կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-30 17:09
Հասարակություն

Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզ այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզ այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն

Հորիզոն - Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ին, Գանատայի Ժառանգութեան եւ մշակութային բազմազանութեան նախարար Փապլօ Ռոտրիկէզ այցելեց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի Մոնթրէալի խմբագրատունը: «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին՝ անցնող 8 տարիներուն Aid to publishers ծրագրին կողմէ շաբաթաթերթին յատկացուած նպաստին համար:

Վարիչ-խմբագիրը նաեւ նախարարին յանձնեց «Հորիզոն»ի այն բացառիկ թիւը, որուն մէջ անգլերէնով հրատարակուած է վարչապետ Թրուտոյի Հայաստան այցելութեան ժամանակագրութիւնն ու թղթակցութիւնը՝ «Հորիզոն»ի աւագ լրագրող Տիանա Սքայայի կողմէ։ Միաժամանակ նախարարը իրազեկ դարձաւ, որ վարչապետ Թրուտոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր պատմական այցելութիւնը յատուկ տեսանիւթով մը արխիւագրուած է «Հորիզոն»ի կողմէ։

Վարիչ խմբագիրը նախարար Ռոտրիկէզին պաշտօնական հրաւէր յանձնեց մասնակցելու յառաջիկայ Սեպտեմբերին Մոնթրէալի մէջ կայանալիք «Հորիզոն»ի 40-ամեայ յոբելեանի հանդիսութեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուաի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Յարութ Դաւիթեան եւ «Հորիզոն»ի անձնակազմը։