Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
(«Հայաստան» դաշինքի ստեղծման առիթով)
Յետ-հաշուարկը սկսած է Հայաստանի մէջ։
Հայութիւնը յուսադրիչ տրամադրութիւններով կը նշէ մինչեւ 20 Յունիս, «Իմ քայլ»ական իշխանութեան 6 շաբաթ մնացած ըլլալու իրողութիւնը, յառաջիկայ ընտրութիւններով անկէ ձերբազատելու կամ, նուազագոյնը, չարիքը նուազագոյնի իջեցնելու հաւատքով եւ համոզումով։
Հայրենի հայութեան կեանքին մէջ ստեղծուած է յոյսի եւ լոյսի նոր առիթը, որ կը խոստանայ ժողովուրդին նոր ուժականութիւն տալ, իշխանութեան՝ նոր որակ, բառ մըն է միայն. «Հայաստան»։
Բառ մը, քաղաքական դաշինքի անուն մը, որ ցոյց կու տայ առանց Նիկոլ երկրի ապագան։
Բառ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչպէս Շուշիի, Հատրութի եւ Քարվաճառի ճամբան կ’անցնի… «Ազատութեան» հրապարակէն։
Հայաստանի երկրորդ նախագահը՝ Ռոպէրթ Քոչարեանը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը համախմբող քաղաքական դաշինքն է այդ, որ պատմական յաղթանակներու օրը՝ 9 Մայիսին, ազդանշանը տուաւ նոր յաղթանակներու կերտման մեկնարկին, համագործակցութեան հռչակագիրի ստորագրութեամբ եւ անոր հետեւած ժողովրդային բազմամարդ հաւաքով։
«Հայաստան» դաշինքը ծնաւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն 6 շաբաթ առաջ, առաջնահերթ նպատակ ունենալով վերականգնել Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը։
«Հայաստան» դաշինքը ծնաւ Փաշինեանական հայրենադաւ իշխանութիւնը հեռացնելու, երկիրը թրքացումէ փրկելու եւ Սիւնիքը ամուր պահելու համար։ Ծնաւ՝ հայ մարդուն յո՛յս տալու եւ ազատ ու անկախ Արցախի երազը վառ պահելու համար։
«Հայաստան» դաշինքը ծնաւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան, զարգացման եւ բարեկեցութեան համար, Արցախեան վերջին պատերազմին հետեւանքները դարմանելու եւ մեր պետականութեան դէմ ծառացող սպառնալիքները յաղթահարելու համար։
«Հայաստան» դաշինքը ծնաւ մեր երկրի երկրի ընկերա-տնտեսական անկումը կասեցնելու, զանգուածային արտագաղթը դադրեցնելու եւ հայ մարդուն եւ անոր հայրենիքին արժանապատիւ ու երկարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու համար։
«Հայաստան» դաշինքը ծնաւ մանաւա՛նդ «Դէպի ուժեղ Հայաստան» հայրենի հայութեան երթը առաջնորդելու եւ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ ամբողջ հայութեան ներուժը համախմբելու համար, յանուն հայ ժողովուրդի ապագային եւ յանուն վաղուան մեր նո՛ր յաղթանակներուն։