կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-05-08 10:30
Քաղաքական

Խստօրէն կը դատապարտենք ՀՀ իրաւապահ մարմիններու բռնութեամբ դրսեւորուած գործողութիւնները. ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ

Խստօրէն կը դատապարտենք ՀՀ իրաւապահ մարմիններու բռնութեամբ դրսեւորուած գործողութիւնները. ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ

– Սոյն բողոքագիրը յղուած է Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպանին, որ փոխանցուի ՀՀ Իրաւապահ մարմիններու պատասխանատուներուն։

ՀՀ Իրաւապահ մարմիններու պատասխանատուներուն

Առ որ անկ է,

Սոյն նամակով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն Գանատայի կազնակերպական իր կառոյցով, կու գայ խստօրէն դատապարտելու Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններու բռնութեամբ դրսեւորուած գործողութիւնները՝ ընդդիմադիրներու կողմէ կազմակերպուած խաղաղ հանրահաւաքներու ընթացքին։

Հետեւելով իրադարձութիւններուն, ակնառու են քաղաքացիական անհնազանդութեան հանրահաւաքներու ընթացքին առանց բերման ենթարկելու պատճառներն ու հիմքերը յստակացնելու զանգուածային ձերբակալութիւնները, ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Մայիս 5-ի յայատարարութիւնը։

Դատապարտելի է նաեւ յատուկ նշանակութեան ջոկատի ոստիկանական ծառայողներու ներկայութիւնը քաղաքացիական հանրահաւաքներու ընթացքին։ Այս ջոկատներու պարտականութիւնը՝ զինուած յարձակումներ կանխելն է եւ հասարակութեան անվտանգութեանը սպառնացող յանցագործ զինուած խումբերու զինաթափումն է եւ ոչ թէ անզէն ու խաղաղ ցուցարարներ բերման ենթարկելը։

Մի քանի օրերու ընթացքին հարիւրաւոր քաղաքացիներ անհամաչափ ուժի օգտագործումով բերման ենթարկելու գործելաոճը՝ կը հակասէ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներուն եւ նման բռնութիւններու ընթացքը կը հարուածէ մեր ժողովրդավար պետականութեան հիմքերուն։

Խստօրէն կը դատապարտենք ՀՀ իրաւապահ մարմիններու այս վարքագիծը եւ կը պահանջենք, որ վերոնշեալ մարմինները յարգեն ՀՀ սահմանադրութեամբ ամրագրուած Հայ քաղաքացիի իրաւունքները՝ մարդ անհատի իրաւունքները։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ