Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մայիս 12-ին, «Հորիզոն»-ի աշխատակից Նազիկ Հանէշեան հեռակապով հարցազրոյց ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան նախագահ Ռէյչըլ Հարտըրի հետ։
Գանատայի ընդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ռէյչըլ Հարտըր յայտնեց, որ պատիւ կը զգայ ղեակավարելու խորհրդարանական խմբակցութիւն մը, որուն նպատակն է արդարութեան հաստատումը։ Ան հաստատեց, որ 2017 թուականին Արցախ այցելելով, անձամբ տեղեկացած է Ատրպէյճսնի կողմէ մարդկային իրաւանց խախտման դէպքերուն, յատկապէս երբ այցելած է Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղը, ուր ատրպէյճանական բանակը սպանած էր անմեղ հայ քաղաքացիներ։
Ռէյչըլ Հարտըր շեշտեց նաեւ, որ 105 տարի առաջ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան նման, այսօր յանցագործութիւնները կը շարունակուին հայ ժողովուրդին դէմ՝ Արցախի մէջ։ Ան յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդը խաղաղասէր ժողովուրդ է եւ արժանի է բոլորին աջակցութեան։
Նշենք, որ 19 Մարտ, 2019-ին, Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան հիմնադիր ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան Գանատայի խորհրդարանի անդամներ եւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները: