Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Երկու տարուան ընդմիջումէն ու համավարակի ստեղծած նեղացուցիչ պայմաններուն վերացումէն ետք, այս շաբաթավերջին, յունահայութիւնը կը պատրաստուի հրապարակային եւ համաժողովրդային տարողութեամբ ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը եւ յարգանքի տուրք մատուցել իր միլիոն ու կէս նահատակներու անմառ յիշատակին։
Ստիպողական ընդմիջում մըն էր, որ մեզ պարտաւորեց առցանց նշել Ցեղասպանութեան նախորդ երկու տարելիցները, առանց ժողովրդային այն լայն մասնակցութեան, որուն մէջ մասնաւորապէս երիտասարդութեան ձայնը իր տիրական եւ վճռորոշ ներկայութիւնը կը հաստատէ, պայքարի ազդանշանը տալով հայ զանգուածներուն։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ու հելլէն պետութեան համակազմակերպութեամբ, աւելի քան 25 տարիներու վրայ երկարող ոգեկոչումներու շարքը վերստին իր հունին մէջ կը մտնէ, իր մէջ պարփակելով յարգանքի, պահանջատիրական եւ քաղաքական բնոյթի համաժողովրդային տարբեր ելոյթներն ու միջոցառումները։
Իւրայատուկ է յունահայութեան պարագան։ 1996-ին, հելլէն խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ու անոր ոգեկոչումը պետական օրէնքի վերածելով, Յունաստան այն երկիրն է, որ հայ ժողովուրդին հետ միասնաբար եւ պետական բարձր մակարդակով կը յարգէ մեր ազգին վրայ գործուած աննկարագրելի եղեռնագործութեան պատմական յուշն ու անոր արդար հատուցման եւ միջազգային օրէնքին վրայ յենուած արդարութեան վերականգնումը։
Արդէն, որպէս բախտակից ազգ, յոյն ժողովուրդի կրած տառապանքներն ու ողբերգութիւնները դասուած են Արեւելքի ժողովուրդներու ամէնէն ծանր եւ աղէտալի ցեղասպանութիւններու շարքին։
2022-ն կը յատկանշէ նաեւ յոյն ազգի արդի ժամանակներու մեծագոյն ողբերգութեան 100-ամեայ տարելիցը՝ Փոքր Ասիոյ աղէտը, կորսուած հայրենիքի դառն նշումը, որ նման հայ ժողովուրդին, նոյն ժամանակներուն ճաշակած պատմական իրադարձութիւններուն զուգահեռ, յանգեցաւ Արեւելքի հազարամեակներու քաղաքակրթութեան կորուստին, պատմական հայրենիքներու խորտակումին, քրիստոնեայ ստեղծագործ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններուն ու բռնի տեղահանումներուն։
Ահա, այս ողբերգական պարունակին մէջ, գաղութային տարողութեամբ, Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի, Թրակիոյ եւ Քալամաթայի հայութիւնը այս Շաբաթ եւ Կիրակի պիտի յարգէ ո՛չ միայն Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը, այլեւ հելլէն քաղաքական եւ հասարակական աշխարհին հետ միասնաբար, իր գլուխը պիտի խոնարհէ փոքրասիական աղէտին հետեւանքով հայ ժողովուրդի երկրորդ մեծ ողբերգութեան առջեւ, որ այս անգամ պատճառ դարձաւ հայկական Կիլիկիոյ դարաւոր հայրենիքի եւ Զմիւռնիոյ հայկական բարգաւաճ կեանքի քայքայումին ու խորտակման։
Այս շաբաթավերջին, բոլորիս գերագոյն պարտականութիւնն է վերստին գտնել մեր դիմագիծը եւ զանգուածային մասնակցութեամբ բարձրացնել արդարութեան ձայնը ցեղասպան Թուրքիոյ ու անոր դաշնակիցին՝ հայասպան Ատրպէյճանին դէմ։
— Որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը չկասեցուի մեծապետական ուժերու շահերու բախումի նորօրեայ յորձանուտին մէջ։
— Որպէսզի համահայկական լարումով դէմ կանգնինք թուրքեւատրպէյճանական հայաջինջ քաղաքականութեան, որ կը փորձէ մեր համազգային օրակարգը ու հայ ժողովուրդի լինելութիւնը խեղդել նորօսմանական ծաւալապաշտական ծրագիրներուն մէջ։
— Որպէսզի Արցախի հիմնահարցը դուրս գայ հայրենի ներկայ անպատասխանատու իշխանաւորներու անկարողութեան պատճառով ստեղծուած ճահիճէն ու վերագտնէ միջազգայնօրէն զայն լուծելու իր իրաւունքը։
— Որպէսզի թոյլ չտրուի այսպէս կոչուած «հայ-թրքական մերձեցման» փութկոտ տեղատուութեան մէջ միանգամընդմիշտ գետնին հաւասարեցուի հայ ժողովուրդի արդար հատուցման պահանջն ու պատմական յիշողութիւնը։
— Որպէսզի ցոյց տանք թուրք եւ ազերի պետութեանց, թէ հակառակ մեր հայրենի ներկայ ղեկավարութեան քաղաքական սնանկութեան, հայ ժողովուրդի զաւակները կը շարունակեն տէր կանգնիլ մեր արծուաբոյն Արցախի ամբողջականութեան, հայկական աշխարհի դէմ հողային նկրտումներու դիմագրաւման, տարագիր արցախցիի վերադարձին, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւեալ հողերու վերատիրացման ու իր սեփական հայրենիքին վրայ հայ մարդու անկաշկանդ ու ազատատենչ վերապրումին։
Այս շաբաթավերջին, գաղութային լայն ներկայութեամբ վերստին ոտքի կանգնած պիտի յիշենք ու պիտի պահանջենք։
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հաստատուած եւ համազգային յարգանքի ու ընդունման արժանացած Հռչակագիրի ոգին ու պարունակութիւնը իրենց ամուր հնչեղութեամբ կը շարունակեն մնալ մեր արդար սպասումներուն եւ պահանջատիրութեան անշեղ ուղեգիծն ու քաղաքական Ուխտը։
Մինչեւ վերջնական հատուցում։
Մինչեւ հայ ժողովուրդի բարոյական եւ իրաւական պահանջներու ամբողջական գոհացում։
Կը յիշենք, կը պահանջենք, կը պայքարինք։
«Ազատ օր»-ի խմբագրական
azator.gr