կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-08-03 23:58
Աշխարհ

Մտահոգութեան Մասին Յայտարարութենէ Աւելին

Մտահոգութեան Մասին Յայտարարութենէ Աւելին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս 28 յուլիսին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ազրպէյճանական կողմին շղթայազերծած յարձակումին պատճառով ժամեր առաջ արձանագրուած բախումներու հարցով հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանի երկայնքով բռնութեան վերջին մագլցումը: Մենք Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք կատարելու զինադադարի վերաբերեալ իրենց պարտաւորութիւնները` անյապաղ քայլեր ձեռնարկելով կացութեան լարուածութեան մեղմացման համար:

«Սահմանին վրայ պահպանուող լարուածութիւնը կ՛ընդգծէ այն իրողութիւնը, որ միայն համապարփակ լուծում մը, որ կը կարգաւորէ առկախ խնդիրները, կրնայ բնականոնացնել երկու երկիրներու յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանի բնակիչներուն արտօնել միասին խաղաղ ապրիլ: Միացեալ Նահանգները Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը կը յորդորեն` որքան կարելի է շուտ վերադառնալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ առարկայական բանակցութիւններուն` հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու համար»:

Յայտարարութեան առաջին բաժինը կարելի է ժխտական ու անհեթեթ որակել` նկատի ունենալով, որ այդ բաժինին մէջ նախայարձակն ու այդ յարձակումէն ինքզինք պաշտպանողը նոյն նժարին վրայ կը դրուին, եւ անտեղի անկողմնակալութեամբ մը անոնց հաւասարապէս կոչ կ՛ուղղուի` «կատարելու զինադադարի վերաբերեալ իրենց պարտաւորութիւնները` անյապաղ քայլեր ձեռնարկելով կացութեան լարուածութեան մեղմացման համար»: Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը, սակայն, հետաքրքրական է եւ կարեւոր:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շարունակ կը յայտարարէ. «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը աւարտած է»: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւս նոյեմբեր 2020-ին, եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք ըսաւ. «Յոյսով եմ, որ մենք այլեւս չենք օգտագործեր այս արտայայտութիւնը` «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն»:

Հրապարակուած ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ առաջին հերթին յստակօրէն կ՛երեւի, որ ի տարբերութիւն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ` Միացեալ Նահանգներ ղարաբաղեան տագնապը լուծուած չեն նկատեր: Ուաշինկթընի համար ատիկա տակաւին կը յամենայ եւ կը սպասէ իր «համապարփակ» եւ «երկարաժամկէտ քաղաքական լուծում»-ին, իսկ այդտեղ հասնելու միջոցը «առարկայական բանակցութիւններ»-ն են: Ուաշինկթըն յստակ կը դարձնէ, որ խօսքը որեւէ բանակցութեան մասին չէ, այլ` «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ» բանակցութեան մասին, ուստի եւ կոչ կ՛ուղղէ` «որքան կարելի է շուտ վերադառնալ» այդ բանակցութիւններուն:

Ամերիկեան վարչակազմը այս յայտարարութեամբ նաեւ տողատակի կը նշէ, որ 28 յուլիսի բախումները կ՛ապացուցեն, թէ 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւնները չեն կրնար «քաղաքական երկարաժամկէտ լուծման» առաջնորդել, ուստի եւ չեն կրնար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ բանակցութիւններու ճամբով գոյացած համաձայնութեան համազօր կամ այլընտրանք ըլլալ, որովհետեւ այդ յայտարարութիւնները չեն լուծած «առանցքային խնդիրները»` իմա՛ Արցախի կարգավիճակի հարցը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին հրապարակած յայտարարութիւնը 28 յուլիսին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութեան սրման վերաբերեալ մտահոգութեան արտայայտութիւն մը չէ միայն, այլ նաեւ` Ռուսիոյ ինքնագլուխ նախաձեռնութեամբ գոյացած 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն նկատմամբ ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնական կեցուածքի անուղղակի յայտարարումը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

aztagdaily.com