Փոխարժեքներ
23 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Շաբաթասկիզբին, երբ հայ զինուորներու դիակներ (այո՛, դեռ փնտռտուքը կը շարունակուի դժբախտաբար) փոխադրող ինքնաշարժ մը կը քարկոծուէր Արցախի մէջ, երբ դեռ բազմաթիւ զինուորներ կը մնան գերի կամ անգտանելի, երբ գրեթէ ամենօրեայ յաճախակիութեամբ եկեղեցիներ, յուշակոթողներն ու մշակութային ժառանգութիւններ հետեւողական եւ կազմակերպուած ձեւով կը քանդուին…Այս բոլորին դիմաց, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յանկարծ սքանչելի՜ «գիւտ» մը հրապարակ նետեցին, ըսելով, որ պէտք է վերանայումի ենթարկենք Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները, քննարկենք թէ ուրկէ՞ կու գայ թշնամանքը: Հրապարակումները եղան, սովորականին նման՝ առանց հիմնաւորումներու եւ խոր վերլուծումներու:
Այսպէ՛ս է. քանի մը տարին մէյ մը, յանկարծ, հայ-թուրք յարաբերութիւններու մասին խօսակցութիւններ եւ յայտարարութիւններ տեղի կ՛ունենան՝ խուճապ ստեղծելով եւ վիճաբանութեան դուռ բանալով:
Շատ փորձեր կատարուած են այս կամ այն ղեկավարին կողմէ: Չենք մոռցած փրոթոքոլերուն գործընթացը, ճամբու քարտէսը, «ֆութպոլային քաղաքականութիւն»ը…, որոնք միշտ ալ անաւարտ մնացին:
Սակայն այսօր եղածը իւրայատուկ է եւ աննախընթաց, որովհետեւ ձեռնարկողը դուրսէն չէ, ո՛չ ալ թշնամին է, այլ դժբախտաբար՝ ներսէն:
Հաւանաբար, բարի կամեցողութեան արտառոց տրամաբանութիւն մը ունի ներկայ իշխանաւորը, որ Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի համաձայնագիրով, արդէն իր ստորագրութիւնը դրած է նա՛եւ «համաթուրանական կամուրջ»-ին յատակագիծին տակ, խոստանալով Մեղրիի ճամբով Թուրքիան Ատրպէյճանին միացնելու միջանցք-նուէրը:
Կայ աւելի՛ն. Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւն խաղալու յայտարարութիւններն ու հաստատումները կատարուած են, ըստ երեւոյթին՝ առանց տեղեակ պահելու արտաքին գործոց նախարարը կամ նոյնիսկ ամենադոյզն կարծիքի փոխանակում ունենալու անոր հետ: «Ես կ’որոշեմ, ե՛ս կը գործադրեմ»ի՝ օրէնք ու սահմանադրութիւն ոտնակոխելու աղաղակող վարքագիծին նորագոյն արտայայտութիւնը, արդարեւ:
Նմանօրինակ դիրքորոշումներ, որոնք խոր մտահոգութիւններու պատճառ կը դառնան, ուղղակիօրէն կը հարուածեն մեր ազգային-պետական շահերը: Եթէ քիչ մը աւելի խորանանք, պարզ աչքերով կը տեսնենք իրականութիւն մը, ուր յստակօրէն կըստորադասուին ու կ’ոտնակոխուին թէ՛ պետական եւ թէ՛ ազգային շահերու հասկացութիւնները:
Ամէնէն վտանգաւո՞րը. «կարմիր գիծ» շրջանցելու եւ պատմութիւն ոտնակոխելու հարց ծագած է: Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը անվտանգութեան երաշխիքի խնդիր է:
Արցախի վերջին պատերազմին, բեղուն գործունէութիւն եւ մասնակցութիւն բերած Անգարան, ոճրածին վոհմակներ անգամ մը եւս դաշտ նետած պետական ոճրագործը, հիմա շա՛տ աւելի համարձակութեամբ պիտի փորձէ Հայաստանէն պահանջել անընդունելի զիջումներ, որոնք կ՛ընդգրկեն հայոց Ցեղասպանութեան վերջնական մոռացում:
Այս հարցը համահայկական առաջնահերթ խնդիր է եւ իր տարողութեամբ՝ համազգային բարդ կացութիւն. եթէ այս «բարեմիտ» քարոզչութիւնը շարունակուի, կրնայ ահազանգային իրավիճակ մը ստեղծել, մանաւանդ Ապրիլեան այս օրերուն, երբ Հայ Դատի յանձնախումբին բարձրացուցած դրօշին տակ, ոգի ի բռին աշխատանք կը տարուի Սպիտակ Տան ուղղութեամբ, ճնշում բանեցնելու եւ համոզելու համար նախագահ Ճօ Պայտընը, որպէսզի պատշաճօրէն ճանչնայ հայոց Ցեղասպանութիւնը: Իսկ Ուաշինկթընը միակ թիրախը չէ մեր պահանջատիրական աշխատանքներուն…:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը առանց ամէնադոյզն երկմտանքի, միայն ու միայն Անգարայի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք է, որ պարտի պայմանաւորել հայ-թրքական մերձեցումն ու յարաբերութիւններու բնականոնացումը: Իսկ հարցը չի փակուիր լոկ ճանաչումով, որովհետեւ կայ համապարփակ հատուցումի, Արդարութեան կենսագործման պահանջը:
Սակայն յիշեալ արտայայտութիւնները նոր ապացոյց են, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կ՛ուզէ տեղի տալ եւ հրաժարիլ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան քաղաքականութենէն, ինչպէս որ գո՛րծնապէս զիջեցաւ Արցախի մեծ մասը եւ գո՛րծնապէս իր օրակարգէն դուրս վանած է արցախեան հիմնախնդիրը:
Բայց… կը լսէ՞ք. հրապարակներու վրայ սկսած են որոտալ ընտրապայքարի թմբուկները:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
hairenikweekly.com