Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին ներքաղաքական իրադարձութիւններուն լոյսին տակ եկէք արձանագրենք, որ 2018-ին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ խոստացուած իրաւական եւ ժողովրդավարական, սիրոյ եւ համերաշխութեան պետութիւն մը ունենալու երազանքը փաստօրէն տապալած է։
Թող ներող ըլլան բոլոր անոնք, որոնք 2018-ին ոգեւորութեամբ եւ խանդավառութեամբ կողմնորոշուեցան ի նպաստ Փաշինեանի` յանուն ժողովրդավար բարեփոխումներու, սակայն այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ափսոսանքով կ՛արձանագրենք, որ առկայ է ատելութիւն, վրէժխնդրութիւն, այլամերժութիւն, անհանդուրժողականութիւն եւ մենատիրութիւն, իսկ այլակարծութեան իրաւունքը եւ ազատութիւնը բնականաբար վտանգուած են։ Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը տիրէ քաղաքական ահաբեկչական մթնոլորտ, քաղաքական հետապնդումներ, խուզարկութիւններ, ձերբակալութիւններ, քրէական չապացուցուած գործեր յարուցելով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական դաշտի ականահարում, ընդդիմութիւնը խեղճացնելու, ջլատելու եւ լռեցնելու փորձեր, փաստեր, որոնք առանցքը կը հանդիսանան Փաշինեանի քաղաքական վարքագիծի ամբողջատիրական նկրտումներուն, որոնք սակայն կրնան պետութեան հիմքերը խարխրել եւ անվերադարձ կորուստներ պատճառել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին հեղինակութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան, ինչպէս նաեւ ներքին կայունութեան, ներազգային միասնականութեան եւ արտաքին ռազմաքաղաքական թրքական ու ազրպէյճանական բազմաթիւ սպառնալիքները եւ մարտահրաւէրները դիմակայելու տեսանկիւնէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պրն. Փաշինեանի ցուցաբերած վանողական կեցուածքները՝ իր քաղաքական հակառակորդներուն հանդէպ, բնաւ յարիր չեն պետական բարձր պաշտօնեայի, ինչպէս նաեւ՝ անցեալի մոլուցքով երկիրը ներկայիս ղեկավարելու ոճը եւ քաղաքացիները ասֆալտին փռելու, պատին ծեփելու, թեւերը կոտրելու, ապօրինաբար քաղաքական գործիչներ կալանաւորելու եւ այլն։ Ներկայ վարչակազմի մենատիրական այս վարքագիծը բնականաբար կը մտահոգէ բոլորս եւ կը ստիպէ արտայայտուիլ, քաղաքականօրէն դատապարտել եղածները, ազգովին համախմբուիլ ազգային քաղաքական հիմնարար օրակարգերու շուրջ եւ վերջապէս ահազանգ հնչեցնել ներկայ իշխանութիւններու կատարած ճակատագրական սխալներու մասին։
Յատկապէս իշխանութիւններու կողմէ հակասահմանադրական եղանակով ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութիւններու հապճեպ նախագիծի առաջադրանքը, որ ինքնին սահմանադրական կարգի տապալում է։
Վերոնշեալները փաստացի իրողութիւններ են, որոնք տեղի կ՛ունենան այսօր, հակառակ երկրին մէջ առկայ առողջապահական, ընկերատնտեսական եւ քաղաքական խոր ճգնաժամին Հայաստանի Հանրապետութեան 14 յունիսի իրադարձութիւնները, երբեմնի նոյնինքն Փաշինեանի կողմէ ընկալուած եւ յարգուած՝ իբրեւ «խոշոր սեփականատէր», Գագիկ Ծառուկեանի կապուած դէպքերը։
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան մինչեւ 5 յունիս յարգուած «խոշոր սեփականատէր» կը թուէր ըլլալ, իսկ երբ սոյն թուականին տեղի ունեցած ԲՀԿ քաղաքական խորհուրդի հրատապ նիստի ընթացքին՝ մեկնելով Հայաստանի տագնապալի իրավիճակներէն, ան կը յայտարարէր, որ կառավարութիւնը ոչ թէ 97 առ հարիւր, այլ՝ հարիւր առ հարիւր պէտք է փոխուի, յանկարծ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններու կողմէ տեղի կ՛ունենան Գագիկ Ծառուկեանի տան խուզարկութեան հոլիուտեան շոյերը, եւ Գագիկ Ծառուկեան կը դառնայ սակաւապետ ու ընտրակեղծիքով զբաղած անձնաւորութիւն, եւ ըստ այնմ կ՛ամբաստանուի, բերման կ՛ենթարկուի առանց անհերքելի ապացոյցներու առկայութեան, որուն կը յաջորդէ պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու խորհրդարանական կոճակ սեղմելու բեմադրութիւնը, որ ըստ էութեան իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութեան մը սուր հարուած ըլլալով մէկտեղ կարծես անհրաժեշտ էր ներկայ վարչակազմին ներքին սպառումի համար եւ՝ հետզհետէ Փաշինեանի փճացող վարկանիշը ի զուր վերականգնելու անհեթեթ փորձ, ինչպէս նաեւ ձեւաւորուող նոր ընդդիմութեան ուժերուն հանդէպ բիրտ ուժի ցուցադրութիւն։
Արդարեւ, 14 յունիսի Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները ամբողջովին բացայայտեցին փաշինեանական հակաիրաւական եւ հակաժողովրդավարական վարչակազմի էութիւնը, ամբողջովին բացայայտեցին, որ անոնք սեփական իշխանութիւնը ամէն գնով պահպանելու համար պատրաստ են դիմելու քաղաքական շանթաժի, բռնութիւններու, հալածանքներու եւ հետապնդումներու։
Այստեղ արծարծուած օրակարգերը բացարձակապէս կապ չունին Գագիկ Ծառուկեանի անձին, այս կամ այն կուսակցութեան քաղաքական առաջնորդին հետ։ Ակնարկութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակազմին կողմէ իր հակառակորդներուն հանդէպ կատարուած քաղաքական հետապնդումներուն կը վերաբերին, խօսքը՝ ցուցաբերուած ամբոխավարական եւ երկու չափ երկու կշիռ վարքագիծին մասին է, Փաշինեանի կիրարկած քաղաքական շանթաժին մասին է, որովհետեւ այս ընթացքով ոեւէ քաղաքական գործիչ իշխանութիւններու կողմէ ընդգծուած սահմաններէն դուրս գալով կը պիտակաւորուի իբրեւ սակաւապետ, փտածութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ, ապա տեղի կ՛ունենայ քաղաքական հետապնդումներ, անտեսելով անմեղութեան կանխավարկածը, հասնելու մինչեւ քրէական գործ յարուցելու, ընդամէնը որպէս քաղաքական շանթաժ ենթակային հպատակութիւնը ապահովելու համար գործող իշխանութեան մօտ, այլ խօսքով՝ ան որ այսօր Փաշինեանին հետ չէ եւ զինք կը քննադատէ՝ կա՛մ հին է, կա՛մ սեւ է, կա՛մ դաւաճան է, կա՛մ սակաւապետ է, կամ ալ՝ քաղաքական թիրախ: Միթէ կարելի՞ է այսպէս շարունակել: Ինչպէս նաեւ ներկայ վարչակազմին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան երեք իշխանութիւնները՝ գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական, զաւթելու նկրտումներուն մասին է, երկրի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը լռեցնելու մասին է, եւ վերջապէս այն տպաւորութեան մասին է, որ առկայ է ներկայ վարչակազմի հասցէին, որ ան իբրեւ իշխանութիւն կը գործածէ պետական բոլոր լծակները՝ ուժայինէն մինչեւ դատաիրաւականը եւ մնացեալը՝ անձնական ու խմբակային շահեր ապահովելու համար։
Այո՛, խօսքը այն իշխանութիւններուն մասին է, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական կեանքը երկու տարիէ ի վեր ամբոխավարական դրսեւորումներով, փտածութեան եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի լոզունքներու ներքոյ ցնցումէ ցնցում առաջնորդեցին, սպառեցին, մաշեցուցին եւ յոգնեցուցին իրենց ապիկար եւ յարափոփոխ կեցուածքներով, իրենց անկանխատեսելիութեամբ եւ յստակ հայեցակարգի բացակայութեամբ, թէ՛ Հայաստանի քաղաքացիները, թէ ալ Հայաստանի միջազգային գործընկերները։
Ի դէպ բազմիցս հաստատած ենք, որ ոչ ոք դէմ է փտածութեան եւ կաշառակերութեան դէմ համահաւասար պայքարին, սակայն ոչ թէ ընտրովի կամ ըստ քաղաքական որոշ մէկ պահու իբրեւ գործիք կամ շանթաժ, ոչ ոք դէմ է օրինականութեան հաստատման, օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութեան, անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացման, բոլոր յանցագործները, մեղաւորները եւ ընտրակեղծիքով զբաղողները, որոնց թիւը մէկէ աւելի է հաստատ պատասխանատութեան ենթարկելու, սակայն որպէսզի այլ տպաւորութիւն եւ մթնոլորտ չստեղծուի, խիստ անհրաժեշտ է որ տուեալ գործընթացը ընթանայ ըստ էութեան հիմնաւորուած փաստարկներով, սահմանադրական եւ օրէնքի շրջանակներու մէջ, առանց քաղաքականացնելու, առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու ներազգային անդորրը, երկրի կայունութիւնը եւ հասարակութեան համերաշխութիւնը:
Այսուամենայնիւ, Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներէն եւ գործընթացներէն անկախ, այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է աւելի շրջահայեաց ըլլալ. արդարեւ, երկրին մէջ ստեղծուած քրէաքաղաքական այս անել եւ գերլարուած իրավիճակներէն դուրս գալու համար պէտք է դադրին հատուածական մտածողութիւնները եւ խմբակային նեղ հաշիւներով քաղաքական գործընթացներուն տրամադրուիլը, ինչպէս նաեւ պէտք է նիկոլական եւ հականիկոլական անհեթեթ վիճարկումներէն ձերբազատիլ եւ, առանց դասակարգային, տեղայնական ու քաղաքական նախապաշարումներու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն միջեւ երկխօսութիւն զարգանայ երկրին ճակատագիրին, տիրող անորոշութիւններուն, ներքին թէ արտաքին սպառնալիքներուն մասին: Մանաւանդ այսօր երբ հայրենիքը համատարած առողջապահական եւ ընկերատնտեսական աղէտի սեմին է եւ քաղաքականօրէն անդունդի եզրին:
Անվիճելի փաստ է, որ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ այս կառավարութիւնը սպառած, ձախողած եւ ինքնին վտանգ է Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Սոյն դիտարկումներով մեր նպատակը երբեք վիրաւորական եւ անյարգալիր ըլլալ չէ, մանաւանդ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք զանազան ենթակայական եւ առարկայական պատճառներու բերումով գէթ այսօ՛ր կրնան չբաժնել այն կարծիքը, որ ներկայ վարչակազմը ըստ էութեան կը խաթարէ երկրին կայութիւնը եւ անվտանգութիւնը, ան ձախողած է բոլոր առումներով՝ տնտեսական, ներդրումային, պետական համակարգը բարեկարգելու, Արցախեան բանակցութեանց եւ յատկապէս ներազգային միասնականութեան տեսանկիւնէ, սակայն փաստը կը մնայ փաստ, այլեւս կարելի չէ պատրուակել եւ պատճառաբանել, իշխանութիւններուն ձախողութիւնները, պետական գործիքակազմի անարդիւնաւէտութեամբ կամ հիներու եւ նախկիններու դաւադրական վարկածներով, եւ տեւաբար աղաւաղելով իրականութիւնները: Այդ իսկ պատճառով ժամանակը եկած է յանուն երկրի կայունութեան, անվտանգութեան, բնականոն զարգացման ու բարգաւաճման մտածելու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին: Ժամանակը եկած է ազգովին համախմբուելու ո՛չ թէ անձի, այլ ազգային օրակարգերու շուրջ, եւ հաւաքաբար ձեւաւորելու նոր որակի իշխանութիւններ, որովհետեւ ակնյայտ իրողութիւն է, որ ներկայ վարչակազմը կորսնցուցած է երկիրը ղեկավարելու աչալրջութիւնը եւ կարողականութիւնը, գուցէ բնաւ չէր ունեցած:
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ