Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, երէկ` ուրբաթ, 4 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան բացառիկի ներկայացումը, ինչպէս նաեւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու վարժողական ծրագիրին հետեւած երիտասարդներուն հաստատագիրներու տուչութիւն:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ-բացառիկ»-ի խմբագիր եւ «Ապագայ լրագրողներու» վարժողական ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան, որ աւանդական բնոյթ ստացած հաւաքը առիթ նկատեց մէկզմէկու շնորհաւորելու, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին եւ կը քաջալերեն թերթին աշխատանքները:
Անդրադառնալով 2019-ի «Ազդակ»-ի ամանորեան բացառիկին` Ա. Պալեան յայտնեց, որ 360 էջերուն մէջ կարելի եղաւ ամփոփել նախորդ տարուան հսկայական եւ անկիւնադարձային իրադարձութիւնները` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի վերաբերող` աւելցնելով, որ թերթի խմբագրակազմին կողքին բացառիկին մէջ յօդուածներ ստորագրեցին Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Կիպրոսէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Յունաստանէն եւ Սուրիայէն մամուլի 40 աշխատակիցներ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի բացառիկի հովանաւոր Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին:
Արշօ Պալեան նաեւ ըսաւ, որ հաւաքին նաեւ հաստատագիրներ պիտի յանձնուին «Ազդակ»-ի կազմակերպութեամբ «Ապագայ լրագրողներ»-ու պատրաստութեան վարժողական ծրագիրին հետեւած 12 մասնակիցներուն, որոնք կատարեալ լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ, իրենց դասերուն կողքին հետեւեցան այս ծրագիրին եւ աւարտեցին զայն` ամբողջական համոզումով` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս կարեւոր ծրագիրի յաջողութեան: Ըստ անոր, մօտիկ ապագային «Ազդակ» պիտի դիմաւորէ «Ապագայ լրագրողներ»-ու այլ խմբակ մը, որուն հետ նոյն նուիրումով պիտի շարունակենք աշխատիլ:
Ապա խօսք առաւ «Ազդակ»-ի բացառիկներու նախկին խմբագիր եւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու դասախօս Վիգէն Աւագեան, որ «Հայ մամուլի տարուան» բացման լաւագոյն ձեւը նկատեց այդ հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին զոյգ առիթներ կը նշուին` բացառիկի եւ երիտասարդ լրագրողներու փաղանգի մը ներկայացում: Ըստ անոր, 2019-ի բացառիկը մրցանշային կը նկատուի իր էջաթիւով, ստորագրութիւններու թիւով ու որակով: Վ. Աւագեան նաեւ կարեւոր նկատեց երիտասարդները հայ մամուլի ծառայութեան ընծայելու «Ազդակ»-ի նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ լրագրութեան ասպարէզը դիւրին չէ, ան կը կարօտի երկար շունչի, առարկայական մօտեցման եւ ամբողջական դատողութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ երիտասարդներուն համար հաստատագիրներ ստանալը նոր մեկնակէտ կ՛ըլլայ հայ մամուլին ճամբով նորովի արժեւորում կատարելու երեւոյթներու եւ արժէքներու:
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ եւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու դասախօս վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ շնորհաւորեց «Ազդակ»-ը իր ամէնօրեայ, նոյնիսկ ժամական դրութեամբ ծաւալող գործունէութեան համար` կարեւոր նկատելով այն, որ սերունդ մը յաջողութեամբ յառաջիկայ սերունդին փոխանցէ միտքեր, դրուագներ, պատմութիւններ, իրականութիւններ, նկարագիր, ինքնութիւն, արժէքներ, լեզու եւ մշակոյթ: Ան հաստատեց, որ լրագրողներուն, խմբագիրներուն, գրիչ վերցնողներուն դերը նաեւ ա՛յս է` մեր շուրջ եղածներուն թարգմանը հանդիսանալ, այդ բոլորը վերածել գիրի եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցել` յոյս յայտնելով, որ հասկնալի եւ հայերէն լեզուով կը կատարուի այդ առաքելութիւնը: «Արձանագրեցէ՛ք, ատենագրեցէ՛ք, սրբագրեցէ՛ք հաւատարմութեամբ, խիղճով, մտքով եւ հայերէնով», եզրափակեց վեր. Հայտոսթեան:
«Ազդակ»-ի աշխատակիցներէն Յարութ Չէքիճեան օրաթերթը նկատեց հրապուրիչ, յանկուցիչ, զուարճացնող, հաճելի, ուսանելի, պիտանի, նոր տեղեկութիւններ յայտնող, յիշողութիւն թարմացնող, ազգային պատկանելիութիւն ամրապնդող եւ ընդհանրապէս լաւատեսութիւն սփռող, հետաքրքրական զբաղումի, ինքնազարգացման ու օգտակար ժամանցի միջոց: Անոր համաձայն, բացառիկը իր բովանդակութեան այլազանութեամբ ընթերցասէրներուն համար վերածուած է փնտռուած գիրքի, ուսումնասիրութեան աղբիւրի, որ բացառիկ է բառին իսկական առումով: «Ազդակ»-ի ընտանիքին ձեւով մը ամավերջի քննութիւնն է, որ այս տարի գերազանց յաջողութեամբ կը ներկայանայ հանրութեան, յայտնեց Յարութ Չէքիճեան` հաստատելով, որ «Ազդակ» բացառիկը պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն լիբանանեան մամուլին ընդհանրապէս, այլ նաեւ հայկական մամուլին յատկապէս:
Իր խօսքի վերջին բաժինով ան շնորհաւորեց «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմն ու պաշտօնէութիւնը, բացառիկի մեկենասներ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ը հովանաւորող մարմինը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, որ «ճիգ չի խնայեր լիբանանահայութեան կենսունակութեան եւ շարունակականութեան կարեւոր ցուցանիշներէն եղող այս 92-ամեայ պաշտօնաթերթին յարատեւումն ու բարգաւաճումը ապահովելու, եւ փաստօրէն, ամէն տարի լոյս տեսնող այս «Ազդակ» բացառիկը իր բովանդակութեամբ, որակով եւ ծաւալով կը շարունակէ վկայել լիբանանահայութեան կենսունակութիւնը», հաստատեց ան:
«Ազդակ»-ի աշխատակիցներէն Սալբի Գասպարեան դիտել տուաւ, որ «Ազդակ»-ը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ ազգային, քաղաքական, գաղափարախօսական դպրոց, լսարան, բեմ, ազգային յիշողութեան տոմար: Անոր համաձայն, իր ընդարձակ ու մասնագիտական գործունէութեամբ թերթը նաեւ եղած է յետ Եղեռնի մեր ազգային պատմագրութեան յուշամատեան, որ ամէն օր վերանորոգ կեանք կ՛ապրի: Ս. Գասպարեան յայտնեց, որ հայ մամուլը ընդհանրապէս, իսկ «Ազդակ»-ը յատկապէս կը հանդիսանան այն օրկանները, որոնք, ի տարբերութիւն օտար թերթերուն, ո՛չ միայն լուր կը հաղորդեն, այլ նաեւ կու տան հայութիւն. այս իմաստով ան կարեւոր նկատեց նեցուկ կանգնիլ օրաթերթին եւ բաց պահել անոր էջերը: Ան ուրախութիւն եւ պատիւ նկատեց ըլլալու անդամը «Ազդակ»-ի ընտանիքին` այս հանգամանքը նաեւ պարտաւորութիւն սեպելով ընդլայնելու եւ խորացնելու իր աշխատանքներուն հունը: Իր խօսքի աւարտին Սալբի Գասպարեան կոչ ուղղեց «Ազդակ»-ը Հալէպ վերադարձնելու` նշելով, թէ թերթին դերը մեծ պիտի ըլլայ համայնքի կեանքին վերականգնման մէջ:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ «Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ու վարժողական ծրագիրին հետեւած երիտասարդ աշխատակից Քրիստ Իսկէնտէրեան, որ ներկայացուց իր փորձառութիւնը` հաստատելով, որ այս ծրագիրը սովորական կամ դասական կաղապար մը չունեցաւ, այլ եղաւ նորութիւններով ու անակնկալներով լեցուն ծրագիր մը, որ յաջողեցաւ ներգրաւել զիրենք:
Ան մեծ հպարտութիւն եւ պարծանք նկատեց միանալ «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքին, որովհետեւ անիկա սովորական թերթ մը չէ, «այլ` պատմական, համահայկական, ալեհեր, բայց երիտասարդ, 90-ը բոլորած, սակայն այժմէական օրաթերթ մը: Հպարտութի՛ւն է միանալ թերթի մը, որուն յարկին տակ գործած եւ պատրաստուած են հայագէտներ, ուսուցիչներ, պատմաբաններ եւ անշուշտ լրագրողներ: Պատի՛ւ է մեր ստորագրութիւնները տեսնել այն թերթին մէջ, որուն էջերը ժամանակին դրոշմուած են Մուշեղ Իշխանի պէս մեծերու ստորագրութիւններով», նշեց ան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով «Ազդակ»-ի ընտանիքին` ան իր ընկերներուն անունով խոստացաւ, որ յառաջիկային իրենց ստորագրութիւններն են, որ պիտի խօսին:
Աւարտին «Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն, պատմաբան եւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու դասախօս Երուանդ Փամպուքեան խօսք առնելով «Ազդակ»-ի բացառիկները նկատեց ամբողջութիւն մը, որ, բացի ամէնօրեայ սպառիչ աշխատանքէն, ի մի կը բերէ տարիներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ գաղութին մէջ` հանդիսանալով ապագայ պատմագէտներու մեծ ու կարեւոր աղբիւր, ուր կարելի է գտնել վերապրելու այն ճիգը, զոր ի գործ դրած է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդը` վերականգնելու եւ վերապրելու համար:
Ան կարեւոր նկատեց երիտասարդներու այն խմբակը, որ կազմուած է «Ազդակ»-ի յարկին տակ. «Ասիկա ինծի մտածել կու տայ, որ մեր գաղութը նկատուած է սփիւռքի կեդրոնական գաղութ. ճիշդ է, այդպէս եղած է, եւ այդ առումով տակաւին ճիգ ի գործ կը դրուի: Հպարտութեամբ կը յայտարարենք այս մասին, սակայն ասիկա նաեւ պարտաւորեցնող է մեզի համար, որպէսզի այս գաղութը առաջնորդողի դերին մէջ մնայ եւ իր պարտաւորութիւնները կատարէ. անոնցմէ մէկը, ահաւասիկ, այս երիտասարդներու պատրաստութիւնն է` իբրեւ ապագայ լրագրողներ: Նաեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ պարտաւորութիւն ունինք», յայտնեց Ե. Փամպուքեան` դիտել տալով, որ լիբանանեան պատերազմին նախորդող տարիներուն աշխարհին հայեացքները միշտ կ՛ուղղուէին Լիբանան` մարդուժի ակնկալութեամբ: Ըստ անոր, հայախօս ու հայադրոշմ գաղութներէն կ՛ըլլար այս ակնկալութիւնը, որ տակաւին առկայ է, իսկ ղեկավարութիւնը` առաջնորդողի այս դերին գիտակից ըլլալով, պէտք է համապատասխան աշխատանք տանի, որպէսզի կարելի ըլլայ երկար պահել ի սփիւռս աշխարհի տարածուած հայութիւնը` հայկական, հայրենասիրական ոգիով, մեր վախճանական հայրենիք հաստատուելու կամքով: «Այդ ուժը պատրաստողներուն կարիք ունինք, որովհետեւ, կը կարծեմ, թէ ասիկա որոշ չափով կեցած է, եւ, ի պատիւ «Ազդակ»-ին, պիտի ըսեմ, որ ան միշտ պատնէշի վրայ է իր նուիրեալներով», եզրափակեց Ե. Փամպուքեան:
Հաւաքի աւարտին «Ապագայ լրագրողներ»-ը` Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լոռի Գորէսեան, Արենի Խաչատուրեան, Նանի Գալուստեան եւ Քրիստ Իսկենտերեան ստացան իրենց հաստատագիրները` ձեռամբ Երուանդ Փամպուքեանի, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ խմբագրապետ Շահան Գանտահարեանի:
aztagdaily.com