Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Պաշտօնական Ուաշինկթընի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը` դէպի երկիր երկու միջանցքներու բացման կարեւորութեան մասին, քանի մը դիտարկումի պէտք է արժանանայ:
Նախ այն, որ արդէն Բերձորը միակ միջանցքը չէ, որուն բացման անհրաժեշտութեան վրայ կը կեդրոնանայ Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նախապէս:
Հիմա, արդէն Ակնա-Ստեփանակերտը այլընտրանքային ճամբայ է մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու առումով, Միացեալ Նահանգներու համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին համար երկու միջանցքները կարեւոր գործօն են կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ուղղութիւններով խաղաղութեան համաձայնութեան յանգելու:
Պէտք է կանգ առնել նաեւ «երկու միջանցք» ձեւակերպումին վրայ: Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհի կարգավիճակը եթէ «միջանցք»-ով կը բնութագրուի, ապա այդ պարագային կ՛ամ արտատարածքային կարգավիճակ ունի, կա՛մ ալ ժամանակաւոր` մարդասիրական: Բայց ձեւակերպումը «մարդասիրական ժամանակաւոր միջանցք» չէ: Կայ յստակ հաւասարեցման փորձ Բերձորին եւ Ակնային միջեւ. առաջինը` Հայաստանին կապող, երկրորդը` Ազրպէյճանին:
Եռակողմ նոյեմբերեան յայտարարութեամբ առաջինին վերահսկողութեան պատասխանատուութիւնը պարզ է: Երկրորդի պարագային` ոչ: Նոյնիսկ եթէ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնող բեռնատարը ռուսական է, ատիկա չ՛երաշխաւորեր այն, որ «երկրորդ միջանցք»-ը բացառապէս վերահսկելի պիտի ըլլայ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ:
Շատ հետաքրքրական «սայթաքում» կատարած է ամերիկացի դիւանագէտը: «Երկու միջանցքներու» բացումը «դէպի երկիր» շատ կենսական նկատած է ան: Երբ դիւանագիտութիւնը Արցախը «երկիր» նկատէ, այդ պարագային ուղղակի ընկալումը կ՛ըլլայ Ազրպէյճանէն դուրս, անկախ միաւորի կամ տարածքի մասին:
Բնականաբար ճշդումը պիտի չուշանար. ամերիկացի դիւանագէտը շատ արագ «երկիր» բառի իր կողմէ օգտագործումը նկատած էր արտաբերումի սխալ` աւելցնելով, որ Արցախը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան:
Բանբերը այս բոլորին առիթով չէր մոռցած ընդգծելու, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը մօտէն ներգրաւուած է գործընթացին:
Մօտէն ներգրաւուած ըլլալու մասին յիշատակում կատարած է նաեւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը: Այս պարագային Ակնա-Ստեփանակերտ գիւղին համար օգտագործուած է «երթուղի» եզրը: Չկայ միջանցք: Զարգացած է այն տրամաբանութիւնը, որ Ակնա-Ստեփանակերտ երթուղիի աշխատիլը պիտի նպաստէ Բերձորի միջանցքի բացման:
Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը փակագիծեր բանալու տպաւորութիւն փոխանցած է` ըսելով, որ շուտով պիտի սկսին խօսակցութիւններ Պաքուի եւ Արցախի հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Միջանցքներու թէ միջանցք-երթուղի միաժամանակեայ գործարկումի առաջադրանքները չեն իրականացած տակաւին: Ակնայի ճամբէն բեռնատար մուտք գործած է Ստեփանակերտ: Բերձորը տակաւին փակ է: Կամ ռուսական բեռնատարները մուտք գործած են: Ֆրանսականները` ոչ:
Բաց-փակ կամ միջանցք(ներ)-երթուղի գործընթացները պիտի շարունակուին «մարդասիրական մրցապայքար»-ի տեսքով:
Եթէ ճիշդ է, որ Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհը եռակողմ յայտարարութենէն դուրս է, միաժամանակ ճիշդ է նաեւ, որ միակ մարդասիրական օժանդակութիւն տեղ հասցնողը Ռուսիան է:
Ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ Ռուսիան է միայն, որ կը յաջողի փոխարինել ազրպէյճանական առաջարկուող օժանդակութիւնը:
Մարդասիրական մրցապայքարին յայտնապէս պիտի փոխարինէ Պաքու-Ստեփանակերտ խօսակցութիւնները միջնորդելու հակամարտութիւնը:
Միջնորդական նոր հակամարտութեան նախօրէին միանշանակ դիրքորոշուիլը եւ Հայաստանը պաշտպանելու կամ չկարենալ պաշտպանելու մասին յայտարարութիւն կատարելը, առնուազն չի բխիր հայկական կողմի շահերէն:
«Ա.»
aztagdaily.com