Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
aztagdaily հարթակում Մելիք Գարագաւորեանը գրում է.
«… կատարուող բոլոր յաջողութիւնները եւ փոփոխութիւնները կը կատարուին` ի հեճուկս պետական համակարգի կառավարման»:
Ն. ՓԱՇԻՆԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ըստ իր սովորութեան, հերթական անգամ անակնկալի բերաւ բոլորը` թէ՛ իր քաղաքական ընդդիմադիրները, թէ՛ հայ ժողովուրդը եւ թէ՛ ալ իր կառավարութեան անդամները, երբ վերջերս կառավարութեան ընթացիկ նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ երկրին «կատարուող բոլոր յաջողութիւնները եւ փոփոխութիւնները կը կատարուին` ի հեճուկս պետական համակարգի կառավարման»:
Եթէ իրողապէս յաջողութիւններ եւ փոփոխութիւններ կը կատարուին անշուշտ… Որովհետեւ խօսքը` սկզբունքով, պէտք է վերաբերի խորքային եւ իսկական, առարկայական փոփոխութիւններու, եթէ առկայ են, եւ ոչ թէ` կարգախօսային եւ գետնի վրայ իրականութիւնները աղաւաղող յայտարարութիւններու:
Այսօր անհերքելի իրողութիւն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներէն շա՜տ շատեր ընդգծուած դժգոհութիւններ կը յայտնեն նախապէս կատարուած միթինկային շռայլ խոստումներուն գծով, որոնցմէ ոչ մէկ բան տեսած են գործնականին մէջ. իրենց սեփական կեանքի զանազան դժուարութիւնները կը մնան անփոփոխ, տակաւին կը գտնուին սպասողական վիճակի մէջ եւ յուսախաբ` որոշ չափով ներկայ վարչակազմի պետական գործի արտադրողականութենէն եւ շօշափելի արդիւնքներու արձանագրութեանց առումով` հակառակ Փաշինեանի յայտարարած յաջողութիւններուն եւ իբր թէ փոփոխութիւններուն:
Սակայն վերադառնալով վարչապետի կատարած յայտարարութեան` «յաջողութիւններ եւ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան` ի հեճուկս պետական համակարգի կառավարման», այսինքն այդ ենթադրեալ գործառոյթները, ըստ վարչապետին, տեղի կ՛ունենան իր անձնական միջոցներով` անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան գործիքակազմի վարած աշխատանքներէն:
Եթէ այդպէս է, սոյն յայտարարութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամներուն հասցէին շատ վիրաւորական ըլլալէն անկախ, թէեւ ուղղակի նախարարութեանց ուղղուած չէր, այլ պետական հիմնարկներուն, բայց եւ այնպէս, ըստ էութեան, չափազանց վտանգաւոր եւ մտահոգիչ են, տրուած ըլլալով, որ անոնք կը հաստատեն ոմանց պնդումները, ըստ որոնց, Հայաստանը այսօր մենիշխանութեամբ կը ղեկավարուի եւ կախեալ է միանձնեայ որոշումներէն, բան մը, որ բնականաբար բազմաթիւ առարկայական եւ արդարացի մտահոգութիւն եւ հարցադրումներ կը ստեղծէ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացիի մտքին մէջ եւ ընդհանրապէս` բոլոր անոնց մօտ, որոնք հսկայական փոփոխութիւններու գրաւ դրած էին 2018-ի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն, նաեւ ներկայ վարչակազմէն բազմաթիւ ակնկալութիւններ ու սպասումներ ունէին, յատկապէս` երկրի ղեկավարման ոճի, իշխանութիւններու գործնական արդիւնաւէտութեան, տնտեսական զարգացման, այլակարծութեան հանդուրժողականութեան եւ, վերջապէս, հասարակութեան համերաշխութեան առումով:
Հետեւաբար, հարցում առաջին` արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին յայտարարութիւնը պէ՞տք է ընկալել որպէս իր իսկ կողմէ կազմուած միագոյն «լուսաւոր» կառավարութեան ձախողութիւն, որմէ անպայման պէտք է բխին որոշ եզրակացութիւններ` կառավարութեան հրաժարականը, վերադասաւորումը, կամ ալ այն, որ վարչապետի կողմէ այս բոլորը պարզապէս կը միտին քաւութեան նոխազ փնտռելու եւ ձերբազատելու մինչեւ այսօր առկայ իշխանութեան թերութիւններէն ու ձախողութիւններէն եւ ժողովուրդի կողմէ անհամբեր սպասուած արդար ակնկալութիւններուն եւ սպասումներուն համապատասխան լուծումներու չգոյութեան փաստէն:
Հարցում երկրորդ` արդեօք այն յայտարարութիւններուն ընդմէջէն ըսել ուզուածը ա՞յն է, որ ներկայ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ թարգմանը հանդիսանալու համահայկական, համապետական եւ ներհայաստանեան իրավիճակներուն եւ համայն հայութեան, մանաւանդ ազգային ձգտումներուն: Արդեօ՞ք ներկայ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընթացող քաղաքական, կենցաղային, ընկերատնտեսական, բնապահպանական, ներդրումային, անվտանգութեան, արտաքին քաղաքականութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու առօրեային հետ առնչուող բազմաթիւ այլ խնդիրները ընկալել եւ համապատասխան լուծումներ ապահովել: Սակայն այս պարագային ալ պէտք է մէկը պատասխանատուութիւնը ստանձնէ, եւ տրուած ըլլալով, որ Փաշինեան կառավարութեան նոյն նիստին ընթացքին կատարուած յայտարարութեան մէջ նա՛եւ կը հաստատէր, որ ժողովուրդը իրեն տուած է վստահութեան քուէն, եթէ այդպէս է, ուրեմն ա՛ն` իբրեւ թիւ մէկ պատասխանատուն ներկայ կառավարութեան այս անճրկած կացութեան, պարտաւոր է առերեսուելու ժողովուրդին հետ:
Հարցում երրորդ` արդեօք հազիւ մէկ տարին բոլորած ներկայ վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ինչպիսիքն էին արդարադատութեան նախարար, անվտանգութեան առաջին քարտուղար եւ ոստիկանապետի յաջորդական հրաժարականները զուտ անձնական եւ վարչապետին հետ փոխյարաբերութեանց ու նկարագրային խնդիրնե՛ր էին, թէ՞ կապ ունէին վարչապետին երկիրը ղեկավարելու ոճին, աշխարհահայեացքին, քաղաքական մօտեցումներուն եւ, վերջապէս, Փաշինեանի ներքին թէ արտաքին յարափոփոխ ընդհանուր վարքագիծին հետ:
Հարցում չորրորդ` արդեօք Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւնը, որ «…փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան ի հեճուկս պետական համակարգի կառավարման», պարզապէս վարչապետի հերթական խուսափողական, «մանիպուլացիայի» եւ մարտավարական փո՞րձ մըն է, որ կը միտի զինք առանձնացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն, տրուած ըլլալով, որ հասարակութեան մէջ առկայ են որոշ յուսախաբութեան ակնյայտ նշաններ, դժգոհութիւններ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու վարկանիշի յստակ անկում:
Եւ վերջապէս, արդեօք ներկայ վարչակազմին, յատկապէս Փաշինեանին ցուցաբերած անհանդուրժողականութիւնը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն, դատական իշխանութիւններուն, գիտնականներուն, մտաւորականութեանց յաւելեալ ապացոյց մը չէ՞, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները եւ յատկապէս վարչապետը շատ տրամադիր չեն լսելու, կը մերժեն այլակարծութիւնը եւ ինքնամփոփ տրամաբանութեամբ կը փորձեն երկիրը ղեկավարել, մանաւանդ` այնպիսի ժամանակահատուածի մը մէջ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան համար խիստ անհրաժեշտութիւն եւ միակ ուժի աղբիւրն է ազգային միասնականութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակութեան համերաշխութիւնը, սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի միակամութիւնը` դիմակայելու համար Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց արտաքին ու ներքին բազմաթիւ եւ բազմապիսի մարտահրաւէրները, որովհետեւ այսօր, ինչպէս գիտենք, ազգովին կ՛ապրինք արտասովոր ներազգային, ռազմաքաղաքական, ընկերատնտեսական, դատաիրաւական եւ անվտանգութեան ընդհանուր խնդիրներու անապահով փուլ մը եւ պէտք է հասկնանք, որ անվիճելի անհրաժեշտութիւն է երկրի հզօրացման եւ խոցելիութեան վերացման ի խնդիր ազգային միասնականութիւնը, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պատշաճ փոխյարաբերութիւնները, ազգային երկխօսութիւնը, որ պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ` յանուն բոլոր խնդիրներու կարգաւորման եւ կայունութեան:
21 դեկտեմբեր 2019