կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-09 14:39
Սփյուռք

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Քննարկեց Լիբանանեան Ներքին Եւ Արտաքին Քաղաքականութիւնները

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Քննարկեց Լիբանանեան Ներքին Եւ Արտաքին Քաղաքականութիւնները

Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց ընթացիկ իր նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:

Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երեք ժամ տեւած նիստին ընթացքին համախմբումը քննարկեց շարք մը հարցեր, ճշդեց համախմբումին ռազմավարութիւնն ու կեցուածքը` երկրին ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններուն, ինչպէս նաեւ ելեւմտական-տնտեսական քաղաքականութեան նկատմամբ:

Համախմբումը այս իմաստով իր քննարկումները պիտի շարունակէ մինչեւ վերջնական կեցուածքին եզրայանգումը:

Միւս կողմէ, Պասիլ «Ռոյթըրզ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ նիւթական շրջափակում մը` պարտադրուած միջազգային ուժերու կողմէ:

Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն է տնտեսական համակարգի փլուզումը կասեցնել, ինչպէս նաեւ երկիրը սադրանքներէ փրկել:

Պասիլ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի վարած բանակցութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կը գործադրէ բարեկարգումները:

Ան միաժամանակ ընդգծեց, որ Լիբանանի տրամադրուելիք արտաքին որեւէ օժանդակութիւն երկրին գերիշխանութեան հաշուոյն պէտք չէ ըլլայ:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը պէտք է բարեկարգումները գործադրէ` անկախ անոր պարտադրուած նախապայմաններէն կամ ճնշումներէն, այլ այն գիտակցութեամբ, որ բարեկարգումներու գործադրութիւնը կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:

«Եթէ Լիբանանի օժանդակութեան կամք գոյութիւն ունենայ, ապա օժանդակութեան դռները վաղն իսկ կը բացուին, սակայն երբ մեծ պետութիւնները դռները փակ կը պահեն, ապա Լիբանան առանձինն անկարող կ՛ըլլայ այդ դռները բանալու, հետեւաբար անոր կը մնայ գոյատեւելու եւ բարեկարգելու ընտրանքը», ըսաւ Պասիլ:

Անդրադառնալով կառավարութեան աշխատանքին` ան հաստատեց, որ վերջին փուլին անոր արդիւնաւէտութիւնը նուազած է, «եւ եթէ ան ձախողի աւելի աշխուժ կերպով աշխատելու իմաստով, կրնայ իր ընթացքը չշարունակել», յայտնեց ան:

Նշենք, որ Պասիլ երէկ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ ան կոչ ուղղեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան` նուազեցնելու օդանաւային տոմսերուն սակերը, որովհետեւ անոնք զբօսաշրջիկներուն Լիբանան այցելութիւնը խոչընդոտող արգելքներ են:

aztagdaily.com