Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահին եւ մասնակցութեամբ արտաքին գործոց նախարարին, հինգ օրերու տեւողութեամբ տեսակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան հետ: Հանդիպումներու շարքը փակուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ երկու ժամ տեւած տեսակցութեամբ: Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը նախապէս առանձին հանդիպում մը ունեցած էր Հայաստանի վարչապետին հետ: Պատուիրակութիւնը եկած էր իմանալու, թէ իրողապէս ի՛նչ կը ծրագրէ Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախի ապագային նկատմամբ: Արցախի ժողովուրդը նոյն հարցը կու տայ իր ղեկավարութեան: Միջանկեալ բոլոր տեսակցութիւններէն ետք (արտաքին գործոց նախարար, խորհրդարանի նախագահ, հանրապետութեան նախագահ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն եւ մասամբ նորին) Արցախի արտաքին գործոց նախարարը լաւատեսութիւն կը դրսեւորէր եւ կը յայտնէր, որ իրենց հարցերուն ճշգրիտ ու վաւերական պատասխանները պիտի ստանան Նիկոլ Փաշինեանէն: Վարչապետին հետ տեսակցութենէն ետք, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան յայտարարեց, որ խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, պայքարը կը շարունակուի: Արայիկ Յարութիւնեան, ինչպէս վերջերս ընդհանուր առմամբ, ծպտուն չհանեց. ան ճողոպրած էր տարբեր մուտքէ մը:
Արցախի ժողովուրդը եւ անոր հետ համայն հայութիւնը, չկրցան հասկնալ, թէ ի՛նչ ճակատագիր տնօրինուած է Արցախին: Ո՞վ պայքարը պիտի շարունակէ Արցախի համար. բովանդակ հայ ժողովո՞ւրդը, Հայաստանի Հանրապետութի՞ւնը, թէ՞ միայն Արցախի ժողովուրդը: Յուսանք, որ պատուիրակութիւնը Արցախ վերադառնալէ ետք յստակ զեկուցում մը կու տայ մտահոգ ու բողոքող իր ժողովուրդին եւ անոր հետ միասին` հայ ժողովուրդին:
Բազմապիսի ու բազմաբեւեռ բանակցութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստան յայտնուած է Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ բուռն հակադրութեան խաչմերուկին վրայ: Թէ՛ Ռուսիան եւ թէ՛ արեւմտեան երկիրները կ՛օգտագործեն Հայաստանը իրենց շահերէն մեկնելով: Որ ամէն պետութիւն բնականաբար պիտի առաջնորդուի իր շահերէն մեկնելով, հանրայայտ իրողութիւն է ու մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Ո՛չ համակրանքը, ո՛չ բարեկամութիւնը, ո՛չ իսկ դաշինքները արգելք չեն ըլլար խաբէական գործողութիւններու, եթէ տուեալ ժամանակի իրողութիւնները կը պահանջեն նման արարքներու իրագործումը: Նման վերաբերումներու ականատես եղած ենք բազմաթիւ անգամներ ու յաճախ միամտօրէն խաբուած ենք հայութեան ու Հայաստանին բարեկամ ինքնահռչակուած երկիրներէ, մանաւանդ` մեծ ու ազդեցիկ պետութիւններէ: Կը հետեւի, որ Հայաստան այսօր կանգնած է ոչ թէ պաշտպան որոնողի երկընտրանքի մը դիմաց, այլ պայքարող ուժերու խաչմերուկին` անոնց իսկ կողմէ ստեղծուած անելի մը դիմաց:
Բազմիցս շեշտած ենք այդ մահացու անելին յառաջացումին մէջ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած տարտամ քաղաքականութեան վտանգաւորութիւնը: Եւ պատասխանատուութիւնը ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ: Տարօրինակ ու զարմանալի կը թուի, որ այդ իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց ընթացքը, պահ մը կանգ առնելով չեն վիճարկեր կատարուածն ու աղէտաբեր արդիւնքը: Ընդհակառակն, աւելի կը խորանան ճահիճին մէջ ու անելանելի վիճակի կը մատնեն Արցախն ու Հայաստանը:
Խանդավառուած արեւմտեան պետութիւններու կատարած յայտարարութիւններէն, յատկապէս Ազրպէյճանը իբրեւ յարձակողապաշտ համարող ելոյթներէն, Հայաստանի իշխանութիւնները քաղաքական շրջադարձ կատարեցին ու դարձան արեւմտամէտ: Ռուսիա դժուարութեան մատնուած ըլլալով Ուքրանիոյ մէջ, կը զգուշանայ Թուրքիոյ հետ իրեն համար կենսական յարաբերութիւնները վտանգելէ ու բաւարար ուժգնութեամբ տէր չի կանգնիր Հայաստանի նկատմամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն: Հասկնալի է, որ բողոքելու ու պահանջելու իրաւունք ունինք: Սակայն հակառուսական սոյն ջլախտային մթնոլորտը, որ համակած է իշխանութիւն ու հասարակութիւն, քաղաքական տհասութեան ցուցադրութիւն է, ամուլ ու անպտուղ աղմուկ: Հայաստանը պէտք չունի հզօր թշնամի մըն ալ աւելցնելու իր արդէն ունեցածներուն շարքին, արեւմտեան կարծեցեալ պաշտպանութեան մը ակնկալութեամբ: Կարծել, որ Հայաստանի համար Արեւմուտքը Թուրքիոյ հետ թշնամական յարաբերութիւն կրնայ հաստատել, առնուազն երազախաբութիւն է:
Շատ դժուար ու վտանգալից փուլի մը դիմաց կը գտնուինք: Պէտք է գիտնանք միաւորուիլ, օգտագործել Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի բոլոր կարելիութիւնները, լուծելու համար ստեղծուած բազմաթիւ անյայտներով թնճուկը եւ ապահով նաւահանգիստ հանգրուանելու փոթորկոտ ծովուն մէջ խուսանաւելու դատապարտուած ազգային նաւը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com