կարևոր
3043 դիտում, 22 ժամ առաջ - 2025-04-11 23:32
Հասարակություն

Ադրբեջանում անցկացվող համագումարը խոր ցավ ու ընդվզում է առաջացնում մեր ժողովրդի մոտ․ Արամ Ա

Ադրբեջանում անցկացվող համագումարը խոր ցավ ու ընդվզում է առաջացնում մեր ժողովրդի մոտ․ Արամ Ա

Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2025-ին, Վատիկանի Արեւելեան Կաթոլիկ Եկեղեցիներու բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատուին՝ քարտինալ Ք. Կիւճերոթիին ուղղած իր նամակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Վատիկանի Կրէկորեան համալսարանին մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող «Քրիստոնէութիւնը Ազրպէյճանի Մէջ» անունը կրող համագումարին, իր խոր ցաւն ու ընդվզումը յայտնեց:

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ յիշեալ համագումարին միակողմանի կերպով կազմակերպումը, առնչուած անոր քննարկելիք նիւթերուն ու դասախօսներուն, յատկապէս հայ եկեղեցւոյ հետ աղերս ունեցող նիւթերուն, եւ հայ դասախօսներուն բացակայութիւնը, բացայայտ անարդարութիւն մըն է պատմական ճշմարտութեան դէմ:

Վեհափառ Հայրապետը քարտինալ Կիւճերոթիին, որ յայտնի հայագէտ մըն է, յիշեցուց, որ քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ սերտ յարաբերութիւն գոյութիւն ունեցած է հայ ու աղուանից եկեղեցիներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ գործօն ու կազմակերպ ներկայութիւնը Արցախի մէջ մինչեւ ներկայ օրերուն: Նոյն նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց Ազրպէյճանի իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած բռնի տեղահանումը Արցախի հայ ժողովուրդին, որպէս արդիւնք անոր ցեղասպանական քաղաքականութեան:

Միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով Վատիկանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած դրական մօտեցումը Արցախի հայութեան առնչուած հարցերուն նկատմամբ՝ ըսաւ, թէ վստահ ենք, որ Վատիկանի իշխանութիւնները չեն բաժներ յիշեալ համագումարին միակողմանի ու անճիշդ մօտեցումները: