Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ապրիլ 24-էն քանի մը օր առաջ, Ս. Յարութեան տօնին, հայ ժողովուրդին մէջ նոր շարժում մը ծայր առած է. Կիրակի օր, Երեւանի «Ազատութեան հրապարակ»ը դարձաւ հաւաքավայր՝ Հայաստանի եւ Արցախի փրկութեան կամքով զիրար գտած հայորդիներու, իսկ անկէ առաջ, Ֆրանսայի հայութիւնը տուաւ այլ ազդանշան մը:
Արցախեան շարժումէն 34 տարի ետք, Երեւանի նոյն վայրին մէջ դարձեալ հնչեց «միացում» մարտահրաւէրը: Թէեւ այս անգամ շարժումին ազդանշանը տրուեցաւ Արթուր Վանեցեանի կողմէ (վստահաբար չէ մոռցուած, որ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» լծակիցի իր ընթացքին վերջ տուաւ շուտով եւ իշխանութեան վնասարար ընթացքին իրազեկ դառնալով՝ «կարմիր քարտ» ցոյց տուաւ), սակայն ան միայնակ չէր հրապարակին վրայ: Անոր կողքին էին ընդդիմադիր ճակատի առաջնորդող դէմքեր, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ ժողովուրդի զաւակներէն ստուար բազմութիւն մը:
Շարժումը սկզբնաւորողները յայտարարեցին, որ սա միօրեայ նախաձեռնութիւն չէ, այլ շուտով պիտի տարածուի ամէն տեղ, ապակեդրոն ձեւով նախատեսուած բողոքի արտայայտութիւնները իրարու պիտի միանան բուրգին գագաթը, ի խնդիր հայրենիքի փրկութեան: Անոնք շեշտեցին, որ սա իշխանութեան հասնելու նպատակով առնուած քայլ չէ, այլ կը հետապնդէ իշխանաւորներուն կործանարար երթին կասեցումը:
Մէկ խօսքով, հայրենիքի ու ինքնիշխան պետութեան փրկութեան պայքարը կը վերարծարծուի՝ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին բարձրացուցած նշանախօսքերուն համապատասխանաբար:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԵՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Սկիզբ առած շարժումը նորագոյն հակադարձութիւն մըն է Փաշինեանի գլխաւորած խմբակին հետեւողական նահանջողականութեան, որուն նորագոյն դրսեւորումներուն ականատես եղանք անցեալ քանի մը օրերուն, Ազգային ժողովի բեմէն, նոյնինքն Փաշիեանի եւ խմբակիցներուն բարձրաճակա՜տ յայտարարութիւններով, սնանկ ու անհիմն փիլիսոփայութիւններով: Այլեւս կասկած չի մնար, թէ քանի մը օր ետք, ինչպիսի՛ «խաղաղութեան համաձայնագիր»ի մը կ’ուղղուի իշխանութիւնը, նաեւ պատռուած է կեղծիքի եւ խաբէութեան վերջին դիմակը:
Չկրկնենք ըսուածն եւ քողարկուածին ծալքերը, որովհետեւ ամէն բան յստակ է: Այս իշխանութիւնը որոշած է Արցախի մնացեալ շրջանն ալ զիջիլ Ազրպէյճանին, ի՛նչ ստայօդ խօսքերով ալ փորձէ քողարկել զայն, խաղաղասիրութեան ի՛նչ պատեանով ալ ծածկէ մահաբեր թոյնը:
Կեղծիքի, խաբէութեան եւ երեսանցութեան շարքը շատ երկար է. եթէ միայն յիշատակենք նորագոյններէն մէկը, արդէն պէտք է անդրադառնանք, թէ բաժակը քանի՛երորդ անգամ ըլլալով կը յորդի: Խօսքը կը վերաբերի այն դէպքին, որ տեղի ունեցաւ քանի մը օր առաջ, երբ Արցախ ուղղուող ընդդիմադիր երեսփոխաններու պատուիրակութիւնը արգելքի հանդիպեցաւ Աղաւնոյ գիւղին մէջ ու չկրցաւ հասնիլ Ստեփանակերտ: Իշխանաւորները զարմա՜նք յայտնեցին նման դէպքի մը մասին եւ ուղղակի եւ անուղղակի ակնարկութիւններով՝ յանցանքը փորձեցին ձգել ռուս խաղաղապահներուն ուսին: Յետոյ, Արցախի ազգային ժողովի անդամ Դաւիթ Իշխանեան պայթեցոց «ռումբը» եւ պատռեց թափանցիկ դիմակը. ան բացայայտեց, որ անպարտութիւն խաղացող իշխանաւորներ իրե՛նք է որ պատուիրակութեան անուանացանկը… Ազրպէյճանի իշխանութեան փոխանցած են, իսկ անոնք ալ խաղաղապահներուն թելադրած են չարտօնել պատուիրակութեան Արցախ մուտքը: Մէկ խօսքով, սա նորագոյն (իսկ ցանկը որքա՜ն երկար է) փաստն է անոր, որ Երեւանի իշխանութիւնը բանիւ եւ գործով կը գործակցի (ըսե՛նք նաեւ որ դարձած է հլու կամակատարը) Ազրպէյճանի ու անոր «մեծ եղբօր»՝ Թուրքիոյ, լծակիցն է համաթուրանականութեան հեռանկարներուն իրականացման, իսկ այդ բոլորը կը փորձէ ծածկել կեղծիքի եւ սուտերու վերմակներով, որոնք այլեւս մաշած են եւ վնասարար քայլերը չեն կրնար քողարկել:
Երեւանեան Կիրակիի շարժումը առաջին գործնական արձագանգն էր Արցախէն բարձրացած միաձայն կոչին, որ հնչեց Ազգային ժողովէն եւ սաստ ուղղեց Հայաստանի իշխանութեան, որպէսզի կասեցնէ կործանարար քայլերը, չերթայ Արցախի ամբողջական յանձնումի համաձայնագիրին: Կ’արժէ անգամ մը եւս շեշտել, որ սա ա՛յն Արցախն է, որ 34 տարի առաջ բացաւ պայքարի ճամբան, նուազ քան 30 հազար քլմ. տարածութեամբ Հայաստանի դիմաց բացաւ 44 հազարի տարած վերաշահելու ուղին, որ սակայն, այս իշխանութեան կործանարար քայլերով՝ հայութիւնը հասցուց 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր հետւած՝ նորանոր կորուստներուն: Ինչպէս Փաշինեանի հետ քալողներէն շատեր հեռացան անկէ, ահա նաեւ որոշ ատեն մը անոր հետ քայլ պահող Արցախն ալ կը դիմակազերծէ թրքաբարոյ վարմունքը: Արցախէն հնչած կոչն ու Երեւանի մէջ սկիզբ առած նորագոյն շարժումը համարժէք պատասխան են նաեւ իշխանաւորներու այն քարոզներուն, թէ Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս ընտրանք չունի, թէ՝ Հայաստանի հողերէն ալ պէտք է զիջումներ կատարել ի խնդիր խաղաղութեան եւ բարեկամութեան (ուրշ բան չէ «հայելանման ետք քաշուելու» քարոզը): Սա մասնաւորաբար ապտակի համազօր պատասխան է նոյն իշխանութեան, որ կը քարոզէ, թէ «միջազգային ընտանիք»ին սպասումներուն անսալով՝ պէտք է իջեցնել հայութեան նշաձողերը: Երբ մինչեւ իսկ Մինսքի պառակտուած խմբակէն նման բացայայտ պահանջ չէ լսուած, յստակ է, թէ ո՛վ է նշաձողի իջեցման պահանջը դնող՝ սա «միջազգային ընտանիք» կոչուածը. անիկա Թուրքիան է եւ Ազրպէյճանը, որոնք ցնծութեան աղաղակներով եւ բացայայտ քարոզչութեամբ ողջունեցին Փաշինեանի եւ խմբակից-դաւարդակիցներուն «խելամտութիւն»ը եւ «իրատեսութիւնը»: Չէ՞ որ Թուրքիա յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք իրերայաջորդ պատգամներ ուղղած էր Հայաստանին, թէ «դրական նշաններ» կը սպասէ Երեւանէն, իսկ Ազրպէյճան կրկին ու կրկին «պատգամած» էր, որ հայերն ու Արցախը պէտք է ընդունին, որ Արցախը վերջնականապէս մաս կը կազմէ Ազրպէյճանին, արցախցիք պէտք է ընդունին այսուհետեւ ապրիլ իբրեւ Ազրպէյճանի հպատակներ: Թուրքին ու ազերիին այս իմաստով կոչերուն՝ Երեւանի վարիչները տեսանք թէ ինչպէ՜ս կը հակազդեն «դրական նշաններով», կը հաւատան, որ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, արցախցիք պիտի վայելեն իրաւունքներ, ապահովութիւն եւ բարօրութիւն, ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս վայելեցին Նախիջեւանի հայերը: Իսկ Արցախի իշխանութիւնը յստակօրէն պատասխանեց, թէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, արցախցիին կը մնայ մէկ ընտրանք՝ ընդունիլ զոհ դառնալ նոր ցեղասպանութեան, ստիպուած ըլլալ հեռանալ սեփական հողէն, արցախցի ժողովուրդն ալ իրաւացի՛օրէն կը կրկնէ, թէ իր հողերը գրաւող եւ իր զաւակները ջարդող ազերի-թուրքին հետ ներկայ պայմաններուն մէջ համակեցութիւն չի կրնար պատկերացնել:
ՕՂԱԿՆԵՐՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ
Քանի մը օրէն սպասուող՝ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին նախօրեակին, դանակը հասած է ոսկորին:
Արցախի կոչը ուղղուած էր թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի հայութեան:
Սփիւռքը եւս անտարբեր չէ կանգնած. Երեւանի մէջ վերսկսած բողոքի շարժումէն երկու օր առաջ, առաջին պատասխան-արձագանգը եկաւ Ֆրանսայէն, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Սպասելի է, աւելի՛ն, հրամայակա՛ն է, որ արդարատենչութեան ալիքը անյապաղ տարածուի նոր օղակներով, ներգրաւէ Հայաստանի ու Արցախի բոլոր շրջանները, զուգահեռաբար՝ սփիւռքեան մօտակայ եւ հեռաւոր օճախները:
Աւելի քան 12 տարի առաջ, երբ հրապարակ նետուեցաւ «Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը» եւ Հայաստանի իշխանութեան պարտադրուեցաւ ստորագրել ծանօթ փրոթոկոլները, ամբողջ հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ եւ միաձայնութեամբ «ո՛չ» ըսաւ կորստաբեր վարքագիծին: Հայութեան «ո՛չ»ը կարեւոր բաժին ունեցաւ կործանարար ընթացքին կասեցման մէջ: Այսօր, ազգովին, Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհով մէկ՝ կը գտնուինք շատ աւելի կործանարար ճամբու մէջ, մօտեցած ենք վերջնական անկումի սեմին. Երեւանի իխանութեան քարոզած «խաղաղասիրութիւնը» մեզ կրնայ հասցնել մեր հայրենիքին ու պետականութեան կորուստին, այդ թղթածրարին մէջ դնելով Ցեղասպանութեան եւ հատուցման ճանաչման հարցը եւ դեռ՝ շատ ու շատ բան:
Եւ, իսկապէս. որմէ՞ եւ ի՞նչ տեսակի ազդանշանի կը սպասէ հայութիւնը, որպէսզի խօսքէն անցնի գործի, ձեռքերն ու կարողութիւնները միացնէ հայրենիքին եւ պետականութեան փրկութեան Գործին: Ի՞նչ կը սպասեն կուսակցական, միութենական, յարանուանական եւ մասնագիտական միաւորները, որոնք անբաժանելի մասնիկներն են ազգին, անէացման վտանգին մատնուած հայրենիքին:
Հայրենիքի փրկութեան պայքարին, այսինքն՝ այս իշխանութեան պարտուողական ընթացքին վերջ տալու կոչուած են մասնաւորաբար ուժային կառոյցները, բանակ, ոստիկանութիւն (որ դարձած է իշխանաւորներու սոսկական թիկնապահը), ապահովութեան սպասարկութիւնները, դիւանագիտական անձնակազմը: Պետականութեան փրկութիւն՝ պիտի նշանակէ նաեւ Հայրենիքի փրկութիւն, անոր կեանքի բոլոր կալուածները ներառեալ (տնտեսութիւն, գործի դաշտեր, բնական հարստութիւններ եւ այլ): Չմոռնանք, որ դարեր առաջ, երկնատուր լիազօրութիւններով երկիրն ու ժողովուրդը կառավարելու «մանտաթ» ունենալ յաւակնող՝ Անգլիոյ մէկ թագաւորը գլխատուեցաւ, իսկ իր իշխանութեան սկզբնական տարիներուն սիրուած եւ աշխարհին կողմէ յարգուած նախագահ Նիքոլայ Չաուշեսքու մը ինչպիսի՛ վախճան ունեցաւ:
Հայութիւնը միացեալ ձեռքերով նոյն ճակատագիրին պիտի մատնէ հայրենի հողերէ հրաժարողները:
ՉԵՆՔ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
…Զարթօնքի դարաշրջանին, իմաստասէր մը`Ռընէ Տեքարթ անուն, որ ամէն բան կասկածով դիտած է, մինչեւ իսկ կասկածած է իր գոյութիւն ունենալուն, օր մըն ալ յանգած է անժխտելի եզրակացութեան մը. Cogito, ergo sum, այսինքն՝ կը մտածեմ, ուրեմն կամ, գոյութիւն ունիմ: Իսկ մենք քանի՜-քանի անգամ փաստած ենք մեր ինքագիտակցութիւնը, իրազեկ եղած ենք ու ունինք սեփական ուժերու վստահելով՝ անկարելի թուացող վիճակներու յաղթահարելու ունակութիւնը, յարութիւն առած ենք Ցեղասպանութենէն, հայրենիք վերականգնած ենք Սարդարապատով…
«Միացո՛ւմ», բացագանչեց հայը՝ 34 տարի առաջ: «Միացո՛ւմ», կ’ըսէ ան նաեւ այսօր: Վաղը պիտի չաւաղենք, որ «խումբ մը ձախաւերներու նահանջամոլութեան եւ թշնամիին կամակատարութեան հետեւանքով, հայրենիք ու պետականութիւն կորսնցուցինք», որովհետեւ ԿԱՐ՛ՈՂ ԵՆՔ ԿԱՍԵՑՆԵԼ նահանջն ու անկումը, որքան ալ որ հաստատ թուի այլոց քմայքներուն հետ յամառօրէն քայլ պահելու իշխանաւորներուն ինքնավստահութիւնը:
Իշխանութեան սնանկ վարքագիծին մերժումը, սխալանքներուն սրբագրումը՝ ամբողջ ազգին պարտականութիւնն է ու իրաւունքը, վեր է ու անդին՝ «հին-նոր» անհատներէ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
17 Ապրիլ 2022