Փոխարժեքներ
18 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 388.25 |
EUR | ⚊ | € 410.42 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.9 |
GBP | ⚊ | £ 491.99 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.19 |
Հարիւրեօթ տարի ետք Հայոց մեծ գողգոթայէն, անկախ պետականութեան պայմաններուն մէջ հայկական խօսոյթին մէջ ցեղասպանութիւն եզրը յամառօրէն չի զիջիր իր դիրքը։ 2020-ի Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր պատերազմի օրերուն էր, որ այդ եզրը բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ այժմէականացաւ, հայոց գոյութեան սպառնալիքը վերստին գլուխ բարձրացուց։
Սեւ ու անպատմելի դժբախտ օրերու յիշատակի այս օրերուն, Հայ մարդը՝ անկախ իր գտնուած վայրէն, պէտք է ինքնիրեն հարց տայ, որ ինչքա՞ն ապիկար պէտք է ըլլայ ազգ մը, որ անգամ մը ենթարկուելէ ետք ցեղասպանութեան, հարիւր եւ աւելի տարի ետք անոր կրկնութեան տագնապն ապրի իր հայրենիքին մէջ։
Բնական չէ այս վիճակը։ Ոչ միայն բնական չէ, այլեւ անարգական է Մարդուն, այս պարագային՝ Հայուն, որու թիւի մեծագոյն մասը կը գտնուի իր հայրենիքէն դուրս եւ իր հերթին ամէն օր վերապրումի պայքար մը ունի մղելիք։ Ինչպէ՞ս սպասել անմիջական վտանգէն հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու նետուած հայութեան մնացորդացէն, որ ձգտի հայրենաբնակ վտանգուած իր ազգակիցներուն միանալ։
Ի՞նչ ազդանշան կը տրուի ներսի եւ դուրսի նոր եւ նորագոյն սերունդներուն պետական այս փնթի ղեկավարութեամբ։
Ինչպէ՞ս սպասել անհատի եւ հաւաքականութեան վերականգնում, զարթօնք։
Հարիւրեօթ տարին կամայ թէ ակամայ կը բարդուի խաւար ստրկութեան դարերուն, որոնց ընթացքին եղա՛ծ են փայլատակումներ, որոնք լուսաւորած են ժամանակը եւ վայրը, գործողները, Ազգի մէջք շտկած, բայց չեն շարունակուած, մնացած են որբ եւ անվաղորդայն։ Շղթայ չեն կազմած։
Պէտք է անդրադառնալ, որ այս անհետեւողական ընթացքը միայն պարտութիւններու առաջնորդած է եւ կ’առաջնորդէ։
Պէտք է սթափիլ եւ ուղղուիլ, հետեւողական եւ յամառ աշխատանքով սկիզբ մը դնել, որուն շարունակութիւնը միայն կրնայ փարատել մղձաւանջները։
Պայմանականօրէն մէկուկէս միլիոն հաշուող հայոց նահատակները (իրականութեան մէջ շատ աւելին), պետական ծրագրի մը հետեւանք էին, նպատակ ունենալով ՀԱՅԱԹԱՓԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ԱՊԱ ԻՒՐԱՑՆԵԼ ԶԱՅՆ։ Ապրիլ 24-ին մենք կը յիշենք ու կը պահանջենք Արեւմտեան Հայաստանը, եւ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար զայն կ’անջատենք Արեւելեան Հայաստանի դատէն՝ Դաշտային Արցախէն, Նախիջեւանէն եւ այլն։
Առանց մեր անդրադարձին իսկ, թրքութիւնը արեւմուտքէն եւ արեւելքէն քայլ առ քայլ, առանց շեղումի, հետամուտ է միեւնոյն ծրագրին, չխորշելով հարիւրամեայ վաղեմութեամբ գազանութիւնները կրկնել։ Ազգային մեր դժբախտութիւնը ոչ միայն թրքութեան դրացնութիւնն է, այլեւ մէկ ու միակ ոսոխին հետապնդած ծրագիրը կամայականօրէն մասնատելը՝ Արցախի, Վանի կամ Ալաշկերտի։ Մինչդեռ անոնք մէկ ամբողջութիւն պարտէին ներկայացնել մեզի համար՝ հասարակութիւն եւ պետութիւն։
Արդիւնքը կ’ըլլայ այն, որ մեր իսկ անջատած ճակատներուն վրայ կը դատապարտուինք մարտիրոսութեան ճամբան դարձեալ անցնելու։
Երեսունմէկ եւ աւելի տարի է, Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի․ իրաւատէրը Հայ դատին, որ՝ Միացեալ Հայաստան, Միացեալ Հայութեամբ կը թարգմանուի։ Այս անցած տասնամեակներուն երբ Արցախի ազատագրական պայքարը առաջնագիծ էր, երբեւէ չիմացանք միջազգային ամպիոններէ, որ՝
ա․ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ սահմանները ապօրէն են, զէնքի ուժով պարտադրուած,
բ․ Դաշտային Արցախը ապօրինաբար կցուելէ ետք թրքական երկրորդ հանրապետութեան, հայաթափուած է եւ իւրացուած,
գ․ Լեռնային Արցախը, որ տոկացած էր բոլոր ճնշումներուն եւ ի վերջոյ ազատ ինքնորոշուած էր, միջազգային թուլակամութեամբ թէ մեղսակցութեամբ, մօտիկ թէ հեռաւոր «բարեկամ»՝ եթէ ոչ «դաշնակից» պետութիւններ ինչո՞ւ չեն ճանչնար, իսկ աւելի ուշ վաւերացուցին ալ վերջին պատերազմին անոր մեծ մասի բռնագրաւումը,
դ. Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւական սահմանները արեւմուտքէն հարիւրերկու տարի է իրաւարար վճռով գծուած են, գործադրութեան կը սպասէ,
ե․ Հայաստանի արեւելեան սահմանները իրաւախոհութեամբ կամ իրաւարարութեամբ որոշելու նախագիծ մէջտեղ դրուած էր 1918-20 թուականներուն։ Այդ ալ հաշուի մէջ է։
Ունեցած իրաւունքներդ երբ չես արժեւորեր, չես փորձեր արժեւորել, չես պատրաստուիր տիրութիւն ընել անոնց, մեծապետական թելադրանքներու կամ հարկադրանքներու կ’անսաս, չես ըմբոստանար, չես բողոքեր, աշխարհը իրար չես անցներ, հայրենիքի մնացած բաժինէն ալ դուրս պիտի մղուիս ուշ կամ կանուխ, որովհետեւ դիմացը հակապատկերդ է՝ որ չունեցած իրաւունքը կաշառքով, զէնքով կամ այլ կերպ հետեւողականօրէն կ’աշխատի հաստատել հարիւր եւ աւելի տարիէ ի վեր։ Վկա՛յ պատմութիւնը։
Մեր տխուր ներկան հետեւանք է հայրենիքի ամբողջականութեան ուրացման։ Ամբողջականութիւն՝ որուն դէմ կը գործէ նոյն թշնամին երկու ճակատէ։ Մենք ընդունած ենք մեր հայրենիքի մասնատումը, ժողովուրդի, լեզուի մասնատումը։ Մեր իրականութեան տարօրինակութիւններէն է նաեւ՝ որ Անգարայի ծաւալուն եւ վճռորոշ մասնակցութիւնը 2020 Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր պատերազմին շատ բնական ընդունուեցաւ, կարծես ներողամտութեան ալ արժանացաւ։ Այլ պետութիւններ նման պարագայի վայնասուն կը բարձրացնէին ու չէին հանգստանար մինչեւ որ հաշուետուութեան չկանչուէր կարգը խախտողը։
Եւ այս պարագան ալ թող յուշէ, որ ինչքան ալ մատի ետին պահուըտիլ փորձենք, այլընտրանք չունինք․ ամբողջ ճակատով պիտի դիմագրաւենք մարտահրաւէրը։
Ամբողջ ծրարով, փաթեթով պիտի ընդգրկենք խնդիրը, որուն էութիւնն իսկ այդ է․ մենք նորը պիտի չհնարենք, մանաւանդ որ թուրքը գիտէ թէ ինք ինչ կ’ուզէ։
Ահա մարտահրաւէրը, զոր դիմագրաւելու շուրջ պարտաւոր ենք համախմբել հայութիւնը իր տարբեր թեւերով՝ ներսը եւ դուրսը, եւ անյապաղ բազմաճիւղ ու բազմամակարդակ աշխատանք կազմակերպել։ Ազգովի՛ն։ պետականօրէ՛ն։
Թերեւս վիճակի ծանրութիւնը եւ հանրութեան անհաղորդութիւնը թելադրեն այլեւս ուղիղ ճամբէն ընթանալու եւ նպատակին դիմելու, առա՛նց ծեքծեքումներու։ Յստակ ուղղութիւն պէտք է, որ մարդիկ հաւատան եւ հետեւին, նուիրուին։
Ոչ ոք այս դերը պիտի կատարէ մեր փոխարէնը։ Մեր նահատակներու անթաղ ոսկորները այնժամ պիտի հանգստանան։