կարևոր
4495 դիտում, 6 ամիս առաջ - 2024-05-12 17:03
Աշխարհ

Զօրակցութեան Կոչ

Զօրակցութեան Կոչ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը ի յայտ եկաւ որպէս պատասխան Տաւուշի գիւղացիներու առջև ծառացած լուրջ գոյութեան սպառնալիքին։ Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև ընթացող սահմանազատման և սահմանագծման գործընթացը կը հակասէ միջազգային սկզբունքներուն, քանի որ ան կ՚իրականացուի գաղտնի, սահմադրական սկզբունքներուն հակառակ։

Պատշաճ խաղաղութեան պայմանագիր չհաստատելը եւ միակողմանի զիջումները կրնան հանգեցնել անվտանգութեան մարտահրաւէրներու եւ վտանգներու։ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորած շարժումը վճռական է դադրեցնելու այս ապօրինի գործընթացը՝ պաշտպանելու համար Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը։

Ընդգծելով ազգային ինքնիշխանութեան նշանակութիւնը, շարժումը կ՝ընդգծէ տարածքային հարկադիր փոխանցումներու հետ կապուած վտանգները։ Ցոյցերը կը կազմակերպուին՝ Հայաստանը պաշտպանելու արտաքին ճնշումներէ և անվտանգութեան սպառնալիքներէ, միաժամանակ կոչ ընելով միջազգային հանրութեանը՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու խաղաղ ցոյցերուն, եւ ուժի ցանկացած կիրառում կանխելու համար։

Մե՛նք, մեր լիակատար աջակցությունը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնենք այս շարժման և կողքին ենք մեր հայրենի ժողովուրդին։

Գահիրէ 9/5/2024