կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-10-21 12:06
Հասարակություն

ՀՅԴ Լիբանանի «Բեկոր» մասնաճյուղը հարգանքի երեկո է կազմակերպել Աշոտ Ղուլյանի հիշատակին

ՀՅԴ Լիբանանի «Բեկոր» մասնաճյուղը հարգանքի երեկո է կազմակերպել Աշոտ Ղուլյանի հիշատակին

Աղբյուրը՝ Aztagdaily

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի «Էհլան» դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) նահատակութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի անդամ Վանայ Յակոբեան: Ան իր խօսքին սկիզբը հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Արցախեան ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ նահատակուած հերոսներուն յիշատակը: Ապա, Յակոբեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Աշոտ Բեկորի կեանքը` հաստատելով, որ ան փոքր տարիքէն դարձած է կամաւոր ղարաբաղեան շարժման եւ իր ամբողջ էութեամբ, գործելաոճով, մտածելակերպով, հոգիով եւ կարգապահութեամբ արտայայտած է իսկական դաշնակցականի բնական կեցուածքը:

«Հերոսները Բեկորի նման անմահ են: Անոնք յաւիտեան կ՛ապրին մեր մէջ», շեշտեց Յակոբեան` նկատել տալով, որ բոլոր մարտերուն ժամանակ Բեկոր միշտ եղած է առաջին անձը, որ նետուած է մարզադաշտ եւ վերջինը, որ դուրս եկած է անկէ: Ան ըսաւ, որ Բեկոր իր մղած մարտերուն ընթացքին վիրաւորուած է 11 անգամ, բայց 24 օգոստոս 1992-ին Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն գիւղի ազատագրման համար մղուած պատերազմը Աշոտի համար եղաւ վերջինը: «Աշոտ Ղուլեանի կենդանի ոգին կը ստիպէ սերունդներուն, որ շարունակեն ազատութեան պայքարը պատմական կորուսեալ հայրենիքին համար», եզրափակեց Վ. Յակոբեան:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ Բեկորի կենսագրութիւնը: Տեսերիզին մէջ Բեկորի մասին վկայութիւններ տուին Բալիկ Գազանճեան, Նանոր Պէօյիւքեան, Ժիրուկ Քէշիշեան, Մեղեդի Ջուլճի եւ Նաթան Պետրոսեան:

Օրուան բանախօսն էր Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախկին ատենապետ Պետօ Տեմիրճեան: «6 հոկտեմբերին Աշոտ Ղուլեան (Բեկոր) պիտի դառնար 58 տարեկան: Ան մեզի հետ չէ ֆիզիքապէս, բայց անոր հերոսական ոգին կը շարունակէ սաւառնիլ Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի վրայ` ներշնչելով հազարաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ», հաստատեց Տեմիրճեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան` շեշտելով, որ  երբ Բեկորի մասին խօսինք, պէտք է անպայման յիշենք անոր տիկինը` Նելլին, որ իր հերոս ամուսնոյն բացակայութեան մեծցուց իր երեք երեխաները, առաւել եւս` ան մնաց Արցախ, այն սուրբ հողին վրայ, որուն համար Բեկոր նուիրաբերեց իր կեանքը: Տեմիրճեան ըսաւ, որ ներկայիս Նելլի Ղուլեան ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէնուհին է եւ Բեկորի շունչով կը դաստիարակէ ու կը թրծէ արցախցի հայ պատանիները:

Մանրամասները՝ սկզբնաղբյուրում։