կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-02-27 14:04
Սփյուռք

Հրապարակուեցաւ Հայ Դատի Առաջնահերթութիւնները Ամփոփող Գրքոյկը

Հրապարակուեցաւ Հայ Դատի Առաջնահերթութիւնները Ամփոփող Գրքոյկը

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային խորհրդաժողովին առիթով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրատարակած է իր ընդհանուր քաղաքականութիւնը, առաջնահերթութիւնները եւ ապահոված արդիւնքները ամփոփող գրքոյկ մը, որուն խորագիրն է՝ «ANCA360: Policy, Priorities, Results»։ Զայն կարելի է կարդալ աս կայքէջին վրայ։

Հայ Դատի ներկայացուցիչները այս առաջնահերթութիւնները քննարկեցին 23 Փետրուարին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ ունեցած իրենց հանդիպման ընթացքին։

Գրքոյկին մէջ տեղեկութիւններ կը տրուին Հայ Դատի զանազան վարժողական ծրագիրներուն մասին, որոնց գլխաւոր նպատակն է պատրաստել Հայ Դատի պաշտպան ապագայ սերունդ մը։

Մանրամասնութիւններ կը տրուին նաեւ Արցախի անկախութիւնը եւ ապահովութիւնը ե-րաշխաւորելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի համար ամերիկեան յաւելեալ ա-ջակցութիւն ապահովելու նպատակով տարուող աշխատանքներուն մասին։

Հայոց Ցեղասպանութեան գծով, Հայ Դատը կը շեշտէ, թէ Քոնկրեսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելէ ետք, այժմ շեշտը կը դրուի գործադիր իշխանութեան կողմէ եւս Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ դնել Անգարայի կողմէ տարուող ուրացման ջանքերուն։

Յատուկ տեղ տրամադրուած է նաեւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրը եւ տնտեսական կապերը զարգացնելու նպատակով նոր համաձայնագիրի մը գոյացման վրայ:

Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան անցեալ շաբաթ Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբին յանձնեց տեղեկագիր մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ առնուած էին այս առաջնահերթութիւնները։

horizonweekly.ca