Փոխարժեքներ
18 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 388.25 |
EUR | ⚊ | € 410.42 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.9 |
GBP | ⚊ | £ 491.99 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.19 |
«Կաշառակերութիւնը մարդու ժառանգութիւնն է»
Սուրբ Անակլետոս Պապ (Anacletus, 25-92)
Սովորութի՞ւն, թէ՞ Ատրպէյճանի ղեկավար ըլլալու պայման:
Քանի մը տարին անգամ մը կը գաղտնազերծուի, թէ աշխարհի զանազան ղեկավարներ այս կամ այն միջոցներով յաջողած են ապօրինի միջոցներով երազային գումարներ ապահովել եւ իրենց երկրէն դուրս, այլ երկիրներու մէջ ապահով պայմաններու տակ դիզել: Նման կողոպուտի կու տան նաեւ հեռափնեայ կամ «անդրծովեան»՝ օֆշորային անուանումը:
Բնականաբար այս հարստութիւնը, մնալով ընտանեկան նեղ շրջանակի մէջ, կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:
Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ մշտնչենական ներկայութիւն մըն է այս իւրայատուկ արտերկրային ընկերութիւններու, կամ ինչպէս նշեցինք, աւելի դիւրին հասկցուող՝ հեռափնեայ ակումբին, որուն մասին մերթ ընդ մերթ թղթածրարներ կը բացուին եւ կը բացայայտուին, սակայն միշտ ալ մնալով լուսանցքային վիճակին մէջ եւ անլոյծ:
Այս անգամ, բացայայտումները պայթեցան Մեծն Բրիտանիայէն, ստոյգ բացայայտումները՝ նիւթ ունենալով դրամալուացքի գաղտնի փաստաթուղթերու արտահոսքի դէզ մը, որ կը կոչուի «Փանտորայի փաստաթուղթեր»։ Ի դէպ, այս մէկն ալ Ալիեւ ցանկին միակ «ծաղիկը չէ»:
Ազերի բռնատէըր Բրիտանիոյ մէջ վերջին տարիներուն շուրջ 400 միլիոն սթերլինի (մօտաւորապէս 550 միլիոն տոլար) անշարժ գոյքի առեւտուր կատարած է, ապահովելով աւելի քան 30 միլիոն սթերլին (մօտաւորապէս 42 միլիոն տոլար) զուտ շահ: Ծիծաղելին այն է, որ այս հմուտ վաճառական բռնապետը այս գործը իրականացուցած է իր 11 գարուններ բոլորած զաւակին անունով, ձեռք բերելով 30 միլիոն սթերլին արժող առեւտրական կեդրոն-համալիր մը։
Հետեւողական դրութեամբ շէնքեր գնուած եւ գրանցուած են Ալիեւի գերդաստանին անունով, որոնցմէ մէկն ալ վաճառուած է… բրիտանական արքունիքին:
Ո՛չ մէկ դատապարտում, հետապնդում եւ կտրուկ որոշում: Փաստօրէն, եթէ Ալիեւ հետապնդման թիրախ դառնայ, յայտնապէս «Փանտորայի տուփ»էն պատուհասներ պիտի հասնին թագաւորական ընտանիքին…
Արդեօք միեւնոյն ճակատագրին պիտի ենթարկուի՞ն Հոկտեմբեր 3-ին տարածուած բացայայտումները:
Արդեօ՞ք կը յիշենք Մալթացի լրագրող Տաֆնի Քարուանա Կալիցիայի դէմ կատարուած անարք ոճիրը, որ պատահեցաւ չորս տարի առաջ, Հոկտեմբեր 16, 2017-ին:
Վստահաբար յիշողներ կան, որ այդ օրերուն դրամալուացքի գաղտնի այլ թղթածրար մը՝ «Փանամայի փաստաթուղթեր»-ը, բաւական մը մելան հոսեցուցին: Ատրպէյճանի եւ Մալթայի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու (ներառեալ այդ օրերու իշխանութեան վրայ գտնուող Մալթայի վարչապետն ու իր կողակիցը) միջեւ ապօրինի գործարքները բացայայտած ու երեք զաւակներու տէր լրագրող՝ Կալիցիա զոհ գացած էր իր իսկ ինքնաշարժին մէջ զետեղուած ականի մը պայթումին:
Եթէ մեր յիշողութիւնները քիչ մը տարբեր ուղղութեամբ գրգռենք, կրնանք արձանագրել նաեւ եւրոպացի խորհրդարանականներ կաշառելու ազերիական վարպետութիւնները, որոնք օրին բաւական աղմուկ բարձացուցին, պաշտօնազրկումներու հասան, բայց… քաղաքական լուրջ հետեւանքներ չունեցան: Այդ գաղթակղութիւնը տարբեր բնոյթ ունէր, սակայն ըստ էութեան նոյն ջաղացքէն կ’առնէր իր ուժը…
Այս բոլորին լոյսին տակ, մեզի համար ըստ էութեան մտահոգիչն ու ընդվզեցուցիչը այն է, թէ Հայաստանի մէջ, փոխանակ այս «Փանտորայի փաստաթուղթեր»-ը (եւ նախընթացները) վերածելու օրուան, շաբթուան կամ նոյնիսկ ամսուան զգայացունց դէպքին, նաեւ յիշելով եւ արդարօրէն պահանջ ներկայացնելով Պուտափէշթի մէջ աւելի քան 15 տարի առաջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովին ազատ արձակման եւ ապա, Ատրպէյճանի մէջ հերոսացման իրականութիւններու փաստերով, Երեւանի իշխանական վերնախաւին մէջ տակաւին ապազգային անհանդուրժողականութիւնն է, որ կը տիրապետէ, յաւելեալ թոհուբոհ եւ քաոս ստեղծելով:
Ալիեւեան փառք…եւ բարք: Պաքուի մէջ բռնատիրական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ շռնդալի կեղծիքով եւ զեղծարարութեամբ գործել, գլխաւորութեամբ նախագահական ամոլին: Մեր իշխանութեան ղեկավարը աչք կը փակէ նա՛եւ այս փաստերուն վրայ, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ սեղմելու Ալիեւի արիւնոտ եւ զեղծարար ձեռքը, որ զեղծումներ կ’ընէ նաեւ մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ. Հայաստանի իշխանութիւնը մարմնաւորողը պատրաստ է յաւելեալ զիջումներ կատարելու թշնամիին, զիջումներ, որոնք կ’անտեսեն մինչեւ իսկ իր ստորագրած՝ Նոյեմբեր 9, 2020-ի յայտարարութեան պայմանները, պատրաստ է ենթարկուելու Ալիեւի ու անոր թիկունքին կանգնող Թուրքիոյ բոլոր պահանջներուն:
Ժամանակն է, որ հայորդին դուրս գայ իր պարտուողական վիճակէն եւ ո՛չ թէ միայն «Փանտորայի փաստաթուղթեր»-ու լոյսին տակ, այլ շատ աւելի մտահոգիչ՝ Նոյեմբեր 9, 2020-ի ստորագրուած պարտութեան փաստաթուղթերուն համար հաշիւ պահանջէ «խաղաղասիրութիւն» քարոզող բայց ոչինչ իրականացնողէն, յաւելեալ կորուստներու ճամբան յամառօրէն շարունակողէն:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
hairenikweekly.com