Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստան այսօր պաշտօնապէս կը մտնէ նախընտրական ժամանակաշրջանի մէջ: Արդարեւ, ձեւական քուէարկութեամբ մը Ազգային ժողովը պիտի «չյաջողի» ընտրել վարչապետ երկրորդ անգամ ըլլալով ու օրէնքի ուժով պիտի լուծուի: Անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին, հակառակ կառավարութեան հրաժարականին, խորհրդարան ու կառավարութիւն շարունակեցին գործել բնականոն ձեւով, կարծէք ոչինչ պատահած է: Սահմանադրութիւնը կ’ըսէ, որ կառավարութեան հրաժարականէն ետք, մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, անոր անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւններու կատարումը: Ուշադրութիւն ըրէք. կառավարութեան անդամներու (վարչապետ ու նախարարներ) մասին է խօսքը, այլ ոչ` կառավարութեան, որ հրաժարած է:
Վարչապետ չընտրելու բեմականացման առիթով, քանի որ առաջադրուած թեկնածուն պէտք էր իր ծրագիրը ներկայացնէր ու պատգամաւորներու հարցերուն պատասխանէր, Նիկոլ Փաշինեան առիթը օգտագործեց զգայացունց բացայայտումներ կատարելու: Ապա, քանի մը օր ետք, կառավարութեան հարց-պատասխանի նիստին, շարունակեց «նախկինները» մեղադրելու իր ընթացքը:
Այսպէս, իմացանք, որ նախկինները ո՛չ միայն Արցախի Հանրապետութեան եօթը շրջանները ծախած են, այլ նաեւ` նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի կէսը:
Ջղագրգիռ, ամբոխավարական ու որեւէ տրամաբանութեան չենթարկուող ոճը կը մատնէ խուճապային հոգեվիճակ մը: Մտահոգիչ է այն, որ օրակարգային նիւթին հետ կապ չունեցող հարցումները, յայտնապէս կանխորոշուած, առիթ դարձան խորհրդարանը վերածելու փողոցային հաւաքի ու նախընտրական արշաւի հրապարակի:
Նախընտրական արշաւի ընթացքին որքան քիչ արծարծուին հին ու նոր վէճերը, փոխադարձ ամբաստանութիւնները, սեփական արարքները արդարացնելու համար ուրիշները պարսաւելը, այնքան առողջ ու նպատակասլաց կ’ըլլայ ատիկա: Նախընտրական արշաւը միտուած պէտք է ըլլայ Հայաստանը իր ճգնաժամային բարդ վիճակէն դուրս բերելու նպատակին: Պէտք է խօսիլ ոչ թէ մարդերու եւ հաւանական ղեկավարներու մասին, այլ ծրագիրներու մասին: Ընտրութիւնը պէտք է կատարուի ծրագիրներու ու առաջադրանքներու միջեւ: Մինչդեռ մենք կը շարունակենք տակաւին հիներն ու նորերը սեւացնել ու վարկաբեկել:
Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի այս պահուն գրանցուած հարիւր եօթը կուսակցութիւն: Վերջին շաբաթներուն կազմուեցան տասնեակ մը կուսակցութիւններ: Այս կուսակցութիւններէն քանի՛ հատը իրողապէս պիտի մասնակցի խորհրդարանական ընտրութեան, յայտնի չէ: Համախմբուելու անկարողութիւնը կը թուի մեր ժողովուրդի յոռի բարքերէն մին ըլլալ: Ծրագիր ունի՞ն այս կուսակցութիւններէն շատերը, գաղափարախօսական հիմքեր ունի՞ն իրենց հետապնդած նպատակները, դժուար չէ կռահել: Յուսանք, որ լրիւ համամասնական ընտրութիւնը չի խճողուիր բազմաթիւ ցուցակներով ու քաղաքացին չի մատներ շփոթի:
Յառաջիկայ մէկուկէս ամիսը ճակատագրական նշանակութիւն ունի Հայաստանի ապագային համար: Եթէ քաղաքական ուժերը չյաջողին հանդարտեցնել իրավիճակը, եթէ բանավէճը չազատեն անուանարկումի ախտէն, եթէ չառաջարկեն իրագործելի ծրագիրներ, այս ընտրութիւնը եւս կը վերածուի կորսուած առիթի: Ժամանակաւոր կառավարութեան կազմութիւնը կը հետապնդէր մթնոլորտի փոփոխութեան նպատակ: Չեղաւ դժբախտաբար: Այժմ, իմաստութիւնը պէտք է ունենանք քաղաքացիին տալու արդար ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը: Անկախ կիրքերէ ու առարկայական տուեալներու հետեւողութեամբ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com