կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-21 12:09
Հասարակություն

Կարմիր գիծ՝ Սեւ լիճ եւ դեռ աւելին․․․

Կարմիր գիծ՝ Սեւ լիճ եւ դեռ աւելին․․․

Առասպել մը կայ դեռ քանի մը օր առաջ բոլորովին անծանօթ ու «մոռցուած», իսկ այս օրերուն բոլորին ուշադրութիւնը գրաւող՝ Սեւ Լիճին մասին։

Կը պատմեն, թէ ժամանակին, քառասուն գլխանի վիշապ մը խմած է այս լիճի ջուրին կէսը։ Փորը լեցուն եւ յագեցած, ան երկնցած է մնացորդացին մօտ, որպէսզի մարսէ, հանգստանայ եւ ապա միւս կէսն ալ խմելով՝ ցամաքի վերածէ եւ քարտէսէն ջնջէ լճակը։ Աստծոյ հրամանով, սարերը մօտեցած ու բարձրացուցած են այն բաժինը՝ որ մնացած էր լիճէն: Այնքան մը բարձրացուցած են այդ լիճին կէսը, որ անիկա հասած է երկինք եւ խոյս տուած է վիշապէն: Յուսահատ եւ վհատած՝ վիշապը ամէն ճիգ թափած է հասնելու իր «որս»-ին, սակայն ի վերջոյ ճարահատ հեռացած է։

Կարելի է եզրակացնել, թէ ի՞նչ է այս առասպելին միտք բանին։ Մեծ Իշխանասար լերան հարաւ-արեւելեան լանջին, 2658 մեթր (8720 ոտք) բարձրութեան վրայ բազմած Սեւ լիճը փոքր է տարածքով, հանգչած՝ բարձր դիրքի վրայ։

Հեքիաթային պատմութեան «կար ու չկար»-ին «չկար»-ի մասին կը պատկանի առասպելը։ Դժբախտաբար, իրական՝ «կար»-ի մասին հետ է, որ կը պատահին այս օրերու դէպքերը՝ հեռաւոր Սիւնիքի բնութեան գիրկին մէջ։

Եթէ դարե՜ր առաջ վիշապը մեծ ախորժակներով եկած էր կուլ տալու այդ ափ մը լճակը, այսօր շա՛տ աւելի վտանգաւոր եւ սարսափազդու հրէշ մը՝ Ատրպէյճանը, եկած է կուլ տալու լճակին մնացորդը։
Վիշապին օրերուն, արդիական դրութիւններ չկային, որպէսզի ան կարենար հասնիլ իր ըմպած լիճին մնացեալ բաժինին, մինչդեռ հիմա, վիշապ Ատրպէյճանը, GPS-ի դրութիւնը օգտագործելով, ինքն իրեն իրաւունք տուած է միակողմանի քարտէս մը կերտելու եւ սահմաններ ճշդելու, այսպէսով լուցկին մօտեցնելով պատռոյգին:

Կրկին ու կրկին տեղին է նշել, թէ ակնյայտօրէն յստակ է, որ կեղծուած քարտէսներով եւ ցնորական հիմնաւորումներով, Պաքու կը փորձէ յաւելեալ հող գրաւել եւ անընդունելի ոտնձգութիւններ կատարել։ Յստակ է նաեւ, թէ Սեւ լիճի շրջանի դիտմամբ թիրախ ընտրուած է, որովհետեւ անիկա կը գտնուի Ատրպէյճանին եւ գրաւեալ Նախիջեւանին միջեւ, Հայաստանի հանրապետութեան ամենէն նեղ հողամասին վրայ։ Գաղտնիք չէ նաեւ այն, որ Իշխանասարին տիրապետելով, կարելի է իշխել Գորիսի եւ Կապանի վրայ։

Լուրջ հարց է. ինչպէ՞ս պատահած է որ շուրջ 250 թշնամի զինուոր լուռ ու մունջ, անարգել թափանցած են Հայաստանի սահմաններէն ներս, իրենց կիսածանր զինամթերքով։ Հակառակ սկզբնական լուրերուն, բախում ալ տեղի չէ ունեցած այդ գօտիին մէջ գտնուող հայոց բանակին հետ։ Ըստ որոշ հաստատումներու, հայկական կողմը հոն զինուոր չունէր, բարձունքը անպաշտպան ձգուած էր՝ նման բազմաթիւն նման կէտերու…:

Հրաժարեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնով հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ, որոնք «փրոթոքոլային» զօրակցութենէ անդին՝ շօշափելի արդիւնքներու չհասան։ Իսկ, Մայիս 14-ի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին, Փաշինեան հաստատեց, թէ փոխանակ շտապ միջամտութիւն խնդրելու, գոհացած է միայն նամակ մը յղելով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին, հպանցիկ կերպով տեղեկացնելով, որ զինուորական օգնութիւն ցուցաբերուի Հայաստանին` 1997-ի Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան մասին պայմանագիրին համաձայն: Այդ պայմանագիրին կողքին, նմանօրինակ այլ համաձայնագիր մը գոյութիւն ունի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (Հ․Ա․Պ․Կ․) անդամ երկրիներու միջեւ, որուն հիմնադիր անդամներէն է Հայաստանը, սակայն հոն ալ «ձայն բարբառոյ յանապատի»․․․։

Յստակ է, թէ ոտնձգութիւն կատարած ազերի զինուորները կայք հաստատած են Սեւ լիճի հիւսիսային շրջանին մէջ։ Այսինքն Հայաստանի պետական սահմանը խախտուած է եւ կտրուկ միջոցներ չեն առնուիր։ Փոխարէնը՝ ցեխարձակումները կը շարունակուին։

…Իսկ ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ «վարչապետի պաշտօնակատար» Փաշինեանի ապահովութեան եւ փոխադրութեան համար (նոյնիսկ շէնքէ շէնք) տրամադրուած հետեւազօրքն ու հեծելազօրքը բազմապատիկն են Սեւ լիճի տարածքին դիրքաւորուած հայ զինուորներուն։ Նման հարցականներ կարելի է դնել նաեւ Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի սահմաններուն կիսապաշտպան կամ անպաշտպան մնացած ըլլալուն մասին:

Սեւ լիճի ափը հասնելով, վիշապը անցած է կարմիր գիծը։ Ստեղծուած վտանգաւոր վիճակը աւելի՛ եւս կը շեշտէ երկրի ղեկին նոր եւ ատակ ղեկավարներ տեսնելու հրամայականը, նոյնքան կարեւոր է, անշուշտ, անգտանելի դարձած միասնականութեան իրականացումը, որպէսզի կրկին բարձրանայ եւ հին ու նոր վիշապներուն անհասանելի դառնայ Սեւ լիճն ու ընդհանրապէս Սիւնիքըը։ Մինչեւ Յունիս 20…ընտրութիւններու թուականը՝ կամուրջին տակէն բաւական ջուր պիտի հոսի։ Հայրենի լեռներուն վրայ ձիւնհալը սկսած է եւ ըստ պետական պատասխանատուներու՝ ազերիները հայկական կողմէն առաջ օգտուած են այս ձիւնհալէն:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական

hairenikweekly.com