Փոխարժեքներ
18 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 398.94 |
EUR | ⚊ | € 410.95 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.8929 |
GBP | ⚊ | £ 486.63 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.52 |
Մեր լաւագոյն զաւակներուն արիւնով, զոհաբերութեամբ ու նուիրումով ստեղծուած Արցախի անկախ պետականութեան հանդէպ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չի կրնար ընդունիլ, հանդուրժել զիջումի նուազագոյն իսկ տրամադրութիւն:
Դաշնակցութիւնը իր ազգային էութեան դաւաճանած կ՛ըլլայ, եթէ չմերժէ պարտուողական ու զիջողական տրամադրութիւնները, ինչ ձեւով ու ինչ մակարդակով ալ արտայայտուին անոնք:
Իշխանական օղակներէ դուրս եկած Արցախի ինքնորշման իրաւունքի պաշտպանութեան հանդէպ վճռականութեան պակասն իսկ, եթէ եւ երբ նման դիրքորոշում դրսեւորուի, մենք կը նկատենք դաւաճանութիւն:
Արցախի հարցով ամէնէն վտանգաւոր սպառնալիքը կը նկատենք եւ իբրեւ այդպիսին՝ խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի ժողովուրդին մօտ Արցախի պաշտպանութեան հանդէպ նուազագոյն տատամսում սերմանող ուղղակի կամ անուղղակի քարոզչութիւն: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու քօղին տակ յայտարարութիւններն ու սպասուող գործողութիւնները մեր համազգային ամրութիւնը քայքայել փորձող դաւադրութիւն կը նկատենք:
Կ՛ողջունենք Հայոց բանակը ուժեղացնելու պետական քայլերը ու ամբողջականօրէն թիկունք կը կանգնինք անոնց:
Մեր ամբողջ հնարաւորութիւններով կը սատարենք Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու քաղաքական, դիւանագիտական աշխատանքներուն:
Իբրեւ կուսակցութիւն՝ անցեալին քննադատուած ենք, որ մեր ուշադրութեան կեդրոնը եղած է Արցախը: Չի բացառուիր նաեւ, որ յետագային նոյն քննադատութեան արժանանք: Մենք ճիշդ չենք գտներ այդ քննադատութիւնը: Մեզի համար, Արցախի իսկ սիրոյն՝ ուժեղ եւ բարգաւաճ Հայաստանը նախապայման է: Հետեւաբար, մենք լարուած պիտի աշխատինք մեր երկրի ժողովրդավարական կարգերու ընձեռած ամբողջ կարելիութիւններով, պիտի պայքարինք, ստեղծենք արարենք, գործակցինք, ընդդիմանանք՝ միշտ յանուն հզօր Հայաստանի կերտման:
Մեր հաւատարմութիւնը Արցախին, Հայաստանին, հայ ժողովուրդին, Հայ Դատին՝ անքննելի է. մեր պատրաստակամութիւնը ծառայելու՝ ամբողջական:
Շնորհաւոր Շուշիի ազատագրութեան տօնը: Թո՛ղ այս նշանակալի տարեդարձը մեր ժողովուրդի ազգային իղձերու իրականացման ճանապարհին որակական թռիչքներու անկիւնադարձ ըլլայ, թո՛ղ մեր հոգիները լիցքաւորուին յոյսով եւ հաւատքով՝ հայոց փայլուն ապագային հանդէպ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ»