Միասին կարող ենք
կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2019-07-07 14:30
Հասարակություն

Հանդիպում` ՀՅԴ ԶՈՄ Եւ Հըզպալլայի Ներկայացուցիչներու Միջեւ

Հանդիպում` ՀՅԴ ԶՈՄ Եւ Հըզպալլայի Ներկայացուցիչներու Միջեւ

aztagdaily.com - Հինգշաբթի, 4 յուլիս 2019-ին, «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական միութեան եւ Հըզպալլայի ուսանողական-երիտասարդական վարչութեան ներկայացուցիչներու միջեւ:

Այցելութիւնը նախաձեռնած էին Հըզպալլայի ներկայացուցիչները` նպատակ ունենալով վերահաստատել երկու կուսակցութիւններու եւ միութիւններուն միջեւ նախապէս ի գործ դրուած դաշինքն ու համագործակցութիւնը ուսանողական, երիտասարդական եւ յատկապէս համալսարանական օրակարգերու շուրջ:

Երկու ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, երկու միութիւններու ներկայացուցիչները որոշեցին աշխուժացնել միջկուսակցական աշխատանքները` հիմնակէտ ունենալով զուտ երիտասարդական եւ ուսանողական օրակարգեր: