Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Այսօր Կիրակի 25 Հոկտեմբեր 2020ին, Կիպրահայ համայնքը կազմակերպեց աւթօերթ, ի նպաստ Արցախի ժողովուրդի մղած պայքարին։
Աւթօերթը սկիզբ առաւ Պաֆոսէն, ուր Պաֆոսի համայնքի անդամները, իրենց ինքնաշարժներով, շրջելէ ետք Պաֆոսի մէջ, ուղղուեցան դէպի Լիմասոլ, ուր հանդիպեցան Լիմասոլի հայ համայնքի անդամներուն, եւ նոյնպէս՝ Լիմասոլ քաղաքը շրջելէ ետք, ուղղուեցան դէպի Նիկոսիա։
Միաժամանակ, Լառնաքայի համայնքի անդամները, շրջելէ ետք քաղաքի կեդրոնական ճամբաներէն, ուղղուեցան դէպի Նիկոսիա։ Երկու երթերը իրար միացան երկու ճանապարհները միացնող խաչմերուկին եւ հարիւրէ աւելի ինքնաշարժներ միասին ուղղուեցան դէպի Նիկոսիոյ ՂԱՍԻՊԻ մարզադաշտի կանգառը, ուր հաւաքուած էին Նիկոսիոյ համայնքի անդամները։
Հաւաքուած 350-է աւելի ինքնաշարժները ուղղուեցան դէպի Նիկոսիա, եւ հետեւեցան նախապէս ծրագրուած ճանապարհ մը, որ նախ անցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահ երկիրներու, այսինքն՝ Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատուներու առջեւէն, յստակ պատգամը փոխանցելով, որ կիպրահայութիւնը եւ հետեւաբար՝ հայ ժողովուրդը կը պահանջէ որ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները ստանձնեն նախաձեռնութիւններ, վերջ մը դնելու Արցախի դէմ՝ Ազրպէյճանի հռչակած պատերազմին։
Աւթօերթը անցաւ նաեւ Իսրայէլի դեսպանատան առջեւէն, իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն Իսրայէլի կառավարութեան դէմ, որ կը շարունակէ զինամթերք եւ յատկապէս՝ անօթաչու թռչող սարքեր հայթայթել Ազրպէյճանին, որու իբրեւ հետեւանք, հայկական կողմը բազմաթիւ զոհեր կրած է։
Աւթօերթը, շրջելէ ետք Նիկոսիոյ բանուկ ճամբաներէն, կանգ առաւ Արմենիաս Պողոտայ, Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին առջեւ։
https://www.facebook.com/simon.aynedjian/posts/10157300895946174
https://www.facebook.com/Gibrahayer/posts/3466726346703648