Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Հորիզոն»-ի առցանց հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ Քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն՝ ընկ. Կիրօ Մանոյեանին հետ։
Հարցազրոյցի ընթացքին արծարծուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան կորուստներու հատուցման աշխատանքներու ցարդ իրականացուած եւ ապագայի ծրագիրները, Թուրքիոյ արդի ծաւալապաշտական նկրտումները, Արցախի հակամարտութեանց խաղաղ լուծման այսօրուան քաղաքական դաշտը եւ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի կարեւորութիւնը։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Քրիստափոր Միքայէլեան։
«35 տարի առաջ, երբ հատուցման փաստաթուղթերու մասին կը խօսէինք, կը փորձէին հակադրել, որ այսօրուայ Թուրքիան պատասխանատու չէ ցեղասպանութեան։ Ցեղասպանութեան կորուստներու հատուցման աշխատանքներու նպատակը նախ եւ առաջ այդ օրակարգը փոխելն էր՝ համահայկական քննարկման սկիզբ դնելը եւ մանաւանդ օտար շրջանակներու մէջ ակադեմական ու քաղաքական բանակցութիւններու ծառայեցնելը։ Այդ փաստաթուղթերը թարգմանեցինք զանազան լեզուներու, ներառեալ թրքերէնի, բովանդակութիւն ունենալով այն ամէնը, ինչ որ կը պահանջենք թուրքիայէն»։
«Թուրքիոյ արդի ծաւալապաշտական-կայսերական նկրտումները սպառնալիք են ո՛չ միայն Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան, այլ ամբողջ տարածաշրջանի երկիրներուն ու քաղաքակրթութեանց, իսկ մենք միշտ պատրաստ պէտք է ըլլանք դիմադրելու»։
«Արցախի հակամարտութեանց խաղաղ լուծման համար եթէ կը պարտադրուի փուլային լուծում, ապա մենք ազգովի պէտք է դիմադրենք, իսկ ազգովի դիմադրելու համար՝ պէտք է Ազգային համերաշխութիւնը հզօրացնենք»։
«Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքը կարեւոր է նոր ազդակ հաղորդելու Արցախի քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին, ինչպէս նաեւ իրաւականօրէն ճանչնալու Արցախը՝ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն»։