կարևոր
1600 դիտում, 10 ամիս առաջ - 2023-12-27 16:50
Քաղաքական

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի մասնակցութիւնը Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնախումբի տարեկան ժողովին

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի մասնակցութիւնը Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնախումբի տարեկան ժողովին

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը առցանց մասնակցութիւն ունեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան ԸԵՄՄ Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնախումբի տարեկան ժողովին:

Դեկտեմբեր 12-13-ին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականէն 6 հոգինոց պատուիրակութիւն մը՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Եւրոպայէն մասնակցութիւն ունեցան ժողովին: Ընկերները ներկայացուցին Հայաստանի եւ մանաւանդ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին ամիսներու արհաւիրքները, էթնիկ զտումն ու ներկայիս բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վիճակը: Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան քննարկում «Սեւծովեան տարածաշրջանը համաշխարհային ճգնաժամերու մէջ» խորհագրով, որուն բանախօսներն էին՝ ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» Դաշինքի պատգամաւոր Արթիւր Խաչատրեանը եւ Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի գիտաշխատող Եղիա Թաշճեանը:

Յիշեցնենք, որ ԸԵՄՄ՝ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար-Միջազգայնականի (Սոցիալիստական Ինտերնացիոնալ) ուղեկից երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որուն անդամակցում են աւելի քան 163 կազմակերպութիւններ՝ աշխարհի շուրջ 110 երկրներէն։ ՀՅԴ Երիտասարդականը ԸԵՄՄ-ի լիիրավ անդամ է։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի
Երիտասարդական գրասենեակ