազգային հարցեր, իսկ Արցախի հայաթափումը բաց վէրք է ո՛ղջ հայութեան սրտին մէջ։ Այս իրականութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ո՛չ թէ լռութիւն, այլ վճռականութիւն։

Սփիւռքը երբեք միայն զգացական աջակցութիւն տուող կառոյց չէ եղած։ Ան եղած է ազգային կամքի արտայայտութիւն, գոյատեւման երաշխիք եւ պետականութեան հենասիւն։ Այսօր եւս մենք պարտաւոր ենք բարձրաձայնել մեր մտահոգութիւնները Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղութեամբ՝ յստակ, պատասխանատու եւ հայրենանուէր դիրքերէ մեկնած։ Հայաստանը չի՛ կրնար առանձին հայ ազգի վերաբերող որոշումներ առնել, Հայաստանը չի՛ կառուցուիր առանց ամբողջ հայութեան վստահութեան, մասնակցութեան եւ համազգային ռազմավարութեան։

Մենք չենք կրնար մոռնալ, որ Սփիւռքը ինք իր նոր դրուածքով ծնունդ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգութենէն։ Մեր համայնքները կազմաւորուեցան բռնի տեղահանութենէ, կորուստէ եւ վերապրումի պայքարէ։ Այդ ժառանգութիւնը մեզի կը պարտաւորեցնէ ոչ միայն յիշել անցեալը, այլ նաեւ պաշտպանել ներկան եւ կերտել ապագան։ Ցեղասպանութեան հետեւանքով սփռուած ժողովուրդը այսօր կը շարունակէ իր կենացը ոչ միայն յիշողութեամբ, այլ պատասխանատուութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, Արցախի իրաւունքներուն եւ հայութեան միասնական ապագային նկատմամբ։

Միեւնոյն ժամանակ մենք կը շեշտենք թէ Արցախի հարցը փակուած չէ։ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, վերադարձի իրաւունքը, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը կը մնան համազգային առաջնահերթութիւններ։ Անոնք չեն կրնար ստորադասուիլ կարճաժամկէտ քաղաքական հաշիւներու կամ արտաքին ճնշումներու դէմ հանդիման։ Սփիւռքը կը պահանջէ, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը առաջնորդուի ազգային շահերով, ոչ թէ պարտադրուած զիջումներով։

Մենք նաեւ կ’ուզենք եղբայրական ու յարգալից խօսք ուղղել Հայաստանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն, որոնք մօտիկ ապագային պիտի կատարեն կարեւոր ընտրութիւն երկրի կառավարման հարցով։ Այդ ընտրութիւնը ձեր իրաւունքն է եւ ձեր պատասխանատուութիւնը։ Սփիւռքը չի թելադրեր, չի խրատեր վերեւէն, այլ կը կիսէ իր մտահոգութիւնը եւ յոյսը ձեր հետ։ Մեր միակ մաղթանքն է, որ ձեր որոշումները առաջնորդուին Հայաստանի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման, ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման, ազգային արժանապատուութեան եւ համազգային միասնութեան գիտակցութեամբ եւ ըստ այնմ շրջադարձել ու փոխել ներկայի գահավէժ ընթացքը։ Ուժեղ Հայաստանը անհրաժեշտ է ո՛չ միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, այլ ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան։

Այս պահուն նաեւ պարտք կը զգանք երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր անոնց, այսինքն ձեզի բոլորիդ այստեղ, որոնք անձնական զոհողութիւններով մասնակցեցան այս խորհրդաժողովին։ Դուք եկաք Հայ ազգի խճանկարը կազմող աւելի քան 25 տարբեր երկիրներէ, ձեր սեփական միջոցներով, ժամանակ եւ ջանք տրամադրցիք, յաղթահարեցիք ճանապարհորդութեան դժուարութիւնները՝ հաւատալով, որ համազգային քննարկումը արժէ այս նուիրումին։ Ձեր ներկայութիւնը ապացոյց է ու փա՛ստ, որ Սփիւռքը վառ է ու կենդանի, կազմակերպուած է եւ պատրաստ՝ իր բաժին պատասխանատուութիւնը ստանձնելու, ե՛ւ աւելիին։ Այս համախմբումը ինքնին ուժի արտայայտութիւն է եւ յոյսի պատգամ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս Աշխարհի։

Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը գիտակցինք, որ մեր խօսքը ուղեկցուելու է գործով։ Սփիւռքի կազմակերպուած ներուժը՝ քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ դիւանագիտական՝ ուղղուելու է Հայաստանի պետականութեան հզօրացման։ Մեն թոթափելու ենք վերջին 6-8 տարիներու յուսախափութիւններո՛վ իսկ մեզի պարտադրուած յուսայատութիւնը, ու յաւելեալ ամրապնդելու ենք մեր կառոյցները, երիտասարդութիւնը ներգրաւելով ազգային աշխատանքին մէջ, եւ ստեղծելով համահայկական համակարգուած գործակցութիւն։

Այսօրուան մեր պատգամը պարզ է սիրելի ներկաներ եւ բացականեր.
Հայաստանի Հանրապետութիւնը միայն աշխարհագրական տարածք չէ՝ ան ամբողջ հայութեան հայրենիքն է, անոր պետականութիւնը։ Արցախի պայքարը միայն անցեալի յիշողութիւն չէ՝ ան ապագայի պարտաւորութիւն է։ Հայաստանն ու Սփիւռքը – ա՛յդ իսկ կարքով -  միա՛սնաբար Ցեղասպանութեան վերապրումի ժառանգորդն են եւ ապագայի պատասխանատու կերտիչը։ Սփիւռքը միայն դիտորդ չէ՝ ան պատասխանատու դերակատար է ամէնուրէք։ Իսկ ազգի գոյատեւման լաւագո՛յն երաշխիքը հայ պետականութեան անրակայումն է:

Եկէ՛ք վերանորոգենք մեր համազգային կամքը, աւելիով ամրացնենք Հայաստան-Սփիւռք կապը եւ յստակ ըսենք՝ հայ ժողովուրդը չի հրաժարիր իր իրաւունքներէն, իր պետականութէնէն, իր արժանապատուութենէն եւ իր պատմական առաքելութենէն։

Ինչպէս տեսաք, այս երկու օրերու քննարկումները եղան խորապէս մտածուած, պատասխանատու եւ փորձառութեամբ ձեւաւորուած ներդրումներ։ Այստեղ հնչած գաղափարներն ու առաջարկները տեսական արտայայտութիւններ չեղան, այլ գործնական ուղենիշներ, որոնք կը պահանջեն յաջորդ քայլեր։ Այժմ ժամանակն է, որ խօսքը վերածուի գործի․ կարելի է ըսել՝ այժմ է պահը, երբ որոշումները պիտի փորձուին իրականութեան մէջ, եւ մեր յանձնառութիւնը պիտի չափուի կատարուած աշխատանքով։

Քիչ առաջ ճշդեցինք այս խորհրդաժողովի յաջորդող քայլերը: Մեր կոչ-յայտարարութիւնը անյապաղ կը տեսնէք մամուլի եւ ընկերային ցանցերու էջերուն մէջ: Ինչպէս նաեւ՝ ձեր վստահած ու այս խորհրդաժողովէն փխած համադրող կազմը կը վարէ աշխատանքները մինչեւ մեր յաջորդ առցանց հանդիպումը, Յունիս ամսու աւարտին:

Շնորհակալութիւն բոլորիդ, եւ բարի ու ապահով վերադարձ ձեր ընտանիքներուն ու հարազատներուն:

Այժմ «Մեր Հայրենիքով» հը փակենք այս խորհրդաժողովը: