Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Անվերադարձ կ՛ուզենք փակել 2023 տարին:
Անհատական ցաւերէն անդին, համահայկական պարտութեան տարին փակուեցաւ:
Անձնատուութեան (կապիտուլացիա) հետեւանքով Արցախի յանձնումը, արցախահայութեան ծրագրուած շրջափակումը, շղթայազերծուած պատերազմը եւ բռնի տեղահանութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեծագոյն հարուածն էր համայն հայութեան:
Եւ դեռ, դժբախտաբար նշանները ակնյայտ են Հայաստանի հողային տարածքներէն նոր զիջում-յափշտակութիւններու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ախորժակները յագեցնելու համար, ինչ որ, տեղ մը, իշխանաւորներու միտքին մէջ մնացածը փրկելու «նախանձախնդրութեամբ»:
Համազգային դիմադրութեան եւ հայկական դիմադրողականութեան (immunity) տկարութեան հետեւանքով ընդհանուր յուսահատութեան, բայց մանաւանդ հիասթափութեան փուլը ո՛չ մեր հոգիներուն եւ ո՛չ ալ ազգային ու քաղաքական ռազմավարութեան մէջ կրնայ մնայուն կայք հաստատել:
Անցնող տարին, հակառակ լիբանանեան մակարդակի վրայ տնտեսական կեանքի կայունութեան համեստ վերադարձին, երկիրը կը շարունակէ մնալ քաղաքական փակուղիի մէջ, որուն վրայ աւելցան շրջանային իրադարձութիւնները եւ Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմն ու յամառ սպառնալիքները Լիբանանի հողային ամբողջականութեան եւ ազգային մէկութեան:
Հոս ալ, յուսահատութեան եւ հիասթափութեան տականքը ծանր կերպով կը ճնշէ մեր ժողովուրդին վրայ:
Եւ դեռ, Սուրիա եւ այլուր:
Մուտք գործեցինք 2024 տարին, անպայմանօրէն նոր յոյսով ու հաւատքով:
Անձնատուութիւնը միայն հողային զիջումն ու գերիշխանութեան կորուստը չեն, թէկուզ իրենց ահաւորութեամբ:
Անձնատուութեան գերագոյնը` հայկականութեան արժէքէն զիջումն է:
Ու տարիներու թաւալումին հետ կը զիջինք ամէնուրեք, ամէն մարզի մէջ:
Զիջած ենք մեր աւանդութեանց մէջ:
Զիջած ենք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հանդէպ մեր հաւատքին մէջ:
Զիջած ենք մշակոյթով, կենցաղով:
Զիջած ենք հայեցի կրթութեան մէջ:
Զիջած ենք հոգեւոր արժէքներու պահպանման մէջ:
Զիջած ենք ընտանեկան մեր սովորութիւններուն մէջ:
Զիջած ենք մեր միութենական, ընկերային թէ կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ:
Զիջած ենք մեր փոխադարձ յարաբերութեանց մէջ:
Զիջած ենք հայ գիրի, գրականութեան, մամուլի մարզին մէջ:
Հակառակ թափուող եւ յամառ ճիգերուն, նահանջը տարուէ տարի կը կրծէ մեր հոգին, կ՛ապահայացնէ մեզ, կ՛օտարացնէ եկող սերունդները:
Մարդը սոսկ թիւի եւ բջիջային գործիքի վերածող համաշխարհային փոթորիկը վիթխարի չափերով կը հարուածէ հետզհետէ դիմադրողականութիւնը կորսնցուցած եւ օտարը կապկելու տրամադիր մեր ժողովուրդը:
Հետեւողական զիջումներն են հաւաքական մեր անձնատուութեան հիմնական պատճառները:
2024-ը անձնատուութիւնը մերժելու, անձնատուութիւնը յաղթահարելու, դիմակալելու տարին դարձնենք:
Պղպջակային, յաւուր պատշաճի ճառերէ անդին, լուրջ, գիտակցուած, հետեւողական, ծրագրուած ռազմավարութիւն մը միայն կրնայ թումբ կանգնիլ մեզ մաշեցնող սահանքին դիմաց:
2024-ը յոյսի ու հաւատքի տարի կրնայ ըլլալ հայու հայկականութիւնը վերադարձնելու, լոյսը վառ պահելու, զայն ճառագայթող դարձնելու եւ անձնատուութիւնը դադրեցնելու:
Պատմական պատասխանատուութեան դիմաց ենք բոլորս:
Կամքը ունենանք անձնատուութենէն դուրս գալու եւ հայկականութեան պատերազմը շահելու: