կարևոր
2992 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-10-29 13:30
Քաղաքական

Սպասելով 31 հոկտեմբերին

Սպասելով 31 հոկտեմբերին

Մինչ Նոյեմբեր ամիսը՝ Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը կը մօտենայ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան միջնորդութեան դափնին խլելու համար մրցավազքը իր պայմանական աւարտին մօտենալով առաւել եւս կը թեժանայ։

Ուշագրաւ է, որ ռուսական կողմը Նոյեմբերէն անմիջապէս առաջ Փաշինեան – Փութին – Ալիեւ եռակողմ հանդիպում մը հրաւիրեց՝ փորձելով Արեւմուտքէն աւելի արագ շարժելով այդ դափնին խլել։

31 Հոկտեմբերին Սոչիի մէջ նախատեսուած այդ հանդիպումը կը սպառնայ խանգարել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի դափնեկիրը ըլլալու Արեւմուտքի ախորժակին, ահա թէ ինչու Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրերայաջորդ նշանակալից յայտարարութիւններ կը հնչեն։

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի համակարգող Ճոն Քըրպի, պատասխանելով ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան թղթակիցին հացումին, թէ ո՞ր Փութինն է իրականը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղարա՞րը, թէ՞ Ուքրայինայի մէջ խառնակիչը ըսաւ. «Կայ միայն մէկ Փութին, ան, որ որոշած է առանց որեւէ պատճառի ներխուժել դրացի պետութիւն»։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, անդրադառնալով Սոչիի մէջ նախատեսուած եռակողմ հանդիպումին ըսաւ. «Ի վերջոյ, Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը պէտք է որոշեն, թէ արդեօք նախագահ Փութինի հրաւէրը կայուն խաղաղութեան ձգտման հարցին մէջ օգտակար կամ պիտանի պիտի ըլլա՞յ» , ապա ինքն իր հարցումին պատասխանելով աւելցուց. «2008 թուականին Ռուսիոյ Վրաստան ներխուժումը եւ անոր շարունակական դաժան ներխուժումը Ուքրանիա ցոյց կու տան, որ Մոսկուան քիչ կը յարգէ իր դրացիի գերիշխանութիւնը եւ դժուար թէ յուսալի, երկարաժամկէտ գործընկեր ըլլայ։ Սակայն, ի վերջոյ, ասիկա պիտի ըլլայ որոշում մը, որ պէտք է տան Հայաստանն ու Ատրպէյճանը»։ Փրայսի տեղակալ Վետանթ Փաթել իր կարգին յայտարարեց. «Չկայ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու գերիշխանութեան ու անկախութեան աւելի շատ սատարող, քան Միացեալ Նահանգները»։

Վերոնշեալ յայտարարութեան նպատակը Երեւանն ու Պաքուն իրենց միջեւ խաղաղութեան միջնորդութեան դափնին Մոսկուայի յանձնելէն տարհամոզելն է եւ համոզելը, որ զայն յանձնեն Ուաշինկթընին, որմէ աւելի «Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու գերիշխանութեան ու անկախութեան սատարողը չկայ»։ Թէ՛ Փրայս, թէ՛ Փաթել Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի անկախութեան վերակակգնման մասին մէկ օր տարբերութեամբ ըսին միեւնոյն խօսքը, թէ վերանկախացումը «երաշխաւորեց այդ երկիրներէն իւրաքանչիւրին սեփական արտաքին քաղաքական շահերն ու գերիշխանութիւնը յառաջ տանելու իրաւունքը»՝ իմա Մոսկուայէն անկախ։

Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար 28 Հոկտեմբերին՝ Սոչիի մէջ եռակողմ հանդիպումին պաշտօնապէս հաստատումէն ետք, շտապեց Երեւան, հաւանաբար ստուգելու համար, եթէ հայկական կողմը պատրաստակամ է խաղաղութեան համաձայնագիրը Սոչիի մէջ ստորագրելու՝ այդպիսով, մետասաներորդ պահուն Եւրոպական Միութիւնն ու ընդհանրապէս Արեւմուտքը զրկելով խաղաղութեան համաձայնութեան միջնորդի դափնիէն։ Ան հաւանաբար նաեւ Հայաստան այցելեց տեղւոյն իշխանութիւնները յորդորելու, որ համաձայնութիւնը ստորագրելու չաճապարեն, այլ սպասեն Նոյեմբերին…։

Հետաքրքրական է նաեւ Եւրոպական միութեան կեցուածքը։ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ Եւրոպական միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինին 26 Հոկտեմբերին յայտարարեց. «Եւրոպական Միութեան կողմէ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը հնարաւորութիւն պիտի տայ նուազեցնելու սահմանի վրայ լարուածութիւնը»։ Սակայն ատիկա այդ դիտորդներուն իսկական առաքելութիւնը չէ։ Դիտորդական առաքելութեան տեւողութիւնը միայն մէկ ամիս է, որովհետեւ անոր իսկական առաքելութիւնը Պրիւքսէլի եռակողմ հանդիպումի նախօրեակին սահմանին վրայ լարուածութեան աճի ստեղծումն ու այդ պատճառով հանդիպումի ձախողութիւնը կանխարգիլելն է։

Հարցն այն է, որ Ատրպէյճան աւանդաբար ամէն հանդիպումէ առաջ զինուորական գետնի վրայ մագլցողական քայլի կը դիմէ կամ սահմանին վրայ լարուածութիւն կը ստեղծէ Երեւանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար։ Ինչպէս դեսպան Վիքթորինիի յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, Եւրոպական Միութիւնը այն յոյսն ունի, որ իր դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը զսպիչ ազդեցութիւն կ’ունենայ յարձակողապաշտ ատրպէյճանական կողմին վրայ, եւ պրիւքսելեան հանդիպումին համար կ’ապահովէ համաձայնութեան մը ստորագրման առնուազն կարելիութիւնը չխանգարող մթնոլորտ մը։

Այդ դիտորդները կը տեղակայուին հակառակ ռուս սահմանապահներու ներկայութեան. Պրիւքսելի տեսանկիւնէն դիտուած անոնք վստահելի չեն, որովհետեւ Մոսկուայի շահերէն ալ կը բխի լարուածութեան աճն ու Պրիւքսէլի հանդիպումի ձախողումը։ Ի վերջոյ, եթէ Սոչիի մէջ խաղաղութեան համաձայնագիր չստորագրուի, Մոսկուան պիտի չարտօնէ կամ առնուազն չուզէ, որ ատիկա Պրիւքսէլի մէջ ստորագրուի։

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 27 Հոկտեմբերին՝ 31 Հոկտեմբերի հանդիպումի նախօրեակին «Վալտայ» ակումբի նիստին ընթացքին Երեւանի նկատմամբ ժեստով մը նշեց. «Հայաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է, դաշնակիցն է, եւ մենք, նկատի առնելով Ատրպէյճանի շահերը, պէտք է կեդրոնանաք այն հարցերուն վրայ, որոնք Հայաստանը պիտի առաջարկէ»։ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք նոյն օր կը գտնուէր Պաքու, ուր հանդիպում ունեցաւ Ալիեւի հետ, ըստ վերջինիս մամլոյ ծառայութեան, քննարկելու համար Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը։ Վերջինս մէկ բաղադրիչ մասն է խաղաղութեան համաձայնութեան, որ վստահաբար հանդիպումին իսկական թեման էր, իսկ այցելութիւնը Սոչիի հանդիպումի բարեյաջող աւարտի նախապատրաստման ջանքերու ծիրին մէջ էր։ Ի զուր չէր, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Քերըն Տանֆրիտ մէկ օր ետք հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ վերջինիս վկայութեամբ քննարկելու համար «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ խաղաղութեան ջանքերու հեռանկարները»։ Իսկ նշեալ «խաղաղութեան ջանքեր» ակնարկը անշուշտ Սոչիի եւ Պրիւքսէլի մէջ համաձայնութեան գոյացման ջանքերուն ու անոնց «հեռանկարներուն » մասին է։

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան Հայաստանի տարածքին մէջ տեղակայումը Հայաստանի ներկայ վարչակազմի դէպի Արեւմուտք թեքումին վառ ցուցանիշերէն մէկն է, սակայն Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետը 28 Հոկտեմբերին, անուղղակի կերպով Փութինի մէկ օր առաջ «Վալտայ» ակումբին մէջ հայկական կողմին ուղղութեամբ կատարած ժեստին դրական ընկալման մասին յուշող թուիթըրեան ռուսերէն գրառում մը կատարելով նշեց. «Հայաստանը Սեպտեմբերի սկիզբը համաձայնած է աշխատիլ Ռուսիոյ կողմէ ներկայացուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիններու հաստատման հիմնական սկզբունքներու եւ շրջագիծերու հիման վրայ եւ պատրաստ է ատիկա հաստատել Սոչիի մէջ։ Յոյսով ենք, որ Ռուսիան պիտի պաշտպանէ իր առաջարկները»։ Գրառումը ռուսերէնով էր, որովհետեւ անոր պարունակած պատգամը յատուկ ռուսական կողմին ուղղուած էր։

31 Հոկտեմբերին պիտի յստականայ, եթէ խաղաղութեան համաձայնութեան միջնորդութեան դափնիին տիրանալու համար Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ այս մրցավազքը պիտի աւարտի՞, թէ պիտի շարունակուի մինչեւ պրիւքսէլեան հանդիպում, եւ թերեւս ալ ատկէ ետք։ Մէկ բան յստակ է, որ Սոչիի հանդիպումի ձախողութիւնը ոչ մէկ ձեւով կ’երաշխաւորէ Պրիւքսէլի հանդիպումին յաջողութիւնը, եւ ոչինչ անկարելի է։ Ահա թէ ինչու ջիղերը լարուած են եւ այդ մասին վկայող հաղորդակցութիւններն ու յայտարարութիւնները առատ։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Հայրենիք»