Րաֆֆի Տէմիրճեանը գրում է.
«ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
ՁԵՐ ՈՒՂԻՆ ԵՒ ՄԵՐ ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ
Պարոն Նազարէթ Պէրպէրեան,
Ձեր վերջին գրառումէն ետք, թերթատեցի «Ասպարէզ»֊ի մէջ ձեր գրութիւնները, ստուգելու համար, թէ անցեալին ի՞նչ մտածողութիւններ ունէիք եւ այսօր ինչ փոխուեցաւ։ Անցեալին Հայաստանի իշխանութիւնները արդար եւ տեղին քննադատողը այսօր ազգին դէմ գործուած դաւաճանութեան հեղինակին մատնեցոյց կատարելու փոխարէն հայրենիքը վաճառողներուն արարքը քննադատողները կը գտնէ արկածախնդիր եւ ընդդիմութեան քայլերը՝ ներքին արիւնաքամութեան առաջնորդող «սադրանքներ»։
Յիշեցնեմ, որ մեր ընկեր Պէրպէրեանը 8 Մայիս 2013֊ին, «Ասպարէզ»֊ին մէջ գրած էր. «Շուշիի ազատագրութեան համար զոհուած մեր հերոսները ի՜նչ կ՛երազէին, իսկ Շուշին քաղաքական դրամագլուխի վերածած այս իշխանութիւնները ի՛նչ կու տան մեր ժողովուրդին։
Ծանր օրեր կը սպասեն պահանջատէր հայութեան»։
Այսօր միենոյն Պէրպէրեանը Շուշին վաճառողին մասին ոչ մէկ կեցուածք ունեցած է, եւ կ'ուզէ «ներքին արիւնաքամութեան չարիքը խնայել։ Ի՞նչ փոխուեցաւ։ Նախկին իշխանութիւնները ոչ մէկ ատեն Շուշին բանակցային գործընթացին մէջ արծարծած էին, մինչ նիկոլը հողը նուիրեց, իսկ դուք՝ մնացիք լուռ։
Մեր Պէրպէրեանը 21 Օգոստոս 2013֊ին կը հաստատէր, թէ »... Ամէն սխալի համար գին կը վճարուի… անխուսափելիօրէ՛ն։
Այդպէ՛ս է անձնական մեր կեանքին մէջ։
Այդպէ՛ս է նաեւ ու մանաւանդ հաւաքական կեանքի մէջ։
Ուշ կամ կանուխ կը վճարենք գինը մեր սխալներուն եւ որքան շուտ վճարենք, որքան կանուխ անդրադառնանք մեր սխալներուն եւ ջանանք սրբագրել զանոնք, այնքան կը թեթեւնայ մեր ուսերուն ծանրացող պատասխանատուութեանց չարաշահման ծանր բեռը եւ նոյնքան կ՛ամրապնդուի մեր զաւակներուն հաւատքն ու վստահութիւնը մեր ազգային արժանաւորութեան հանդէպ»։
Այսօր իշխանութիւնները գինը պիտի չվճառե՞ն. հեռացումի պահանջքը արդար չէ՞։ Ըսելիք չունի՞ք։ Եթէ Սերժը ըլլար ծախողը, վստահաբար 2013֊ի ձեր շունչով Պապէն աւելի պապական ալ կ'ըլլայիք, բայց հիմա ձեր նիկոլն է...
Դաւաճանին դաւաճանութիւնը մատնանշելը թշնամանք չէ, այլ՝ ազգի ներքին թշնամիին դէմ արդար պայքար։ Այն դպրոցը, որուն դաստիարակներէն պէտք է եղած ըլլայիք, այսպէս սորվեցուցին, եւ դուք ալ այս գծով էջեր գրած էք Դաշնակցութեան գաղափարական արժէքին մասին, որուն այլ առիթներով կ'անդրադառնանք։
Տակաւին, 8 Օգոստոս 2014֊ին մեր Պէրպէրեանը գրած էր. «Հայկական միակամ եւ ուժեղ բռունցքի ամրապնդման համար, Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ընդհանրապէս քաղաքական վերնախաւը, որոշապէս ընդդիմադիրները ներառեալ, իրաւունք չունին այսպէս մսխելու սեփական ժողովուրդին վստահութիւնն ու յոյսերը։
Իրաւունք չունին, մանաւա՛նդ, ձեռնածալ նստած սպասելու, որ ատրպէյճանական «դանակը ոսկորին հասնի»… որպէսզի մեր ժողովուրդին խենթերը գտնեն օրհասական վտանգը դիմագրաւելու հնարը»։
Պարոն Պէրպէրեան, 2014֊ին դանակը ոսկորին հասնելու մտավախութիւնը ունէիք, բայց 2 տարի ետք 2016֊ին մեր տղաքը նախկին իշխանութեան օրերուն կասեցուցին թշնամիին հայրենիքը գրաւելու փորձը, բայց այսօր Արցախին մեծ մասը յանձնուեցաւ, եւ դուք չէ՞ք զգար, որ ոսկորին հասած է, հնարքը լռութի՞ւնն է։ Պատեհապաշտութիւն է տարբեր պայմաններու բերումով սկզբունքերը փոխելը եւ գաղափարական արժէքներէն հրաժարիլը։
Անդին դուք այսօր ձեռնածալ չնստողներուն խենթութիւնները աթոռի կռիւ կը տեսնէք, կրկնելով նիկոլականներու նեղ եւ ճղճիմ պատճառաբանութիւնները։ Այսքանով ալ չէք բաւարարուիր ու կը քարկոծէք մեր Պէրպէրեանին տունը։
Այս կամ այն պատճառներով կամ պատճառաբանութիւններով Ընկեր Հրանդ Մարգարեանին եւ նախկին իշխանութիւններուն նկատմամբ Ձեր ատելութիւնները պատճառ պէտք չէ հանդիսանան, որ շեղիք Սիմոն Զաւարեանով առաջնորդուող ձեր խիղճի ձայնէն եւ Դաշնակցութեան դարբնոցէն սնած ազգային շունչէն եւ ոգիէն»։