կարևոր
1519 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2023-06-22 16:24
Քաղաքական

Ուաշինկթընէն․․․ Երասխ

Ուաշինկթընէն․․․ Երասխ

Ի սկզբանէ եւ վաղո՜ւց սարքուած սադրանք:

Ինչի՞ մասին է մեր խօսքը:

Վերջին տարիներուն, մասնաւորապէս 44-օրեայ պատրեազմին յաջորդած փուլերուն, սովորական դարձած է, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, «պլանաւորուած» ձեռքին գործը տեսնելէ առաջ, ապատեղեկատութիւններով լեցուն յայտարարութիւն մըն ալ պատրաստած կ՛ըլլայ։ Ի չգոյէ, կը տարածուի միեւնոյն յանկերգը, թէ՝ Հայաստանի բանակը կրակած է ազերիական դիրքերու ուղղութեամբ եւ, զինադադարը խախտած ըլլալով՝ Ատրպէյճանի բանակը ստիպուած եղած է փոխադարձել։

Յայտարարութեանց մէջ նշուած վայրերն ալ նոյն կամայականութեամբ շրջան կը փոխեն: Որոշ օրեր՝ Տեղը, Վարդենիսը կամ սահմանամերձ այլ աւան մըն են, վերջինին ընտրութիւնը ինկած էր, Երասխի վրայ: Եւ անշուշտ, այս բոլորը նկատի չունին Արցախի սահմանամերձ շրջաններուն վրայ յարձակումները:

Ըստ սովորութեան, հայրենի իշխանութիւնը ուշ շարժեցաւ եւ տարածուած ապատեղեկատուութեան դէմ, պաշտօնական կիսատ-պռատ հաղորդագրութեամբ մը պատասխանեց, նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէն այս նախայարձակումին գծով դիմեց քրէական մարմինին, յետոյ խօսափողը վստահեցաւ «ազգընտիր վարչապետ»-ին, որուն ընկալեալ սովորութիւնը՝ լուռ մնալն ու «խաղաղութիւն պիտի բերենք» խոստումները մերթ ընդ մերթ փոփոխութիւն կրեցին եւ քննադատական խօսքեր հնչեցին Ատրպէյճանի հասցէին…

Պատահածը յստակ էր։

14 Յունիսին, օր-ցերեկով, ազերի սահմանապահ բանակայիններ կրակ բացած էին Երասխի սահմանամերձ հողամասի մը ուղղութեամբ, ուր ամերիկեան նիւթական ներդրումով մետաղաշինութեան գործարան մը կը կառուցուի։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, լուրը լոյս ընծայելով, տեղեկացուց, թէ վիրաւորուած են գործարանի շինարարական աշխատանքներուն մասնակցող երկու հնդիկ քաղաքացիներ։

Եթէ նկատի ունենանք, որ թրքական աղաղակող հովանաւորութեամբ՝ ազերիական նման ոտնձգութիւններ յաճախ կը պատահին, չենք կրնար աչք փակել այս պատահարին իւրայատկութեան վրայ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք «թայմինկ»-ը։

Ազերի բանակին թիրախը՝ Ուաշինկթընէն ֆինանսաւորուած կառոյց մըն էր, ուրեմն պարզ է, որ սա նա՛եւ հակա-ամերիկեան «աքթ» մըն էր։ Աւելի՛ն, դէպքը պատահեցաւ այն օրերուն, երբ Պաքու առաջարկած էր, որ Սպիտակ Տունը յետաձգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպումներու երկրորդ փուլը։

Յստակ է, որ Անգարա-Պաքու գործակցութեան մը արդիւնքն է սահմաններու վրայ պայթուցիկ կացութիւններ ստեղծելը, յատկապէս այս մէկը, որ բացայայտօրէն բազկերակի ստուգումի արարք է՝ Էրտողանի նախագահ վերընտրուելէն ետք։

Այս դէպքերուն դիմաց, անակնկալ յուսախաբութիւն մըն էր յիշեալ գործարանին կողմէ տրուած որոշումը, թէ աշխատանքները կասեցուած են ցնոր տնօրինութիւն, որուն յաջորդեց վերջերս սովորութիւն դարձած Ուաշինկթընէն ել-կոչ մը, ուղղուած՝ շրջանէն ներս գտնուող ամերիկահպատակներուն, որպէսզի յաւելեալ զգուշութեամբ գործեն եւ չայցելեն անապահով վայրեր։

Երասխի վրայ յարձակումը առանձնակի դէպք չէր, այլ կրկնութիւնները կը մատնեն Հայաստանի վրայ ճնշումի յստակ դիտաւորութիւն: Սոթքի հանքավայրն ալ նոյն ճակատագիրին մատնուած է։

«Թայմինկ»-ին հայաստանեան երեսն ալ ուշագրաւ է, որովհետեւ այս յանձնարարութիւնը կ’ուղղուի զբօսաշրջութեան եղանակի բացման օրերուն, երբ ազերիական վտանգը աւելի քան տարիէ մը ի վեր կախուած է… զբօսաշրջիկներուն նախասիրած վայրերէն՝ Ջերմուկի բարձունքներէն: Աւելի բարձր մակարդակի վրայ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մէթիու Միլըր հաւաստեց, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ երկու կողմերուն միջեւ կառուցողական աշխատանք տանիլ, եւ փորձեց համոզել, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելու կարելիութիւնները շատ են։

Վերադառնանք հայրենի կողմին. անգամ մը եւս «բանաւոր բացակայ» մըն էր դիւանագիտութիւնը, որ այս անբացատրելի ընթացքով՝ անուղղակիօրէն կը դիւրացնէ Ալիեւ-Էրտողան ճանապարհային քարտէսին յառաջ մղումը։

Այս վարչախումբին «շնորհքները» պատճառ դարձան, որ պատերազմ կորսնցնենք. անկէ առաջ ու յատկապէս անկէ ետք, կորսնցուցած ենք դիւանագիտութիւնը։

Սպասենք, բայց մինչեւ ե՞րբ, որ պեքէթեան Կոտոն մոխիրներէն յառնելով՝ վերածուի փիւնիկի։

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական