կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-18 15:49
Սփյուռք

Ակնարկ. 95-րդ Յօդուածը Խախտողները

Ակնարկ. 95-րդ Յօդուածը Խախտողները

Խորհրդարանական երկրորդ ուժի եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան առաջին ուժի ղեկավարին նկատմամբ կիրարկուած տնային խուզարկութիւնները, հարցաքննութիւնները, անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու դատախազական դիմումն ու Ազգային ժողովի քուէարկութիւնը ալեկոծած են թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ հասարակական եւ թէ՛ ընդհանրապէս ժողովրդային դաշտերը:

Պարզ է, որ քրէական իրաւակարգի մեկնարկի որոշումի ժամանակը բազում մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանայ, ընդ որում տրամագծօրէն հակոտնեայ. մէկ կողմէն կը մեկնաբանուի, որ իշխանափոխութիւն առաջադրելու ԲՀԿ-ի առաջնորդին կոչին պատասխան է եղածը, միւս կողմէ կ՛առարկուի, որ պատրաստուած գործերը մէկ շաբթուան աշխատանք չեն, թէ Ծառուկեանը կանխելով գործընթացը կատարած է համապատասխան յայտարարութիւն:

Ինչ ալ ըլլան սակայն առարկութիւնները, խնդիրը քրէական գործի մեկնարկի ժամանակի քաղաքական բնոյթին առընթեր, իրաւական առումով խոցելիութիւններ կ՛ընդգծէ:

Համոզիչ բացատրութիւններ չկան, թէ դատախազութիւնը կամ համապատասխան մարմինները իրաւասութիւն ունի՞ն նախքան անձեռնմխելիութեան իրաւունքի վերացումը Ազգային ժողովին կողմէ պատգամաւորի բնակարանը խուզարկելու, հարցաքննելու, նախաքննութիւն կատարելու եւ ապա միայն դիմելու Ազգային ժողով` անձեռնմխելիութեան վերացման առաջարկով:

ԲՀԿ-ի առաջնորդին հասցէին կատարուող մեղադրանքներուն հաւաստիութիւնը կամ ճշմարտացիութիւնը դատական գործընթացը կրնայ հաստատել: Խնդիրը այստեղ եւս չի կեդրոնացներ հիմնական առանցքներ, եթէ աւելի համընդհանուր դիտարկումով առաջնային հարցը իրաւական պետութեան կայացման առաջադրանքն է եւ այդ շրջածիրին մէջ անկախ արդարադատութիւն ունենալը:

Համոզիչ չէ նաեւ դատախազին գործի մեկնարկին յետաձգումը, երբ ընտրական կաշառատուութեան օրինակները, ըստ մեղադրանքի կատարուած են 2017-ի ընտրութիւններուն` առարկելով, թէ փաստահաւաքի համապատասխան աշխատանքը չէր կատարուած: Ընտրախախտումներն ու ընտրակաշառքները երբեմն այնքան համատարած էին, որ յատկապէս այդ երեւոյթներուն հսկող մարմիններուն եւ կառոյցներուն համար փաստերու պակաս չէին կրնար ստեղծել:

Գործընթացները կը համոզեն, որ իրաւականութիւնը կը զիջի քաղաքական պատուէրին: Չի բացառուիր, որ այս գործին մէջ ընտրակաշառք կիրարկուած է կամ պետական պիւտճէ չեն մուծուած անհրաժեշտ հարկերը: Աւելի սկզբունքային իրաւադրոյթ գոյութիւն ունի, որ ո՛չ միայն ԲՀԿ-ի ղեկավարին կը վերաբերի:

Այսպէս. Սահմանադրութեան յօդուած 95-ը կը ճշդէ.

«Պատգամաւորական մանտադի անհամատեղելիութիւնը

Պատգամաւորը չի կարող զբաղեցնել իր կարգավիճակով չպայմանաւորուած պաշտօն պետական կամ տեղական ինքնակառավարման այլ մարմիններում, որեւէ պաշտօն` առեւտրային կազմակերպութիւններում, զբաղուել ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ, կատարել վճարովի այլ աշխատանք, բացի գիտական, կրթական և ստեղծագործական աշխատանքից»:

Հիմա նկատենք, որ ո՛չ միայն Ծառուկեանը, այլեւ իրերայաջորդ խորհրդարանի բազմաթիւ անդամներ, սկսեալ առաջին նախագահի օրերուն ձեւաւորուած Ազգային ժողովներէն իրենց գործարարական կարգավիճակով որքանո՞վ համատեղելի են իրենց պաշտօններուն հետ:

Այս հարցումին անորոշ պատասխանը աւելիով կը համոզէ, որ իրաւականութիւնը կը զիջի քաղաքականին եւ այս պարագային կը կիրարկուի ընտրովի արդարադատութիւն: Իսկ իրաւական պետութեան կայացման համար անկախ արդարադատական համակարգի գոյութիւնը կարեւորագոյն նախապայման է:

Որքան ալ որ գործող Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջներ հնչեն քաղաքական տարբեր շրջանակներու կողմէ, պետական մտածողութիւնը կը շեշտէ, որ այնքան ատեն որ սահմանադրական որեւէ փոփոխութիւն չէ կատարուած, գործող սահմանադրութեան իւրաքանչիւր իրաւադրոյթ գերակայ է քաղաքական ամէն ճաշակէ:

95-րդ յօդուածը խախտած պատգամաւորներուն ուղղութեամբ փաստահաւաքի աշխատանքը ամբողջացնելու համար ո՞րքան ժամանակի կը կարօտի:

«Ա.»
aztagdaily.com