կարևոր
1621 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-11-14 13:28
Քաղաքական

Ակնարկ. Զուգակցել Վերադարձի Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքները

Ակնարկ. Զուգակցել Վերադարձի Եւ Ինքնորոշման Իրաւունքները

Ազրպէյճանի նախագահը ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահին կազմակերպած ընդունելութեան ընթացքին նշած է, որ իբրեւ թէ Ազրպէյճանը ներկայացուցած է համակեցութեան եւ վերադարձի իրաւունքի վերաբերեալ յստակ եւ թափանցիկ ծրագիր, իսկ Հայաստանը մերժած է ազրպէյճանցիներու Հայաստան վերադառնալու իրաւունքը եւ այդ կապակցութեամբ որեւէ տեսակէտ չէ ներկայացուցած:

Այս լրատուութեան մէջ քանի մը հանգամանք կայ, որ պէտք է լուսարձակի տակ առնել:

Առաջինը այն է, որ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը կը հաւասարեցուի Հայաստանէն հեռացած ազրպէյճանցիներու վերադարձի իրաւունքին հետ: Արցախի հայաթափումով փաստօրէն Պաքուն այս ձեւով կը շրջանցէ նախապէս իր առաջադրած ծրագիրը` Արցախէն հեռացած ազրպէյճանցիներու վերադարձի իրաւունքը: Գաղթական-գաղթականի դիմաց խաղի կանոնը փոխուած է: Ուրեմն, Հայաստանէն հեռացած ազրպէյճանցիներու Հայաստան վերադարձի իրաւունքը պիտի ներառուի իբրեւ Պաքուի պահանջ խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ:

Միայն հեռացածներու վերադարձի իրաւունքով չի սահմանափակուիր սակայն մարտավարական այս մօտեցումը: Թափանցիկօրէն խնդիրը կը կապուի անքլաւներու (ներերկիրներու) վերադարձի պահանջին: Այս տեսանելիութեամբ միայն «թափանցիկ» է Պաքուի ծրագիրը:

Երկրորդը դասական մարտավարութիւն է, միջազգային ընտանիքին ցոյց տալու, որ ծրագիր մշակողը, նախաձեռնողը եւ հարցի լուծման համար նախագիծ ներկայացնողը Պաքուն է, իսկ Երեւանը մերժող կողմ է:

Բայց հիմա գանք ամէնէն էական բաժինին: Արցախի միանգամայն իրականացուած տեղահանումը ունի նաեւ իրաւական ենթաիմաստ: Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման ամբողջ բանակցային հոլովոյթի ընթացքին հայկական կողմը անընդմէջ յայտարարած է, որ Արցախը չի կրնար մաս կազմել Ազրպէյճանին: Այս սկզբունքային մօտեցումին հիմնաւորումը ցեղասպանութեան վտանգի տակ ըլլալն է: Ամբողջ արցախեան ինքնապաշտպանութիւնը չցեղասպանուելու հաւաքական կամքի դրսեւորում էր: Փաստօրէն պատերազմի բոլոր արարներուն եւ փուլերուն Պաքուն հետեւողականօրէն փաստեց, որ չէ հրաժարած ցեղային զտումներով Արցախը հայաթափելու իր ծրագիրէն:

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշումը ըստ էութեան հիմնուած էր ցեղային զտումի չենթարկուելու համար Ազրպէյճանի կազմին մէջ չըլլալու սկզբունքին վրայ: Ինքնորոշուած էր ամբողջ ժողովուրդ մը դուրս գալու Խորհրդային Միութենէն եւ մաս չկազմելու Ազրպէյճանի կազմին:

Զանգուածային տեղահանումը որոշակի առումով նաեւ մերժում էր Ազրպէյճանի կազմին մէջ մնալու: Այլ խօսքով, հաստատ մնալու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին վրայ:

Հետաքրքրական է, որ ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ նման յերիւրանք կը բարձրաձայնէ Պաքուի ղեկավարը: Այս կառոյցը, որուն հելսինքեան եզրափակիչ աքթը առնուազն իրաւահաւասար կը նկատէ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքները: Առընթեր` ուժի կիրարկման բացառումը կամ իրաւահաւասարազօրութիւնը:

Ազրպէյճանը խախտած է բոլոր սկզբունքները եւ հիմա թափանցիկութեան մասին կը հեգնէ նոյնինքն ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ:

Երեւանը այս հակասութիւնները շատ տեղին ձեւով կրնար արծարծել եւ լոյսին բերել` ըսելու համար որ Պաքուն ռազմական յանցագործութիւններով, հայրենազրկելով եւ ցեղային զտումներ իրականացնելով ոտնահարած է ԵԱՀԿ-ի ամէն տեսակի սկզբունքները:

Մանաւանդ, մեր արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուները կրնային շեշտել, որ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի իրականացումը կը պայմանաւորուի միայն ցեղային զտումի հերթական անգամ չենթարկուելու անվտանգութեան երաշխիքներով:

Այդ երաշխիքները կ՛իմաստաւորուին միայն Արցախին յատուկ կարգավիճակով: Ազրպէյճանին հետ անհամատեղելիութեամբ: Այս վարքագիծի որդեգրումը կ՛առաջնորդէ ինքնորոշման իրաւունքի վերարծարծումին` նոր ելակէտի նախաշեմին տեղադրելով հայկական դիւանագիտութիւնը:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը անդամալուծուած է, սակայն չէ լուծարուած: Այդ ձեւաչափը հիմնուած է այլ սկզբունքներու կողքին ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Որ համազօր է ցեղային զտումի եւ հայրենազրկումի չենթարկուելու մարդկային եւ ազգային իրաւունքին:

«Ա.»
aztagdaily.com