կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-01-27 17:20
Քաղաքական

Մշակութային ժառանգութեան տարրերը արդիականացնելով հաստատուն քայլերով ուղղուիլ դէպի երաշխաւորեալ ապագայ

Մշակութային ժառանգութեան տարրերը արդիականացնելով հաստատուն քայլերով ուղղուիլ դէպի երաշխաւորեալ ապագայ

Հարցազրոյց «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ
Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ


«Դրօշակ» – Ընկե՛ր Մկրտիչեան, մամուլէն տեղեկացանք, որ վերջերս այցելած էք Մոսկուա` այնտեղ «Համազգայինի» շրջան մը կեանքի կոչելու համար: Կրնա՞ք մանրամասնել:

Մկրտիչ Մկրտիչեան – Առաջին անգամ չէր, որ Մոսկուա կ՚երթայինք: Անցեալ մայիսին այնտեղ էինք «Համազգայինի» կառոյց հիմնելու մտադրութեամբ: Կորիզ մը կազմուած էր արդէն բոլորովին ինքնաբուխ կերպով: Մայիսին նշանակուեցաւ ժամանակաւոր վարչութիւն մը` նախնական աշխատանքները տանելու առաքելութեամբ: Այս անգամ յաւելեալ խորհրդակցութիւններով կարելի եղաւ կազմակերպել միութեան հիմնադիր ժողովը, որուն աւարտին ընտրուեցաւ մայրաքաղաքի վարչութիւնը: Նոյնը տեղի ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:

«Դ.» – Չէ՞ք կարծեր, որ բաւական ուշացումով կը ձեռնարկէք Ռուսիոյ մէջ «Համազգայինը» կազմակերպելու գործին:

Մ. Մ. – Իրաւունք ունի՛ք: «Համազգայինը» շատոնց պէտք է այնտեղ հաստատուած ըլլար: Այդպէս ալ նախատեսուած էր: Արդարեւ, ԱՊՀ միջպետական կառոյցին մէջ «Համազգայինը» կազմակերպելու որոշումը առնուած է երկրորդ պատգամաւորական ժողովին՝ դեռ 1994-ին: Յապաղումի հիմնական պատճառներէն մէկը այդ ժամանակաշրջանին միութեան` իր համահայկական աշխատանքը հունաւորելու ճիգն էր։ Չմոռնանք, որ «Համազգայինը» միայն 1990-ին համագաղութային կառոյցով կազմակերպութիւն դարձաւ: Ատկէ անկախ, սակայն, խոչընդոտ էր նաեւ այն, որ «Համազգայինի» պատասխանատուները բոլորովին անծանօթ էին ԱՊՀ-ի եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու հայկական համայնքներուն: Պէտք է միաժամանակ խոստովանիլ, որ Ռուսիոյ պարագային ալ նախաձեռնողները Մոսկուայի մեր ընկերները եղան: Այս հանգամանքը մեզի կը ներշնչէ վստահութիւն, որ գործը ի սկզբանէ կը դրուի ամուր հիմերու վրայ: Մոսկուայի մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին կեանքի կոչուած են բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ, աւելին՝ արդէն կը գործեն շաբաթօրեայ երկու դպրոցներ, իւրաքանչիւրը՝ շուրջ յիսուն աշակերտներով: Նոյնպիսի աշխատանքներ սկսած են Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:

«Դ.» – Վերջին երկու տարիներուն համայն աշխարհը ցնցուեցաւ մինչեւ այսօր շարունակուող թագաժահրի համավարակով: «Համազգայինի»՝ աշխարհով մէկ տարածուած կառոյցը ինչպէ՞ս կրցաւ գործել այս մթնոլորտին մէջ:
Մ. Մ. – Անխուսափելիօրէն մեծ դժուարութիւններ ունեցանք: Սկզբնական շրջանին մեր մտահոգութիւններուն հիմնական առարկան կրթական մարզն էր: Հետեւելով համավարակի վերիվայրումներուն` որդեգրուեցան հեռավար կամ ընթացիկ ուսուցման տարբերակները: Այս ձեւով Պէյրութի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» եւ Մարսէյի «Համազգային» երկլեզու մեր ճեմարանները գործեցին գրեթէ անխափան: Մեր կրթական զոյգ հաստատութիւններու ուսուցչական կազմերու եւ ընդհանրապէս պաշտօնէութեան նուիրումը անգամ մը եւս յստակօրէն երեւաց: Տարեվերջի պետական պաշտօնական քննութիւններուն մեր աշակերտութեան բացարձակ յաջողութիւնը ապացոյցն է անոնց տարած աշխատանքին: Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենալ, որ դպրոցական մակարդակին հեռավար ուսուցումը դիւրաւ հասկնալի պատճառներով նոյնքան արդիւնաւէտ չէ, որքան ուսուցիչի եւ դաստիարակի ֆիզիքական ներկայութեամբ դասաւանդութիւնը: Կրնանք երեւակայել, թէ ինչքան դժուարացաւ ուսուցչական կազմի գործը այսպիսի պայմաններու մէջ. անոնց թափած ճիգը անգնահատելի է: Նոյնը կարելի է ըսել Սիտնիի Համազգայինի «Արշակ եւ Սօֆի Գոլստըն» ճեմարանին համար, որ կը գործէ Աւստրալիոյ շրջանային վարչութեան հովանիին տակ, նաեւ Փարիզի շրջանի Իսսի-լէ-Մուլինոյի մէջ գործող Համազգային-Թարգմանչաց նախակրթարանի պարագային:

«Դ.» – Վստահ ենք, որ Լիբանանի մէջ գործող ճեմարանը, համավարակի պատճառած դժուարութիւններու կողքին, երկրի իւրայատուկ վիճակը նկատի ունենալով, նաեւ այլ տեսակի մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուած է:

Մ. Մ. – Անշուշտ, եւ ոչ միայն ճեմարանը: Կեդրոնական վարչութիւնը (ԿՎ) եւ իր բոլոր հաստատութիւնները, Շրջանային վարչութիւնը եւ իր հաստատութիւնները, ողջ լիբանանահայութիւնը 2019-ի հոկտեմբերէն սկսեալ մինչեւ այսօր ենթարկուած են հետզհետէ մագլցող տնտեսական դժուարութիւններու, սահմանափակումներու: Սկսելով ճեմարանէն՝ հասցուած վնասը զգալի դարձաւ Լիբանանի մէջ գործող մեր բոլոր կառոյցներուն համար: Ամէնէն կարեւորը՝ ԿՎ-ի ֆինանսական կարողականութիւնը ոչ միայն արժեզրկուեցաւ, այլեւ իր այդ արժեզրկուած վիճակին մէջ իսկ սահմանափակումներով միայն օգտագործելի եղաւ: Դպրոցի պարագային, վճարողական կարողականութիւնը զգալիօրէն պակսած ըլլալով, ծնողները դժուարութիւն ունեցան նոյնիսկ արժեզրկուած դրամանիշով վճարելու իրենց զաւակներուն թոշակները: Պէտք է ըսել, սակայն, որ մեր ծնողները ամէն ճիգ կը թափեն իրենց պարտաւորութիւնները լրիւ կատարելու համար: Ատիկա, ի շարս այլոց, մասամբ արդիւնք է հաստատութեան ընկերային գրասենեակի արդար ու արհեստավարժ մօտեցումներուն: Նիւթական մարզէն ներս նշելի է համաշխարհային ներկայ տխուր վիճակին մէջ Մարսէյի ճեմարանի յաջողութիւնը: Խնամակալութիւնը ի վիճակի եղաւ Մարսէյի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած դպրոցի հողամասը սեփականացնելու: Միւս կողմէ` տնտեսական առողջ յանձանձումին շնորհիւ խնամակալութիւնը այս տարեշրջանի աւարտին պիտի սկսի շինարարական աշխատանքի` երկու հարիւր յաւելեալ աշակերտի համար տեղ պատրաստելու նպատակով. վերջին տասնամեակին տնօրէնութիւնը պարտադրուած էր իւրաքանչիւր վերամուտին տեղի պակասութեան պատճառով աշակերտ մերժելու: Եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, 2023-ի վերամուտէն սկսեալ դպրոցը ի վիճակի պիտի ըլլայ ընդունելու մինչեւ վեց հարիւր աշակերտ:

«Դ.» – Բոլորս տեղեակ ենք, որ «Համազգայինը» սերտ գործակցութեան մէջ է Երեւանի պետական համալսարանին հետ: Կրնա՞ք այդ մարզէն եւ ընդհանրապէս Հայաստանէն ներս «Համազգայինի» գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ տալ:

Մ. Մ. – Այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ հարկաւ. ԵՊՀ-ն եւ «Համազգայինի» Պէյրութի ճեմարանը նոյն կնքահօր՝ Նիկոլ Աղբալեանի սաներն են. Ն. Աղբալեան երկուքին ալ հասարակաց հիմնադիրներէն է:
Երեւանի մեր գրասենեակը շարունակեց կազմակերպել տարեկան գիտաժողովները ԵՊՀ-ի հետ գործակցաբար: Իսկ ԵՊՀ-էն ներս հայագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան մեր նախաձեռնութիւնը տուած է արդէն իր առաջին պտուղները. ատենէ մը ի վեր հնգեակ մը շրջանաւարտներ կը պաշտօնավարեն Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Ֆրանսայի հայկական վարժարաններուն մէջ:

«Դ.» – Կ՚ենթադրեմ, որ ուսուցչութեան ձեր թեկնածուները առաւելաբար արեւմտահայերէն ուսուցանելու կը պատրաստուին: Հնարաւո՞ր է արեւելահայերէնի իշխող մթնոլորտի մը մէջ հանգիստ արեւմտահայերէն սորվիլ կամ ուսումնասիրել:

Մ. Մ. – Սփիւռքեան որոշ շրջանակներ արդէն կը քննադատեն մեր այս նախաձեռնութիւնը ճիշդ ա՛յդ պատճառով: Կը կարծենք, որ այդ մտավախութիւնը տեղին չէ: Այժմ, երբ շրջանաւարտները ասպարէզ իջած են, աւելի առարկայական կարծիք կարելի է կազմել իրենց կատարած գործը տեսնելով: Ամէն պարագայի, անկախ այս խնդիրէն, հայերէնն ու հայագիտութիւնն ընդհանրապէս հայրենի հողին վրայ սորվիլը ունի այլ առաւելութիւններ, որ կարելի չէ գտնել այլ մայրաքաղաքներու մէջ. ջուրն ու հողը, ժողովուրդը, յուշարձանները կը կազմեն կենդանի իրականութիւնը, մեր թեկնածուները ոչ միայն ուսում կը ստանան, այլեւ կ՚ընկալեն հայկական հոգին ու ոգին, հայրենի միջավայրը: Հիմնական փաստարկը անշուշտ այն է, թէ մեր թեկնածուները ԵՊՀ կը ժամանեն հետերնին բերելով արեւմտահայերէնի ամուր պաշար: Ի դէպ, մենք
շրջանաւարտ ունեցած ենք նաեւ արեւմտահայերէնի ծննդավայր Պոլիսէն: Եթէ չեմ սխալիր, հինգ տարիներէ ի վեր Երեւան կ՚ապրի: Երբ հետը կը խօսիս, այն տպաւորութիւնը կ՚ունենաս, թէ ան օդանաւէն նոր իջած է:

«Դ.» – Այդպէս ուրեմն: «Համազգայինը» Ստեփանակերտի մէջ ալ գրասենեակ ունէր: Կը պահէ՞ք տակաւին այդ գրասենեակը:

Մ. Մ. – Անշուշտ: Հիմա՝ աւելիո՛վ: Ստեփանակերտի մեր գրասենեակը անցեալ տարուան պատերազմէն ետք առաւելաբար զբաղեցաւ տեղահանուած մանուկներու եւ պատանիներու խմբակներու
համար մշակութային զբաղումներ հայթայթելով, նախ՝ Երեւանի, ապա` Արցախի մէջ: Այդ գործը կը շարունակուի: Համավարակի շրջանին թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Ստեփանակերտի գրասենեակները ունեցան հրատարակչական գնահատելի գործունէութիւն:

«Դ.» – Քանի որ հրատարակչական գործին մասին խօսք բացիք, կրնա՞ք խօսիլ ընդհանրապէս ԿՎ-ի հրատարակչական գործին մասին:

Մ. Մ. – Անպայման: Հրատարակչական գործը սկսած է «Համազգայինի» առաջին գործով՝ հայկական ճեմարանի հիմնադրութեամբ, քանի որ անհրաժեշտ էր նոր դասագիրքերու հրատարակութիւն: Ներկայ պայմաններուն մէջ, իհարկէ, հրատարակչական աշխատանքը տուժեց. տեղականդր ամանիշի արժեզրկման զուգակցող անկայունութիւնը, պետական ծառայութիւններու` ժամանակի ընթացքին զգալի դարձող համեմատական քայքայումը, գրավաճառքի անկումը բնականոն զարգացման առջեւ լուրջ խոչընդոտներ ստեղծեցին: Փոխարէնը առաջ տարուեցան ելեկտրոնային գրավաճառքի (e-Library) համակարգ ստեղծելու աշխատանքները: Այսօր արդէն կը գործէ «Համազգայինի» ելեկտրոնային գրախանութը: Քանի մը ամիսէն կ՚աւարտի հրատարակչականի գրացուցակի բոլոր գիրքերու ելեկտրոնային տարբերակների պատրաստութիւնը:

Անխուսափելիօրէն պակսեցաւ նոր հրատարակութիւններու եւ վերատպումներու թիւը:

Շարունակուեցաւ մանկապարտէզի նոր դասագիրքերու շարքի պատրաստութիւնը, եւ շուտով լոյս կը տեսնէ երկրորդ հատորը:
«Բագինը» ունեցաւ իր արդիական կայքէջը, որ ժամանակ մը փորձարկուելէ ետք յաջորդիւ կ՚իջնէ հրապարակ:
Հրատարակչական աշխատանքի ելեկտրոնային արդիականացումը կարելի կը դառնայ «Համազգայինի» գրասէր անհատներու եւ ի մասնաւորի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական շօշափելի օժանդակութեամբ:

«Դ.» – Մեզ վրայ շատ դրական տպաւորութիւն ձգող ձեռնարկը «Համազգայինի» ուսանողական հաւաքն է՝ ֆորումը: Դժբախտաբար, վերջին երկու տարիներուն ան տեղի չունեցաւ: Կրցա՞ք զայն այլ զբաղումով փոխարինել:

Մ. Մ. – Համավարակի ընթացքին ֆորումը կազմակերպուեցաւ առցանց: Հարկաւ, նոյն տարողութիւնը չունեցաւ, բայց կարեւոր է նաեւ ճիգը շարունակել ապագային հետ կապի թելը պահել կարենալու համար: Ատկէ դուրս՝ արդէն ատենէ մը ի վեր ԿՎ-ն որոշ շրջաններու հետ գործակցաբար կը կազմակերպէ երիտասարդական այլ հաւաքներ եւս: «ArtLinks»-ը Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջանային վարչութիւններու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող եռօրեայ մշակութային հաւաք մըն է, իսկ «Youthlinks Europe»-ը` նոյնը եւրոպական ցամաքամասի վրայ:

«Դ.» – Իսկ ինչո՞ւ նոյնանման աշխատանքի մը չէք ձեռնարկեր աւելի փոքր տարիքի պատանիներու համար:

Մ. Մ. – Կա՛ն կանոնաւոր կերպով տեղի ունեցող աշխատանքներ տարիքային այդ խումբին եւ ա՛լ աւելի փոքրերու համար: «Լալան ու Արան» փոքր տարիքի խմբերի համար նախատեսուած` հաճելի գոյներով գծագրուած փոքր հերոսներու եւ անոնց ձայներու օգտագործումով տարրական հայերէնի վարժեցման ելեկտրոնային «գործակ» (app) է: Իսկ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի մէջ ԿՎ-ի հովանաւորութեամբ երկու տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի «Փեթակը», որ ցարդ տեղի ունեցած է միայն առցանց եւ կը միտի պատանիներուն հայերէնը հաճելի մեթոտով սորվեցնելու: Կը յուսանք, որ համավարակը, այլեւս մէկ կողմ քաշուելով, կ՚արտօնէ, որ «Փեթակը» կազմակերպուի ճամբարային ջերմ մթնոլորտի մէջ:

«Դ.» – «Համազգայինի»` վերջին տարիներու նորութիւնը համացանցային բեմն է՝ www.h-pem.com-ը: Այս ձեռնարկը ինչպէ՞ս դիմակայեց տագնապներուն:

Մ. Մ. – Համացանցային բեմը հրապարակ իջաւ տարիներու բծախնդիր պատրաստութենէ ետք՝ 2019-ի մայիսին: Ատկէ վեց ամիս ետք սկսաւ Լիբանանի տնտեսական տագնապը: Ատկէ ալ կարճ ատեն ետք՝ համավարակի քաշքշուող ոդիսականը: Համավարակի պարտադրած մեկուսացման ժամանակ www.h-pem.com-ի այցելուներու թիւը բնականաբար աւելի կը մեծանար: Բայց տնտեսական կարողականութեան տկարացումը պատճառ դարձաւ, որ ատեն մը ետք պիւտճէական պատշաճեցումով ձեռնարկը զրկուի իր արտալիբանանեան թղթակիցներէն, որոնք անհրաժեշտ էին ձեռնարկի լիակատար արդիւնաւէտութեան համար: Երեք լիաժամ աշխատող մասնագէտներով կատարուող գործը ներկայիս կը կատարուի մէկ հոգիով: Հասկնալի է, որ այդ պատճառով ձեռնարկի գոնէ աշխուժութիւնը պակսած ըլլայ:

«Դ.» – Ձեր խօսքէն յայտնի է, որ համացանցային բեմը ձեր սրտին խօսող աշխատանք է: Սակայն գիտենք նաեւ, որ այս ծրագիրը ունի նաեւ իր ընդդիմադիրները: Ինչո՞ւ է այդպէս:

Մ. Մ. – Դժգոհներու գոյութեան եւ անոնց փաստարկներուն մասին տեղեակ եմ: Անոր մէջ անբնական ու տարօրինակ ոչինչ կայ. դասական՝ հինի եւ նորի միջեւ պայքարի մէկ արտայայտութիւնն է: Ի՞նչ է,
վերջիվերջոյ, հ-բեմ ծրագրի փիլիսոփայութիւնը: Հ-բեմը միջազգային լեզուով՝ անգլերէնով, հայկական մշակոյթի ներկայացումը եւ անոր շուրջ խօսակցութիւնն ու քննարկումն է: Ան ուղղուած է օտարալեզու հայ երիտասարդութեան, որ այս կամ այն պատճառով պատեհութիւնը չէ ունեցած հայերէնը սորվելու: Մէկ խօսքով` հ-բեմ ձեռնարկը դիմադրութեան գործիք մըն է այն ճնշումին դէմ, որ յատուկ ծրագրումով կամ ոչ կը բանեցուի փոքր հաւաքականութիւններու մշակոյթներուն վրայ` սպառնալով անոնց գոյութեան իսկ: Հ-բեմով կը հետապնդուի հայ երիտասարդութիւնը հայութեան ծիրին մէջ պահելու նպատակը՝ անոր մէջ վառ պահելով հայկական ինքնութեան ցցուն տարրերը: Այս իմաստով հ-բեմը ազգային ծրագրի մէկ մասնիկն է: Թերեւս մասնակի, բայց սփիւռքեան պայմաններու մէջ կարեւոր ձեռնարկ է. մեր
պայմաններուն մէջ ամէն մարդ հայկական վարժարան յաճախելու կարելիութիւնը կամ կամքը չունի:

«Դ.» – Կրնա՞յ ըլլալ, որ այս ծրագրի քարոզչութիւնը բաւարար չափով տարածում չգտաւ:

Մ. Մ. – Կրնայ ըլլալ: Պէտք է ըսել, որ կարծես թէ «Համազգայինը» եւ իր լայն շրջանակը ի բնէ ինքնաքարոզչութեան հանդէպ իւրօրինակ հակակրանք մը ունին, որ յաճախ ձախողութեան կը մատնէ այս կամ այն լաւ գործը: Սակայն գոյութիւն ունի նաեւ հայապահպանման պահպանողական մօտեցում մը՝ յաճախ ինքզինքին անգիտակցաբար վնաս հասցնելու աստիճան: Օրինակ՝ երբ աղուամազոտ նորընծայ երիտասարդ էի, մեզի ներշնչած էին այն համոզումը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական դպրոց ունենալը անիմաստ է, թէ այդ ցամաքամասը արհեստավարժ խառնարան մըն է, ուր անկարելի է ազգային ինքնութիւն ու նման բաներ պահելը, թէ պէտք է հրաժարիլ այնտեղ հայկական վարժարան ունենալէ եւ փոխարէնը այդ նպատակին համար միջոցները պէտք է ներդնել Միջին Արեւելքի միջավայրին մէջ: Կասկած չկայ, որ Միջին Արեւելքը լաւագոյնս արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը, սակայն այդ քաղաքականութենէն ամերիկահայութիւնը զգալաբար տուժեց: Այսօր կը տեսնենք, որ անհատական նախաձեռնութեան մը շնորհիւ փաստուեցաւ, որ այնտեղ ալ հայկական վարժարանը վերապրելի է, պարզապէս, ինչպէս որեւէ այլ ոլորտի մէջ, կրթական գործադաշտին մէջ ալ նիւթական անհրաժեշտ ներդրումը աւելի բարձր է: Կը կարծեմ, թէ հ-բեմի պարագան ալ նոյնն է: Անհրաժեշտ է, բայց համեմատաբար թանկ է, սակայն ակնկալուած արդիւնքը՝ թանկագին. ան փրկութեան լաստ է ամերիկեան համալսարաններուն մէջ մխրճուող, այնտեղ հալող-գացող հայկականութեան համար: Հ-բեմի ծրագիրը ոչ միայն հայ մշակութասէր երիտասարդութիւնը հայկական որակաւոր մշակոյթի շուրջ համախմբելու ծառայութիւնը կը մատուցէ, այլեւ այդ մշակոյթը օտար հասարակութիւններու ներկայացնելու եւ սիրցնելու: Փորձը ցոյց տուաւ, որ այսպիսի ծրագիր մը անհրաժեշտ է Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ նետուած երիտասարդներուն համար եւ ոչ միայն:

«Դ.» – Չէ՞ք կարծեր, որ այդ իսկ պատճառով այս աշխատանքին ուղղութիւնը դէպի քաղաքականութիւն կ՚առաջնորդէ:

Մ. Մ. – Մարդկային կեանքի բոլոր ոլորտները հեռուէն կամ մօտէն քաղաքականութեան առնչուած են: Միշտ այդպէս եղած է: Ժամանակին հողը, ջուրը, օդն ու կրակը արիստոտելեան բնագիտութեան ու փիլիսոփայութեան հիմնաքարերն էին: Մեր օրերուն ինչո՞վ կը զբաղին բնապահպանման նախարարութիւնները:

«Դ.» – Փիլիսոփայութի՞ւն: Կրնա՞ք մեզի մէկ նախադասութեամբ բացատրել «Համազգայինի» նման միութիւններու գործունէութեան «փիլիսոփայութիւնը»:

Մ. Մ. – Փորձե՛նք: Մշակութային ժառանգութեան տարրերը արդիականացնելով հաստատուն քայլերով ուղղուիլ դէպի երաշխաւորեալ ապագայ:

«Դ.» – Ընկե՛ր Մկրտիչեան, շնորհակալ ենք համապարփակ ներկայացումին համար:

Մ. Մ. – Ե՛ս եմ ձեզի շնորհակալ ընձեռած առիթին համար:

«Դրօշակ» թիվ 1 (1662), դեկտեմբեր 2022 թ.