Փոխարժեքներ
25 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 395.75 |
EUR | ⚊ | € 411.42 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.97 |
GBP | ⚊ | £ 496.07 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.09 |
Մենք սխալ չափանիշով կը գնահատենք Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր նմանները։
Գոյութիւն ունի վերանկախացած Հայաստանի իշխանութիւնը իր ճիրաններուն մէջ պահող շրջանակ մը, ուրկէ իշխանութեան աթոռին բարձրացող առաջնորդները որակապէս եւ մտածելակերպով գրեթէ նոյնն են։ Փաշինեան չի տարբերիր միւս առաջնորդներէն։
Եւ այս մարդոց նկատմամբ մեր չափանիշին սխալը ո՞ւր կը կայանայ։
Մենք այս մարդոց կը դիտենք այն մեկնակէտով, որ ասոնց համար Հայաստանը հայրենիք է եւ Հայաստանի ժողովուրդը Հայութիւն է, որն ունի սեփական հարուստ պատմութիւն, սեփական հարուստ մշակոյթ եւ հաւաքական առաքելութիւն։
Բայց մենք կը սխալինք, կը սխալինք չարաչար։
Այս մարդոց համար Հայաստանը հայրենիք չէ՝, այլ՝ բնակավայր։
Այս մարդոց համար Հայաստանի ժողովուրդը Հայ չէ, այլ՝ պատահականօրէն ի մի հաւաքուած սոսկ բնակիչներ։
Այս մարդոց համար մենք չունինք ո՛չ ուրոյն պատմութեան եւ ո՛չ ուրոյն մշակոյթ, այլ՝ ունինք սեփական փորը կշտացնող պատահական հաւաքականութիւն, որ դատապարտուած է քարշ տալու իր գոյութեան։
Այս մարդոց համար մենք հաւաքական առաքելութիւն չունինք, այլ՝ անստոյգ ապագայով օրը օրին ապրող մարդիկ։
Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն սկսած մինչեւ Նիկոլ Փաշինեան այսպիսի մարդոց վստահուած է Հայաստան անունը կրող հողատարածք մը։
Երբ փոխենք մեր մօտեցումներուն սխալ չափանիշը, կը հասկնանք թէ ի՞նչ եւ ինչո՞ւ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու իրագործած իրադարձութիւնները, քանդումները, կորուստները, հարստացումները…։ Նաեւ կը հասկնանք, թէ ի՞նչ, ինչո՜ւ եւ ինչպէ՞ս կը գործեն պետական կառոյցներու վրայ հերթականօրէն զետեղուող գլխաւոր պաշտօնատարները, որոնք կը վերածուին հլու հնազանդ կամակատարներու, մինչեւ իսկ մեղսակիցներու եւ բաղադրիչներու՝ իշխանաւորներու պարտադրած դաւադրութիւններուն։
Այս մարդոց համար Հայաստան հայրենիք, Հայ ժողովուրդ, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ եւ ազգային հաւաքական առաքելութիւն գոյութիւն չունի։
Բայց գոյութիւն ունի հողատարածք մը Հայաստան անունով, որ հայրենիք չէ։ Գոյութիւն ունի հաւաքականութիւն մը, որ լոկ բնակիչներն են այդ տարածքին։
Նոյնիսկ Խորհրդային տարիներուն այսպիսի մտայնութիւն եւ գործելաոճ չէր կրցած զարգանալ։ Ժողովուրդը, մինչեւ իսկ որոշ հայ կոմունիստ ղեկավարներ, ամրօրէն կառչած մնացին հայրենիքի եւ ազգի գաղափարին, ազգային պատմութեան եւ մշակոյթին։ Անոնք ապրեցան, գործեցին եւ ստեղծագործեցին, միշտ այն հաւատքով, որ հայրենիքը եւ ազգը ունին առաքելութիւն, ունին դեռ իրագործելի անկատար տենչեր, ունին ապագայ՝ իբրեւ Հայաստան եւ Հայութիւն։
Հայրենիքի հողէն պոկուած Սփիւռքը ամենէն հեռաւոր ափերուն իսկ ամրօրէն կառչած մնաց Հայութեան հայեցի ինքնութեան եւ Հայաստանի երազին։
Փոխենք մեր սխալ չափանիշերը։
Փոխել կարենալու համար պէտք է սկսիլ Նիկոլ Փաշինեանէն եւ իր նմաններէն։
Սեդօ Պոյաճեան
Յունուար 12, 2021
Լոս Անճելըս