կարևոր
1837 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-05 17:12
Հասարակություն

Տեղի Պիտի Ունենայ Հոգեւոր Պետերու Եւ Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Խորհրդակցութիւն՝ Արցախի Զօրակցութեան Օրակարգով

Տեղի Պիտի Ունենայ Հոգեւոր Պետերու Եւ Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Խորհրդակցութիւն՝ Արցախի Զօրակցութեան Օրակարգով

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրաւէրով, մասնակցութեամբ հայ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, վաղը՝ Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին, տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցական յատուկ նիստ, միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։

Նիստին պիտի մասնակցին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչները՝ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Հ.Յ.Դ.), տոքթ. Աւետիս Տագէսեան (Ռ.Ա.Կ.) եւ տոքթ․ Վազգէն Համալեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համաատենապետները՝ Տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Տիար Շահան Գանտահարեան։