կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-09-12 18:10
Հասարակություն

Ազրպէյճանական զինուժի անպատիժ խափանարարութիւնը ՀՀ մայրուղիներուն վրայ․․․․եւ մեր ժողովուրդի համբերութեան բաժակը

Ազրպէյճանական զինուժի անպատիժ խափանարարութիւնը ՀՀ մայրուղիներուն վրայ․․․․եւ մեր ժողովուրդի համբերութեան բաժակը

Օգոստոսի 25-ին, Ազրպէյճանական Բանակի միաւորներ փակեցին Կապան-Գորիս ճանապարհը Կարմրաքար-Շուռնուխ հատուածի մօտակայքը։ Օգոստոսի 26-ին, երթևեկի խափանման այս կամայական ռեժիմը տարածուեցաւ նոյն ճանապարհի Գորիս-Որոտան մատոյցներուն վրայ։ Օգոստոսի 27-ին, ընթացք տալով Մոսկուայի ճնշումներուն, Ազրպէյճանական Զինուժի հրամանատարութիւնը յօժառեցաւ վերցնել երթևեկի արգելքը և առիթ տալ, որ մեքենաներու և մարդոց շրջանառութիւնը վերահաստատուի, բայց…

Բայց յանկարծ պեթոնէ անցարգելներ յայտնուեցան Սիւնեաց մայրուղիի զանազան կէտերուն վրայ արուեստականօրէն դանդաղեցնելով ճանապարհի բնականոն շրջագայութիւնը։

Իսկ այսօր արդէն Բաքու կը նախաձեռնէ ճանապարհի այս հատուածին վրայ մնայուն ստուգակէտեր (checkpoint) հաստատելու գործին։

Կը խօսինք հայ պետականութեան լինելիութիւնը կարելի դարձնող մեր երկրի երկու կենսական ճանապարհներէն մէկուն մասին։ Ասիկա այն ճանապարհն է, որմով Հայաստանի տնտեսութիւնը կը յաջողի ապահովել իր ցամաքային հաղորդակցութիւնը Իրանի հետ և ճամբայ հարթել մինչև Պարսից կամ Արաբական ծովածոցի շուկայական մեծ հարթակները։ Ասիկա այն ճանապարհն է, որմով կը պարենաւորուի Արցախի տնտեսութիւնը։ Ասիկա այն ճանապարհն է, որ կոչուած է ապահովելու ՀՀ ռազմական վերահսկողութիւնը Հայաստանի հարաւային ռազմաբեմին վրայ։ Ասիկա Սիւնիքի և Վայոց Ձորի պաշտպանութեան խարիսխն է։ Ասիկա Զօր. Անդրանիկի, Սպարապետ Նժդեհի, Զօր. Դրոյի սխրագործութիւնները կարելի դարձնող պատմական անցուղին է դէպի Մեղրի և դէպի Գողթն։ Ասիկա ճանապարհ չէ։ Ասիկա մայրերակ է մեր ժողովուրդին համար։ Եւ այս մայրերակն է, որ Նոյեմբեր 9-ի ձախաւեր համաձայնութեամբ Փաշինեան յաննձնած է Ազրպէյճանի։ Եւ այսօր սահմռկեցուցիչ համարձակութեամբ ան կը յայտարարէ, թէ ճանապարհի այս կենսական հատուածը մեզի չի պատկանիր և թէ Ազրպէյճան ի՞նչ, որ կ՚ուզէ կարող է ընել իրեն «պատկանող» այդ տարածքներուն վրայ…

Խօսիլ այս բոլորին մասին արդէն դարձած է բացարձակապէս անհեթեթ։ Ան դարձած է տառապալից ու վիրաւորական։ Ամէն մարդ գիտէ, թէ ի՞նչ կը կատարուի Սիւնիքի ռազմավարական գօտիին շուրջ։ Ամէն մարդ տեղեակ է, թէ ի՞նչ դիտաւորութիւններով կը գործեն Հարաւային Կովկասի այս մասին մէջ Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Մոսկուան, Իրանը, Իսրայէլը, Եւրոպան, ԱՄՆ-ը։ Ամէն մարդ գիտէ, թէ ի՞նչ վարքագծով կը գործեն Փաշինեանն ու իր վարչակազմը այս խնդիրներու ոլորտին մէջ։ Մինչև հոս նորութիւն չկայ։

Զարմանալին – և ընդվզեցուցի՛չը — Ազրպէյճանական բանակի համարձակութիւնն է Հայաստանի սահմանագծերուն վրայ։ Այն իրողութի՛ւնը՝ որ այս մարդիկ քանի մը հարիւր զինուորներով ամբարտաւանօրէն կը մտնեն մեր սահմաններէն ներս իրենց տխմար GPS սարքերով և առօք-փառօք դուրս կը հրեն սիւնեցիներն ու գեղարքունեցիները իրենց տուներէն։ Անոնք կը խլեն մեր ռազմավարական դիրքերը մեր աչքերուն առջև։ Անոնք ահռելի պնդերեսութեամբ կը պահանջեն Տիգրանաշէնը։ Անոնք գերիներ կը վերցնեն։ Մարդիկ կ՚ըսպանեն։ Կը ժպրհին հրապարակաւ անարգել հայոց բանակը, հայ ժողովուրդը։ Հայաստանը կը հռչակեն իրենց տիրոյթը…Եւ զարմանալին այն է, որ անոնք չեն հանդիպիր նուազագոյն ընդդիմութեան։ Անոնք վստահ են, որ պիտի չգտնուի թէկուզ մէկ խենթ, որ օր-ցերեկով շանսատակ ընէ քանի մը ազերի զինուոր իրենց լկտի պահուածքին համար։ Պիտի չգտնուի ըմբոստութեան մէկ ազազուն նշոյլ, որ օդը հանէ ազրպէյճանական բանակի մէկ ամբողջ միաւոր։ Քոշմարային է մտածել այս բոլորին մասին։ Այս բաները իրօ՞ք տեղի կ՚ունենան։ Իրօ՞ք ականատեսն ենք այս գերիրական քաոսին։ Իրօ՞ք մենք այս ենք և «գործք արութեան ո՞չ գտանին գործեալ ի մերում աշխարհիս»…Սո՞ւտ էր Պատմահայրը։

Դուք չէ՞ք զարմացած։ Ես զարմացած եմ։ Ես չեմ տեսած որևէ գրաւման բանակ, որ այսքան ապահով զգայ ինքզինք իր կայքէն այսքան հեռու և թշնամի հողի վրայ։ Արդեօ՞ք հասած ենք հոն, ուր մեր թշնամին արդէն համոզուած է, որ մեր երկիրը թշնամի հող չէ այլևս իրեն համար։ Եթէ հասած ենք այդ կէտին, պէտք է հարց տանք, թէ ո՞վ է, որ իսկապէս կը ներշնչէ իրեն այդ թիւր ինքնավստահութիւնը։ Մոսկուա՞ն։ Արևմու՞տքը։ Իսրայէ՞լը։ Մեր համեմատական սպարազինութեանց անհաւասարութի՞ւնը։ Արդեօ՞ք թշնամին կը կարծէ, թէ մեռած է մեր ժողովուրդը։ Արդեօ՞ք իր և իր խորհրդատուներուն բթամտութիւնը հասած է այնպիսի աստիճանի մը, ուր անոնք մոռցած են մեր պատմութիւնը։ Կամ արդեօք մե՞ր բթամտութիւնը հասած է այն աստիճանին, ուր ՄԵՆՔ՝ ԻՆՔՆԵ՛ՐՍ մոռցած ենք մեր պատմութիւնը։

Երբ որևէ կառավարութիւն որևէ երկրի մէջ կը դադրի իր ժողովուրդին և իր երկրի հողային ամբողջականութեան և իր ազգային գերագոյն շահերուն յաջողապէս տիրութիւն ընելէ, ան պէտք է ընդփոյթ դուրս դրուի իշխանութենէ։ Ժողովուրդին արթուն խիղճը պէտք է քաղաքականօրէն յօշոտէ նման իշխանութիւնը։ Երբ որևէ պատճառով ինքնամաքրման այդ արարքը տեղի չունենար, պարզ է, որ ժողովուրդին արթուն խիղճը նեկայացնող ուժերը՝ իրե՛նք իրենց ձեռքերուն մէջ առնեն ազգին ճակատագիրը։

Երբ Նացիական Գերմանիոյ գրաւումով Ֆրանսայի մէջ հաստատուեցաւ Մարաջախտ Փէթէնի Վիշիական կառավարութիւնը, ֆրանսացի ժողովուրդը տեղի չտուաւ պարտութեան իշխանութիւններու սադրանքին առջև։ Նացիական ուժերը երբեք հանգիստ օր չունեցան Ֆրանսայի մէջ։ Այդ պայքարին իրենց փայլուն մասնակցութիւնը բերին նաև մեր հայրենակիցները բանաստեղծ Միսաք Մանուշեանի առաջնորդութեամբ և առանց կուսակցական խտրութեան։ Այսօր, Վիշիի խրտուիլաները մոռցուած են վաղուց և Ֆրանսայի պատմութեան անիւը համարձակօրէն դարձնող Դիմադրական Շարժման հերոսներն են միայն, որ կը յիշուին, քանի որ անոնք են միայն, որ հաստատած են ազգային արժանապատւութեան չափանիշը ապագայ բոլոր սերունդներուն համար։

Յիշեցի այս օրինակը, ըսելու համար, որ մենք իրաւունք չունինք այսօր աւելի ցածր նշաձողով վերաբերուելու մեր ժողովուրդին հետ։ Չունինք նաև պատճառ։ Այսինքն ունինք ամէն պատճառ թշնամիին օրերը համրուած համարելու։ Թշնամին պիտի գիտնայ, որ ինք կը գտնուի թշնամի հողի վրայ (հակառակ Նիկոլ Փաշինեանի ճամարտակութիւններուն) և իր թրքական պայրաքտարներն ու իսրայէլեան ԱԹՍ-ները և Ռուսաստանեան ռազմանիւթի պաշարները չեն օգնելու իրեն։

Հայաստանի սահմանները Նոյեմբեր 9-ի և Յունուար 11-ի փաստաթուղթերը ստորագրողները չեն, որ պիտի հաստատեն։ Հայաստանի սահմանները հայ ժողովուրդն է, որ պիտի գծէ։ Այս օրէնքը այլընտրանք չունի։ Հայոց երկրի անվտանգութիւնը հայ ժողովուրդն է, որ պիտի ապահովէ սանձելով թշնամին և պատուհասելով իր կենսական շահերը տարածաշրջանին մէջ։ Այո՛, պատերազմը վերջ չէ գտած։ Թշնամին պիտի գիտնայ, որ պատանդի կարգավիճակը վայելողը այժմ իր բանակի միաւորներն են հայոց հայրենիքի հողին վրայ։ Կասկած մի ունենաք, որ Հայաստանի բազմաչարչար հողը նաև պիտի ըլլայ բոլոր թշնամի ուժերու երկարաձիգ գողգոթան։