Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
1 սեպտեմբեր 2023-ի ամբողջ օրուան ընթացքին եւ յատկապէս երեկոյեան ժամերուն ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամները ազգային- յեղափոխական երգերու ձայնասփռումով եւ յատուկ կոչերով շրջեցան Այնճարի փողոցներուն մէջ եւ ոգեւորեցին գիւղացիները` առ ի պատրաստութիւն երեկոյեան տեղի ունենալիք Արցախի զօրակցական համախմբումին, որ տեղի պիտի ունենար «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ:
Մինչ այդ նոյն վայրին մէջ զետեղուած Արցախի Հանրապետութեան դրօշակը իր շուրջ ստեղծած էր եռուզեռ այն իմաստով, որ Այնճարի մեր հայրենակիցները իրենց ստորագրութիւնը դրոշմելով դրօշակին վրայ կ՛արտայայտէին իրենց յանձնառութիւնը` կանգնելու արցախահայութեան կողքին:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ, Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, քոյր համայնքներու հոգեւոր հայրերու, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու անդամներու, Այնճարի քաղաքապետին եւ հոծ բազմութեան մը տեղի ունեցաւ պաշտօնական զօրակցական համախմբում:
Ձեռնարկին բացումը կատարելով Յակոբ Այնթապլեան շեշտեց, որ արցախահայութեան տոկունութեան դիմաց մերը պարզապէս յարգանքի արտայայտութիւն մըն է: Անոնց դիմադրողականութեան դիմաց մերը խոնարհում մըն է, որովհետեւ հարցը
ազրպէյճանցիներուն կողմէ Արցախի ամբողջական շրջափակումը չէ, այլ արցախահայութեան ցեղասպանութիւնն ու Արցախի ամբողջական հայաթափումը:
Օրուան պատգամը ուղղեց Լութֆիկ Այվազեան, որ սահիկներու միջոցով եւ հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախը երէկ, այսօր եւ վաղը…
Ան անդրադարձաւ բոլոր այն հիմնական գործօններուն, որոնց պատճառով Արցախը վերածուած էր մեծ պետութիւններու, մանաւանդ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ բախման կէտին:
Ան զգօնութեան կոչ ուղղեց ներկաներուն եւ մաղթեց, որ մեր հաւաքական երազները իրականութիւն դառնան:
Երեկոյեան ուշ ժամերուն տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:
Ներկաները իրենց մոմերը վառեցին:
ԼԵՄ-ականները իրենց լուսաւոր մոմերով ուրուագծեցին ԱՐՑԱԽ գրութիւնը, որ զետեղուած էր «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի մուտքին` Արցախը խորհրդանշող Մամիկի եւ Պապիկի կողքին:
Հայրենակիցները իրենց մոմերը զետեղեցին գիւղի հրապարակը` առ ի յարգանք մեր բիւրաւոր նահատակներուն:
Աղբյուրը՝ Ազդակ օրաթերթի