կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-18 17:36
Քաղաքական

Թուրքիոյ հանդէպ մեղմ վերաբերմունքի քաղաքականութիւնը ձախողեցաւ

Թուրքիոյ հանդէպ մեղմ վերաբերմունքի քաղաքականութիւնը ձախողեցաւ

Կառավարական Բանբեր Կիրիակոս Քուշոսի համաձայն, երէկ, Պրիւքսելի մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անաստասիատիս, Եւրոպական Խորհուրդի նիստի ընթացքին ունեցած իր ելոյթի ժամանակ, իր պաշտօնակիցներուն փոխանցեց այն համոզումը, թէ Թուրքիոյ հանդէպ՝ մեղմ վերաբերմունքի քաղաքականութիւնը ձախողեցաւ եւ թէ ներկայիս, պէտք է անցնինք զօրակցական խօսքերէ դէպի գործ։ Եւրոպական Խորհուրդի անդամները համաձայնեցան, որ Սեպտեմբերի մէջ արտակարգ նիստ գումարեն, նիւթ ունենալով Թուրքիան, ընդառաջելով խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի առաջարկին։

Մասնաւորաբար, Կառավարական Բանբերը, իր գրաւոր յայտարարութեան մէջ կը յայտնէ «Պրիւքսելի մէջ այսօր կայացած՝ Եւրոպական Խորհուրդի նիստը սկիզբ առաւ Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անաստասիատիսի եւ Յունաստանի վարչապետ Կիրիակոս Միցոտակիսի միջամտութիւններով, որոնք անդրադարձան Թուրքիոյ ապօրինի արարքներուն եւ ապառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ՝ այն դիրքին, որ այս գծով, Եւրոպական Միութիւնը պէտք է որդեգրէ։

Ինչպէս կը նշէ Հանրապետութեան նախագահը, ան իր ելոյթին մէջ յայտնեց թէ Թուրքիոյ հանդէպ մեղմ վերաբերմունքի մօտեցումը փորձուեցաւ եւ ձախողեցաւ։ Պէտք է կերպարանափոխենք զօրակցութեան յայտարարութիւնները եւ վերածենք զանոնք գործի։ Ան շեշտեց նաեւ, թէ այնքան ատեն որ կը շարունակուի Թուրքիոյ արկածախնդրական քաղաքականութիւնը, չենք կրնար մեր համամտութիւնը տալ այնպիսի նախաձեռնութիւններու որոնք կը հակասեն կամ կը քանդեն Եւրոպական Խորհուրդի միաձայնութեամբ կայացուցած որոշումները։

Կառավարական Բանբերին համաձայն, նախագահ Անաստասիատիս պահանջեց Եւրոպական Միութեան արդէն իսկ որոշած պատժամիջոցներու երկարաձգումը, ընդէմ այն անձնաւորութիւններուն եւ ընկերութիւններուն, որոնք առնչուած են Կիպրոսի Հանրապետութեան Տնտեսական Առանձնաշնորհեալ Գօտիէն ներս Թուրքիոյ կողմէ կատարուող՝ ապօրինի պեղումներու ծրագիրին հետ։

Ան պահանջեց նաեւ Եւրոպական Խորհուրդի աջակցութիւնը, Արտաքին Հարցերու Խորհուրդի կողմէ արդէն իսկ կայացած որոշումին նկատմամբ, որպէսզի պատրաստուի պատժամիջոցներու յաւելեալ փաթեթ մը, որ պիտի պարտադրուի Թուրքիոյ վրայ։

Ինչպէս կը յայտնէ բանբերը, Հանրապետութեան նախագահը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Արեւելեան Միջերկրականին մէջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուող ապօրինի արարքներուն մասին, նշելով որ իրադարձութիւնները մտահոգիչ են։

Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ նոր NAVTEX-ի մը թողարկումին, որմով կþերկարաձգուին Թուրքիոյ ապօրինի արարքները կիպրական Տնտեսական Առանձնաշնորհեալ Գօտիէն ներս եւ անդրադարձաւ նաեւ թրքական սպառնալիքներուն, ուսումնասիրութիւններ կատարելու յունական ծովային տարածքներէ ներս, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ՝ Թուրքիոյ զինուորական ներգրաուածութեան։

Թուրքիոյ կողմէ, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցած սկզբունքներուն հանդէպ՝ յարգանքի պակասի ապացոյցը, Այիա Սօֆիան մզկիթի վերածելու վերջին օրինակն է, մատնանշեց Հանրապետութեան նախագահը։

Կառավարական Բանբեր Կիրիակոս Քուշոսի համաձայն, ի շարունակութիւն Հանրապետութեան նախագահի եւ Յունաստանի վարչապետի միջամտութիւններուն, Եւրոպական Խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի առաջարկը, յառաջիկայ Սեպտեմբերի մէջ հրաւիրելու յատուկ նիստ, որու ընթացքին զրոյցի առարկայ պիտի դառնայ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական յարաբերութիւնը, Արեւելեան Միջերկրականի մէջ տեղի ունեցող դէպքերու եւ թրքական արարքներու լոյսին տակ։

Աղբյուրը՝ Gibrahayer EMagazine