Հօրեղբայրս՝ Բարսեղ Յովհաննէսի Արմենեանը, որուն ծնընդեան հարիւրամեակը պիտի տօնենք այս շաբաթ, ծնած է 1921 թուի Հոկտեմբերի 20-ին, Արևմտեան Կիլիկիոյ Սելևկիա ծովամերձ քաղաքին մէջ։
Քեմալական իշխանութեան սկզբնական ամիսներն էին և Սելևկիոյ հայոց համայնքի բոլոր չափահաս տղամարդիկ (ներառեալ թալասցի մեծհայրս՝ Յովհաննէս Գէորգի Արմենեանը) առանց բացառութեան ձերբակալուած և աքսորուած էին անյայտ ուղղութիւններով։ Մնացեր էին կանայք իրենց երեխաներով։ Եւ այդ քաջարի կիներն էին, որոնք ամենէն ճգնաժամային պայմաններու մէջ իրագործեցին համայնքին ապահով անցքը Սելևկիայէն Կիպրոս՝ Միջերկրականի փոթորկոտ գիշերը քաջութեամբ խիզախելով։
Պատմութիւնը հետևեալն է։ Սելևկիան (իր թրքերէն աղաւաղումով՝ Սիլիֆքէ) կը գտնուի դարաւանդի մը վրայ, որ կ՚երկարի մինչև ծովափ, ուր կը գտնուի քաղաքին հնադարեան նաւահանգիստը։ Եւ քաղաքին այս նաւամատոյցներէն է, որ մեծհայրս և իր երէց եղբայրը՝ Սարգիս Արմենեան, 20-րդ դարու սկզբնական տարիներուն, կը կատարեն իրենց տարեկան շրջագայութիւնները դէպի Միջերկրականի առևտրաշահ քաղաքները՝ Կիլիկիոյ գիւղատնտեսական արտադրանքը բեռցուցած առագաստանաւերու վրայ և զայն փոխանակելով եւրոպական կերպասեղէնի և կտաւեղէնի հետ։
Եւ սակայն Մեծ Եղեռնէն հազիւ ճողոպրած և ֆրանսական հովանիի տակ հազիւ ազատ շունչ քաշող կիլիկեցիք յանկարծ իրենք զիրենք կը գտնեն քեմալական ուժերու գրաւման տակ։ Ֆրանսան գաղտնօրէն կը յանձնէր Կիլիկիան Քեմալին...Այսպէս է, որ մեծհայրս և Սելևկիոյ բոլոր տղամարդիկ կ՚ենթարկուին բռնի աքսորի։ Եւ քեմալական իշխանութեան ճնշիչ մթնոլորտին մէջ, յանկարծ կը ծանուցուի, որ բոլոր հայ և յոյն ընտանիքները քանի մը ժամուան ընթացքին պէտք է լքեն իրենց տուները և դուրս գան երկրէն...Մեծմայրս՝ Հայկուհի Տատուրեան Արմենեան հազիւ ժամանակ կը գտնէ հաւաքելու ճամբու անհրաժեշտ պիտոյքները և իր երեք երեխաներուն հետ (ներառեալ իր գրկի ձագուկը՝ Բարսեղ հօրեղբայրս) խուճապահար կը հասնի ծովափ։
Հրացանաձգութիւնը արդէն սկսած է և քրիստոնեայ ընտանիքներու խելագար վազքն է դէպի նաւամատոյց։ Կը խռնուին քանի մը առագաստանաւերու մէջ (հօրս վկայութեամբ՝ «տարողութենէ շատ-շատ աւելի») և կը դիմեն դէպի Լառնաքա։ Հայրս այդ գիշերը կը յիշէր հոգիի մեծ տագնապով նոյնիսկ իր յառաջացած տարիքին։
Առագաստանաւը, որ պիտի տանէր զիրենք դէպի ապահով ափեր, գիշերային փոթորիկին դիմաց կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը և կ՚ըսկսի թեքուիլ...Կ՚ըստիպուին ծով թափել իրենց վերջին կենսական պիտոյքները և գերմարդկային ճիգերով վերահաստատել տախտակամածի կայունութիւնը։ Կը հասնին Կիպրոսի փրկարար ջուրերը։ Մնացեալը մեր ժողովուրդի հերոսական պատմութեան կրկնուող դրուագներն են։
Հայրս և Գէորգ հօրեղբայրս, որոնք նաև գաղափարի ընկերներ էին, դրօշը վաղուց փոխանցած են իրենց կրտսեր եղբօր՝ Բարսեղին, մեր տոհմի այսօրուան մեծ Նահապետի՛ն, որ այսօր ուշադիր կը հետևի մեր անկախ պետականութեան զարգացման փուլերուն և հակառակ մեր երկրի դիմագրաւած մեծ հարցականներուն՝ ան ամուր հաւատք կը ներշնչէ դէպի մեր երկրի փայլուն ապագան։ Իր թելադրանքով է, որ ես իմ պատանի օրերուս կարդացեր եմ Րաֆֆիի «Խենթը»։