կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-03-18 20:25
Հասարակություն

Թուրքիա Կ’ուղղուի Դէպի Մեծն Թուրանիա, Իսկ Ռուսիա Վտանգի Փողեր Կը Հնչեցնէ

Թուրքիա Կ’ուղղուի Դէպի Մեծն Թուրանիա, Իսկ Ռուսիա Վտանգի Փողեր Կը Հնչեցնէ

Հակառակ անոր որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մօտ օրէն պիտի այցելէ Թուրքիա, եւ հակառակ այն իրականութեան, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները ոչ միայն հեզասահ են, այլ հիանալի վիճակի մէջ կը գտնուին, Թուրքիա ոչ մէկ առիթ կը փախցնէ Մեծն Թուրանիա կերտելու իր երազէն հրաժարելու, ընդհակառակն, ճիգ չի խնայեր վերադարձնելու Օսմանեան կայսրութեան «փառքեր»-ը:

Այս նպատակը իրականացնելու ճամբուն վրայ Թուրքիա իր բոլոր միջոցներն ու կարելիութիւնները կ’օգտագործէ` սկսելով զինուորական իր զօրութենէն, անցնելով տնտեսական ներդրումներուն եւ հասնելով մինչեւ Մեծն Թուրանիայի կերտում: Իրականութիւն մը, որուն հանդէպ Մոսկուա կը սեւեռէ իր մտահոգ հայեացքը` զայն նկատելով սպառնալիք մը եւ ապագայ վտանգ մը` իր հողային ամբողջականութեան ու աշխարհաքաղաքական հարստութեան:

Եթէ հարց տանք, թէ այս ծրագիրին արձագանգը Ռուսիոյ ներքին կացութեան մէջ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, ապա պէտք է անդրադառնալ տարիներ առաջ ռուս վերլուծաբաններու կողմէ Մեծն Թուրանիա մը կերտելու մասին կատարուած յայտարարութիւններուն: Ռուս վերլուծաբաններուն համար յստակ էր, որ Մեծն Թուրանիա կերտելու ծրագիրին նպատակն է ազրպէյճանցիները եւ Միջին Ասիոյ կարգ մը ժողովուրդները, այլ խօսքով` նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ բնակող թրքական ծագում ունեցող ժողովուրդները համախմբել:

Նկատառելի է այն, որ ամիսներէ ի վեր Մեծն Թուրանիա մը կերտելու գաղափարը ներքին ռուսական առումով սկսած է իր հնչեղութիւնը ունենալ` արձանագրուած չորս հիմնական զարգացումներու պատճառով: Անոնցմէ մէկը Մոսկուայի մտահոգութիւնն է, որ 2020-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի պատերազմին ապահոված արդիւնքներով խանդավառ Թուրքիան աւելի եւս պիտի զօրակցի Պաքուին, որպէսզի ան յաւելեալ ճիգ թափէ Զանգեզուրի միջանցքին տիրանալու նպատակով, որովհետեւ Զանգեզուրի միջանցքը ապահովուելու պարագային Անգարայի համար Հարաւային Կովկասէն Միջին Ասիա ցամաքային ուղղակի կապ մը պիտի ապահովուի:

Երկրորդ զարգացումը կը մարմնաւորուի ռուսական այն մտավախութեամբ, որ թրքական ներկայութիւնը աւելի եւս կը շեշտուի այն երկիրներուն մէջ, որոնք նախապէս իրեն հետեւորդ էին: Ռուս ղեկավարներն ու վերլուծաբանները զգուշութեամբ կը հետեւին Անգարայի գլխաւորած Թրքական երկիրներու կազմակերպութեան (նախապէս ծանօթ` իբրեւ Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդ) արձանագրած յառաջխաղացքին: Ռուսիա կը նկատէ, որ այս կազմակերպութիւնը պիտի փոխարինէ ԱՊՀ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի, որոնք կ’ենթարկուին Մոսկուայի:

Երրորդ զարգացումը ուղղակիօրէն կախեալ է 2021-ի հոկտեմբերին Թուրքիոյ կողմէ Ղազախստանին վաճառուած անօդաչու թռչող սարքերու Ռուսիոյ մտահոգութենէն:

Իսկ չորրորդ զարգացումը, որ Ռուսիան սոսկալի կերպով ընդվզեցուցած է, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի լուսանկարն է, երբ ան Մեծն Թուրանիան պատկերող քարտէս մը կը ստանձնէր ծայրայեղ աջակողմեան Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլէթ Պահչելիէն:

Նկատի ունենալով այս զարգացումներն ու միջադէպերը, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ մէջ հնչող եւ վերջնական նպատակ նկատուող Մեծն Թուրանիայի կերտումը, Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ վտանգի փողեր կը հնչեն: Մոսկուայի մէջ ապրող ու գործող ընտրանի մը անդադար ձայնը կը բարձրացնէ` զգուշացնելով Անգարայի ծրագիրներուն մասին:

Զգուշացնող այս ընտրանիին մաս կը կազմէ ռուս մտաւորական, հեղինակ, Մոսկուայի «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» համալսարանի դասախօս եւ «Ցարկրատ» ռուսական պատկերասփիւռի հաղորդավար Քամրան Կազանովը, որ կը հաստատէ, թէ Մեծն Թուրանիա կերտելու այս նպատակը թրքական ծագում ունեցող ժողովուրդներուն զօրակցութեան կ’արժանանայ:

Կազանով կը հաստատէ, որ Մեծն Թուրանիա կերտելու ծրագիրին հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութեան կողքին, այդ ծրագիրը ունի որոշ ծածուկ անկիւններ, որոնք անյստակ են, եւ իրենց անյստակ ըլլալու իրականութիւնը ինքնին ուժի աղբիւր է: «Իբրեւ ինքնութիւն` անոր անյստակ ըլլալը պատճառ կը դառնայ, որ անոր շուրջ համախմբուին ոչ միայն աշխարհի թուրքերը, այլ նաեւ` անոնց հետ կապ ունեցող այլ ժողովուրդներ», յայտնեց ան:

Կազանով ընդգծեց, որ Մեծն Թուրանիա ըմբռնումը թուրքերուն ուղեղին մէջ դրոշմուած է իբրեւ «Թրքական աշխարհ»-ի համազօր տարբերակ: «Սկզբունքով այդ ծրագիրը իրական է, իսկ այդ ծրագիրին պարագային, Ազրպէյճանի դերակատարութիւնը իբրեւ ցատկահարթակ (trampoline) ծառայելն է, որպէսզի Հիւսիսային Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ մէջ թրքական ներթափանցումը ընդարձակէ», կ’ըսէ ան:

Կազանով կը հաստատէ, որ Մոսկուա պէտք է իմանայ այս իրականութիւնը, որովհետեւ եթէ ան երկար սպասէ, ապա ինքզինքը կրնայ դուրսը գտնել եւ վկայել, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիա դէպի իր հողերը կը ներթափանցէ:

Եթէ պիտի փնտռենք ռուսական այս մտավախութեան ենթահողը, ապա պիտի տեսնենք, թէ Մեծն Թուրանիա ստեղծելու գաղափարին հանդէպ Մոսկուայի մտահոգութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ այդ ծրագիրին մէջ միայն թրքական ծագումով ժողովուրդները պիտի չներգրաւուին, այլ նաեւ ֆինօ- ուգրական ժողովուրդները, որոնք անջատողական կը նկատուին եւ աշխարհագրական դիրքով կ’ապրին Ռուսիոյ մէջտեղը:

Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, որեւէ շարժում, որ կը միացնէ զոյգ խմբաւորումները, ոչ միայն պիտի սպառնայ Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ մէջ ռուսական հեղինակութեան, այլ վտանգի պիտի ենթարկէ խորհրդային սահմաններուն մէջ գտնուող թրքական, ֆինօ-ուգրական շրջաններուն վրայ Մոսկուայի իշխանութիւնը:

Անշուշտ Ռուսիան միակ երկիրը չէ, որուն կը սպառնայ Մեծն Թուրանիան: Յստակ է, որ մէկ կողմէ Իրան կը մերժէ տեսնել թրքական նման ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն, իսկ միւս կողմէ` Չինաստանը, որ երկար ժամկէտի վրայ սպառնալիք կը նկատէ այդ քաղաքականութիւնը` ոչ միայն այն իրականութեան համար, որ իր սահմաններուն մէջ կան ույղուրներ, ղազախներ եւ այլ ժողովուրդներ, այլ` այն պատճառով, որ ի վերջոյ Փեքին կ’ուզէ Միջին Ասիոյ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ իբրեւ հիմնական դերակատար իր դիրքերը պահպանել:

Հետեւաբար Չինաստան կը նկատէ, որ Մեծն Թուրանիայի այս ծրագիրը ապագային կրնայ լուծուիլ չինական համաշխարհային հանգամանքին մէջ:

Բայց եւ այնպէս Ռուսիա ամէնէն աւելի վտանգի ենթակայ է Մեծն Թուրանիա կերտելու ծրագիրէն: Մեկնելով այս դիտանկիւնէն` ռուս գիտնականներ եւ պատասխանատուներ սկսած են վերջերս յաւելեալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել նոր թուրանական ծրագիրին հանդէպ:

Այս ծրագիրին եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ եթէ կապ մը պիտի փնտռենք, ապա պիտի տեսնենք, որ երկուքին` թէ՛ Մեծն Թուրանիա կերտելու եւ թէ՛ ՕԹԱՆ-ի հետապնդած նպատակները նոյնն են` քանդել Ռուսիան եւ անոր գերուժը:

Ռուսական կառավարութեան պատկանող Ռազմավարական մշակութային հաստատութեան գիտահետազօտող Արթիոմ Իկնաթիեւ յայտնեց, որ ներկայիս պատահածը թրքական ծրագրումի հետեւանք է, եւ Ռուսիա չկարենայ լուրջ քայլերու դիմել` բացի արձանագրուած զարգացումներուն հետեւելէ:

Իկնաթիեւ մէկ քայլ առաջ երթալով` կը հաստատէ, որ Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ մէջ Ռուսիա իր հեղինակութիւնը պիտի կորսնցնէ եւ իր ինքնութեան ու գոյութեան դէմ սպառնալիք պիտի զգայ իր հողին վրայ իսկ:

«Պաղ պատերազմին ընթացքին Թուրքիոյ արգիլուեցաւ հետապնդել ծաւալապաշտական իր երազները, սակայն Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ի վեր Անգարա որոշ ազատութիւն մը կը վայելէ: Մոսկուա պէտք է խոստովանի, որ Թուրքիոյ քայլերը, յատկապէս` Մեծն Թուրանիա կերտելու անոր քարոզչութիւնը, կը նկատուին ՕԹԱՆ-ի ռազմավարութեան մէկ մասնիկը, նկատի ունենալով, որ ՕԹԱՆ Ռուսիան ներքին եւ արտաքին մակարդակի վրայ տկարացնելու հիմնական նպատակ կը հետապնդէ», շեշտեց Իկնաթիեւ:

Հոս պէտք է նշել, որ Թուրքիա Ազրպէյճանի հանդէպ որդեգրած «Մէկ ժողովուրդ` երկու երկիրներու մէջ» կարգախօսը տարի մը առաջ փոփոխութեան ենթարկեց եւ զայն վերածեց «Մէկ ժողովուրդ` հինգ երկիրներու մէջ» կարգախօսի:

Այսինքն անոր մէջ ներառուեցան այն երկիրները, որոնք անդամ էին Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին, այսինքն` Թուրքիա, Ազրպէյճան, Ղազախստան, Խըրխըզստան եւ Ուզպեքստան: Իսկ Թրքական երկիրներու կազմակերպութեան հաստատումով, տարբեր թեւեր եւ կողմեր ունեցող այս երկիրները պիտի գերազանցեն մշակութային իրենց հարցերը եւ գործակցին տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ նոյնիսկ ապահովական հարցերու շրջագիծին մէջ:

Ռուսիոյ համար մեծագոյն աղէտը այն է, որ Թրքական երկիրներու կազմակերպութիւնը միայն թրքական երկիրներ չի ներգրաւեր, այլ սկսած է քիչ-քիչ ընդարձակուիլ: Վերջերս, օրինակ, Թրքական երկիրներու կազմակերպութեան իբրեւ դիտորդ մաս կը կազմէ Հունգարիան, որ նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ է:

Իբրեւ եզրակացութիւն` կարելի է հաստատել, որ Մեծն Թուրանիա կերտելու ծրագիրը յաւելեալ տագնապ մը պիտի աւելցնէ Մոսկուայի դիմագրաւած բազմաթիւ տագնապներուն վրայ: Ստեղծուելիք այդ տագնապը ժամանակի ընթացքին կրնայ ամէնէն վտանգաւորը ըլլալ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Արեւմուտքը պիտի չզլանայ այս ծրագիրը շահագործել Ռուսիան տապալելու նպատակով: Նկատի ունենալով նաեւ իր եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ լարուածութիւնը, ապա Մոսկուա ձեռնածալ պիտի չմնայ, այլ պիտի դիմադրէ այդ ծրագիրին` իր ճշդելիք ոճով:

Արշօ Պալեան

horizonweekly.ca