կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-09 17:24
Մշակույթ

ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ. Հայրապետական պատգամ՝ ի զօրակցութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն

ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ. Հայրապետական պատգամ՝  ի զօրակցութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն

Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, այսօր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, անցնող օրերուն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին լոյսին տակ, իր հայրական պատգամը  փոխանցէց՝ ի զօրակցութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Ս. Պատարագին ներկայ են Հայաստանի Հանրապետութենէն ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութեան անդամներ։

Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ հոգեհանգիստ՝ օգոստոս 4-ին Լիբանանի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով բոլոր զոհերու հոգիներուն համար։