Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով 17-18 նոյեմբեր 2022-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը:
Ժողովին ներկայացուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքեան կազմակերպական շրջաններու քաղաքական, կազմակերպական, քարոզչական, Հայ դատի, երիտասարդական միաւորներու եւ մեր ուղեկից միութիւններու վերջին շրջանին ծաւալած գործունէութեան մասին զեկուցումներ:
Զեկուցումներու լոյսին տակ խորհրդաժողովը քննեց Դաշնակցութեան դիմակայած խնդիրները թէ՛ ներքաղաքական եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ, արձանագրելով, որ մեր երկրի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան պատճառով ստեղծուած այսօրուան ծանր վիճակը յաղթահարելու համար հրամայական է վարչակարգի ամբողջական փոփոխութիւնը:
Խորհրդաժողովը ընդգծեց Արցախի վերջին զանգուածային հանրահաւաքի լոյսին տակ եւ անոր օրինակով, միակողմանի պարտադրուող ծրագիրները մերժելու համաժողովրդային շարժումի ծաւալման անհրաժեշտութիւնը:
ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչները քննարկեցին նաեւ աշխարհաքաղաքական այսօրուան պայմաններն ու միտումները եւ անոնց լոյսին տակ տարուող Հայ դատի աշխատանքները: Յատուկ օրակարգով շեշտուեցաւ նաեւ սփիւռքի ներուժը հայրենանուէր ծրագիրներու իրագործման համար լիարժէք օգտագործելու եւ սփիւռքի տագնապահար գաղութներուն նեցուկ ու զօրավիգ կանգնելու հրամայականը:
Ամփոփելով իր աշխատանքները` ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովը արձանագրեց նշուած առաջնահերթութիւններու ընդառաջ ցանցային եւ համակարգուած աշխատանքներուն վերանորոգ թափ հաղորդելու հրամայականը: