կարևոր
2887 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-05-01 11:40
Հասարակություն

Աշխատանքը Աղբիւրն Է Յառաջդիմութեան

Աշխատանքը Աղբիւրն Է Յառաջդիմութեան

Գոյութենական տագնապի արտակարգ պայմաններուն մէջ կը դիմաւորենք Մայիս 1-ի Աշխատաւորական տօնը: Աշխատանքը, իր բոլոր տեսակներով ու դրսեւորումներով, աղբիւրն է մարդկային ընկերութեան կեցութեան եւ բարգաւաճումին: Աշխատանքի շնորհիւ է, որ կը ստեղծուի ամենայն բարիք` ֆիզիքական պահպանումի համար սնունդ, մտքի ու հոգիի բաւարարման համար մշակոյթ եւ գիտութիւն, հաղորդակցութեան ու հանգիստի համար արհեստագիտութիւն, մեքենաներ ու գործիքներ: Ամփոփելով` առանց աշխատանքի չկայ, պարզապէս չկայ կեանք:

Կենսական այս բարիքը` աշխատանքը, դարերէ ի վեր եղած է շահագործման առարկայ: Աշխատանքի միջոցով մարդկային ընկերութեան ստեղծած բարիքները, ընկերաբանական տարազումով` յաւելեալ արժէքը, ենթակայ եղած է անհաւասար բաժանումի. յառաջացած են մարդկային մեծ խմբաւորումներէն առաւելագոյն չափով օգտուողներ ու հարստութիւն դիզողներ, իսկ աշխատանքի միջոցով հարստութիւն ստեղծողները մնացած են աղքատ, նոյնիսկ ընչազուրկ:

Արհեստագիտութեան զարգացումը, գիտական գիւտերը կարելի դարձուցին դրամատիրութեան խելացնոր յառաջդիմութեան, դրամագլուխներու կուտակումը եւ իբրեւ ասոնց արդիւնք` անհաւասարութեան խորացումը:

Անհաւասարութեան եւ անարդարութեան դէմ ընդվզումը առաջնորդեց աշխատաւորներու ընդվզումին. բողոքներուն, ցոյցերուն, գործադուլներուն եւ յեղափոխական պոռթկումին:

19-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 20-րդ դարու առաջին յիսնամեակին ազգերու ու ժողովուրդներու ազատագրական պայքարները ընթացան զուգահեռ ուղղութիւններով. պայքար օտար տիրապետութենէ ազատագրուելու ու անկախ պետականութիւն ստեղծելու համար եւ միաժամանակ պայքար աշխատանքի արդիւնքներուն արդար բաշխումին ու ընդհանուր բարօրութեան ստեղծումին համար:

Երկու ճակատներուն ալ վրայ եղան մեծ յառաջդիմութիւններ. ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն թիւը հասած է 193-ի (1945-ին ստեղծման ժամանակ շուրջ 50 էր), իսկ շատ մը երկիրներու մէջ ընկերային բարեկարգումները` ապահովագրութիւն հիւանդութիւններու ու գործազրկութեան դէմ, աշխատանքէ դադրեցման պարագային հատուցում, ընդհանուր եւ ձրի ուսում եւ այլն, մեղմեցին անցեալի շատ անարդարութիւններ: Սակայն, երկու ճակատներուն վրայ ալ տակաւին կը յամենան շատ մը բացառութիւններ եւ կը շարունակեն գոյատեւել թէ՛ անազատ ժողովուրդներ եւ թէ՛ անազատ երկիրներ:

Դեռ կայ աւելին: Գիտական ու արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը սահման չի ճանչնար: Այդ յառաջդիմութիւնը մէկ կողմէ մարդոց կենսակերպը կը հարստացնէ նոր ու արդիական միջոցներով, միւս կողմէ կարելի կը դարձնէ շահագործումի նոր զէնքերու օգտագործումը: Կայսերապաշտութեան նախկին զինական միջոցներուն այժմ միացած է տնտեսական ճնշումներու գործելաձեւ մը, որ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու տարածման անունին տակ, տիրապետութեան նոր եղանակներ կը պարտադրէ շատ մը երկիրներու ու անոնց ժողովուրդներուն:

Նոր կացութիւնները յառաջացուցին քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային նոր պահանջներ: Յառաջացան նոր անհաւասարութիւններ եւ նորատեսակ շահարկումներ: Անցեալի կենսունակ գաղափարաբանութիւնները սնանկ յայտարարուեցան ու այդ գաղափարաբանութիւնները ներկայացնող հզօր կուսակցութիւնները անշքացան: Մարդկային ընկերութիւնը իր ապրած ժամանակի տագնապները լուսաբանող, անոնց լուծումներ առաջարկող նոր վարդապետութիւններու փնտռտուքին լծուած է: Ազատութիւնն ու աշխատանքի ապահովութիւնը կորուստէ փրկելու համար, տեղի կ՛ունենան ընդվզումներ, հաւաքներ, ցոյցեր եւ ըմբոստութեան շարժումներ: Եթէ այս վերջինները յաջողութեան հասնին, յեղափոխութիւն կը յորջորջուին, առանց գոյութիւն ունեցող վարչակարգը էական փոփոխութեան ենթարկելու:

Տագնապը համատարած է. նոր աշխարհակարգի մը սաղմնաւորումը թէեւ տեսանելի է, սակայն չի տեսնուիր անոր ուղղուածութիւնը: Տեսական սահմանումներու բացակայութեան, մարդկութիւնը խարխափումի ենթակայ է:

Շա՞տ հեռացանք Մայիս 1-էն: Չեմ կարծեր: Աշխատանքի ազատագրումի հրամայականը, արդար բաշխումի եւ հաւասարութեան պահանջը միջազգայնօրէն այժմէական են: Մայիս 1-ը կենդանի է:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com