կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-14 21:30
Հասարակություն

Սպասելով ընդդիմութեան

Սպասելով ընդդիմութեան

Որքա՞ն պիտի սպասենք։ Որքա՞ն կարելի է սպասել։

Դեկտեմբեր 9-ի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի արտակարգ ընտրութիւններէն ետք, այս հարցադրումները տեղին է շարունակ նշելը։
Սպասուածը, պարզ ու մեկին, ընդդիմութիւնն է։

Ա’յն ընդդիմութիւնը, որ կրնայ որոշ ուղղութիւն մը տալ երկրի մը, ուր նոյնինքն ընդդիմութիւնը ղեկը ստանձնելէ ետք, ստեղծած է քաղաքական բացակայութիւն մը՝ պարապութիւն մը, որ հետզհետէ մտահոգիչ կացութիւն կը ստեղծէ։

Իսկ եթէ այդ «Սպասելով Ընդդիմութեան»-ը հանրածանօթ թատերագիր Սամուէլ Պէքէթի «Սպասելով Կոտոյին» («Waiting for Godot»)« գործին յար եւ նման ըլլայ , այդ պարագային անհեթեթութեան թատրոնը խուժած պիտի ըլլայ նաեւ քաղաքական բեմահարթակ, ստեղծելով աններելի անհեթեթութիւն մը, տարբեր իրապաշտ աշխարհի մը մէջ, ուր ամենադոյզն դերն ու շարժումը այլազան կացութիւններ կը ստեղծեն։

Եթէ «Սպասելով Կոտոյին» մէջ երկու հերոսները՝ Վլատիմիր եւ Էսթրակոն, կը սպասեն Կոտոյին, որ երբեք չի յայտնուիր, հայորդիին պարագային թատրոն չէ պատահածը: Իսկ եթէ ցայսօր անյայտ ու չքացած ընդդիմութիւնը չյայտնուի, այդ պարագային է, որ կրնայ ղեկավարն ու ղեկավարութիւնը հասցնել մեծամոլութեան։

Նոյնինքն «Սպասելով Կոտոյին» մէջ, վերոյիշեալ երկու հերոսները իրլանտական առոգանութեամբ կը զրուցեն եւ կ՛արտայայտուին, այդ մէկն ալ դիտմամբ Պէքէթ կը կատարէ իբրեւ իրլանտացի իր ցասումն ու քննադատութիւնը արտայայտելու Բրիտանիոյ (անդրանիկ ներկայացում՝ 1953-ին, Փարիզի մէջ) դէմ։

Հայորդիին համար, առոգանութեան կարիքը չկայ։ Յստակ է, թէ առանց որեւէ տեղայնականութիւն ստեղծելու, ընդդիմութեան կարիքը կայ։

Մինչ այդ, արդէն իսկ մօտիկ ապագայի վարչապետը, շտապօրէն գործի անցնելով, կատարած է շտապ յայտարարութիւններ։ Առաջին հերթին, ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան անդրադառնալով, ան յայտնեց, թէ Հայաստան անդամ է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), եւ հակառակ ՆԱԹՕ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններու անդամակցելուն եւ գործելուն Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ, երբեք չի ձգտիր անդամակցելու։

Այս արագ եւ բաւական հաւասարակշռուած մատնանշումէն անկախ, Փաշինեան աւելի պղտոր ջուրերու մէջ փորձեց որսալ, առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ ուղիղ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու նիւթը արծարծելով:

Հետաքրքրականը այն է, որ ան նոյնիսկ կռահած էր Թուրքիոյ պատասխանը, թէ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները կապուած են Արցախի հիմնահարցին հետ, որուն մէջ առաջնահերթ դեր ունի անոր մօտիկ գործակից Ատրպէյճանը։

Ազգային Ժողովի վերջնական դասաւորումները չկատարուած, տեղի կ՛ունենան պատասխանատու արտայայտութիւններ, որոնք ինքնաբերաբար կ՛ազդեն երկրի ազգային ապահովութեան վրայ։

Ժամանակը կարճ է։ Հայաստանի Կոտօն՝ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ, պէտք է որ յայտնուի։

…Անյապաղ՝ սպասելով ընդդիմութեան։

Դեկտեմբեր 11, 2018